Միանմարի մէջ Միանմարի մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Միանմարի մէջ սրտաճմլիկ է տեղահանուածներու վիճակը. թող խաղաղութիւն հաստատուի»։

Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկսո Պապ յիշեց Միանմարի եպիսկոպոսներու կոչն ու գաղթականներու միջազգային օրը։ Միանմարի մէջ թող, որ եկեղեցիները , մզկիթները տաճարները, դպրոցներն ու հիւանդանոցները յարգուին իբրեւ գաղթականութեան վայրեր։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքին աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց նշելով, որ կը միանայ Միանմարի եպիսկոպոսներու ձայնին, որ անցեալ շաբաթ կոչ ըրին համայն աշխարհի ուշադրութիւնը գրաւելու հազարաւոր անձերու դժուարութիւններուն, որոնք Միանմարի մէջ տեղահանուած ու անօթի են։ «Մենք ամէն ազնուութեամբ կ՝աղաղակենք թոյլատրել մարդասիրական միջանցքներ, եւ եկեղեցիների , մզկիթները, տաճարներ, դպրոցներն ու հիւանդանոցները, յարգուին իբրեւ գաղթականութեան վայրեր։ Թող որ Քրիստոսի սիրտը դպչի բոլորին, խաղաղութիւն տարածելով Միանամարի մէջ։ ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշեց գաղթականներու միջազգային օրը։

«Այսօր կը նշուի Գաղթականութեան միջազգային օրը նախաձեռնուած Միացեալ Ազգերու կողմէ, «միասին կրնանք տարբերութիւն կատարել» նիւթով»։ Մեր սիրտերը բանանք գաղթականներուն, անոնց տխրութիւններն ու ուրախութիւնները մենք ապրինք, անոնց համարձակ դիմացկութեան քաջութիւնը սորվինք ըւ այսպէս ամէնքս միասին, աճեցնենք աւելի մարդկային հասարակութիւն, միակ մէկ մեծ ընտանիք։»
Ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա մաղթելով բարի կիրակի խնդրեց, որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։ Բարի Ճաշ եւ ցտեսութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/06/2021, 12:59