Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Վրաստանի նախագահը։ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Վրաստանի նախագահը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիչվիլին

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հաղորդագրութիւնը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 18 յունիսին, Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիչվիլի ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիթրօ Փարոլինին հետ ընկերակցութեամբ պետութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Կալլակըրին։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն հանդիպումները տեղի ունեցան սիրալիր մթնոլորտին մէջ որուն ընթացքի քննարկուեցաւ երկկողմանի բարի յարաբերութիւնները , յատուկէն փոխ համագործակցութիւնը, մշակութային, գիտական, դաստիարակչական մարզերէն ներս ինչպէս նաեւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ նպաստը երկրին մէջ։

Ընդհանուր անդրադարձ կատարուած է քաղաքային եւ միջազգային հարցերուն, յատուկէն ուշադրութիւն ցուցաբերուած է մարդասիրական խնդիրներուն, ընդգծելով արդարութեան եւ ընկերային համերաշխութեան զարգացման կարեւորութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2021, 13:00