Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Քաղկէդոնի Մետրոպոլիտ Էմմանուէլը Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Քաղկէդոնի Մետրոպոլիտ Էմմանուէլը 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը։

«Այս տարին սուրբ Պետրոսի եւ Պօղոսի տօնը կը նշենք մինչ աշխարհը կը շարունակէ պայքարիլ դուրս գալու համաճարակի պատճառած տագնապէն։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 28 յունիսին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Մետրոպոլիտդ Էմմանուէլին, որ հռոմ Ժամանած են ներկայ գտնուելու Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին ծիսական արարողութեան։

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ ամէն տարի տեղի ունեցած Սուրբ Աթոռի եւ Տիեզերական պատրիարքութեան պատուիրակութիւններու փոխ այցելութիւններուն սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առիթով, շնորհակալութիւն յայտնելով Բարթողոմէոս պատրիարքին եւ Սուրբ Սինոդի, պատրիարքութեան պատուիրակութեան այցելութեան համար։։

«Այս տարին սուրբ Պետրոսի եւ Պօղոսի տօնը կը նշենք մինչ աշխարհը կը շարունակէ պայքարիլ դուրս գալու համաճարակի պատճառած տագնապէն։ ըսաւ Նորինն Սրբութիւն աւելցնելով որ այդ տագնապին աւելի մեծ կայ՝ երբ այդ եղելութենէն դուրս կու գանք առանց դաս մը քաղելու ։

Բնականոն կեանքի վերադառնալու փափաքը կրնայ թաքցնել շահի եւ սեփական շահերու, սովորութիւններու եւ ծրագիրներու վրայ հիմնուելու սխալ համոզումները, առանց նկատի առնելու անարդարութիւնները, աղքատներուն ճիչերը, եւ մեր երկրագունդին առողջապահութիւնը։

Ամէն Ճգնաժամ հրաւէր է ընտրութիւն եւ զատորոշում կատարելու ու կանգնելու՝ հսկելու համար մեր գործած աշխատանքներուն վրայ։ Սուրբ Պօղոս կ՝ուսուցանէ թէ այն ինչ որ յաւերժ կը մնայ այն սէրն է որովհետեւ ամէն ինչ անցողական է մինչ եղբայրսիրութիւնը երբեք ՝չաւարտիր։ Վստահ ռոմանթիք սէրին մասին չէ խօսքը, այս սէրը, որ կը հիմնուի զգացումներու եւ փափաքներու վրայ, շօշափելի սիրոյ մասին է որ ապրուած է Յիսուսի ձեւով։ «Սերմին սէրն է, որ կեանք կու տայ՝ հողին մէջ մեռնելով, որ պտուղ կու տայ մահանալով։ Ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա շարունակելով խօսիլ կեանքինն տագնապները յաղթահարելու մասին նշեց թէ տագնապին լուրջ կերպով անդրադառնալու համար, քրիստոնեաները յարկէ են հարց տալ թէ ինչ ձեւով պէտք է յառաջ ընթանալ։ Ամէն տագնապ կը բանայ երկու ուղիներ, երկընտրանք կը ստեղծէ, առաջինը՝ անձնական շահերը եւ հնարաւորութիւնները որոնել, երկրորդը բացութիւնն է ուրիշներուն նկատի առնելով վտանգները, յատուկէն Աստուծոյ շնորհած պարգեւներու պտուղները։

Սիրելի եղբայրներ ժամանակ հասած է Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ նոր թափ տալու մեր ուղեւորութեան, յաղթահարելու համար հին նախապաշարումները ։Պիտի չկարենանք ձեռքբերել եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւններու նոր թափ մը առանց անտեսելու տարբերութիւնները, որոնք կը վերացուին երկխօսութեան միջոցաւ։ Եթէ հնազանդ գտնուինք սիրոյ եւ սուրբ Հոգիին, որ Աստուծոյ ստեղծարար սէրն է եւ համերաշխութիւն կը դնէ տարբերութիւններու մէջ, մեր միջեւ պիտի բանայ նոր ուղիներ վերանորոգուած եղբայրութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր պատգամը դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով պատուիրակութեան այցելութեան համար։ Ապա խնդրեց որ իր ողջոյնները փոխանցեն Տիեզրական Պատրիարքին, իմ սիրելի եղբօր, որուն այցելութեան կը սպասէ յառաջիկայ հոկտեմբեր ամիս, պատրիարք ընտրութեան 30-րդ տարեդարձին առիթով։

Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերուն բարեխօսութիւնը հայցելով եւ խնդրելով Ամենակալ եւ ողորմած Աստուծոյ օրհնութիւնը ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2021, 11:45