Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Աղօթքը անձնական հանդիպում է Աստուծոյ հետ։»

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Պիոս ԺԱ» անուան դպրեվանքի հասարակութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 10 յունիսին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ Մարքէ մարզի «Փիոս ԺԱ» անուան դպրեվանքի հասարակութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը նկատել տալով, որ սոյն հանդիպումը տեղի կ՝ունենայ Սուրբ Յովսէփի նուիրուած տարուան ընթացքին խօսքը կեդրոնացուց սուրբ Յովսէփին վրայ ըսելով, որ ինք շատ կը փափաքի որ դպրեվանքը նմանի Նազարէթի ընտանիքին, ուր Յիսուսը ընկալուեցաւ, պաշտպանուեցաւ եւ կազմաւորուեցաւ՝ ի տես Հօր կողմէ Յիսուսի վստահուած առաքելութեան։

«Աստուծոյ Որդին թոյլատրեց, որ սիրուի եւ առաջնորդուի մարդկային ծնողաց կողմէ ՝ Մարիամի, ու Յովսէփին ձեռքերով, մեզի սորվեցնելով որ առանց համեստութեան չէ կարելի աճիլ եւ հասուննալ»։
ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով
որ Սուրբ Յովսէփի դիմագիծը ամենէն գեղեցիկ տիպարն է, որմէ կը ներշնչուին դաստիարակները նորընծաները կազմաւորելու ու անոնց կոչումը պաշտպանելու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց դաստիարակներուն վրայ, նշելով որ երիտասարդներուն առաջին դաստիարակներն են մեծաւորը, հոգեւոր հայրը ու բոլոր կրթիչները, քաջալերելով զանոնք նմանիլ Սուրբ Յովսէփին։

Նորընծաները, երիտասարդները , շատ աւելի բաները կը սորվին դաստիրակներուն կեանքէն քան անոնց խօսքերէն, ինչպէս պատահեցաւ Նազարէթի տան մէջ, ուր Յիսուս սորվեցաւ Սուրբ Յովսէփի ստեղծարար քաջութեան դպրոցէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը ուղղելով նորընծաներուն խնդրեց որ իրենց տունը նմանի Նազարէթի տան, ուր Աստուծոյ Որդին իր ծնողքէն սորվեցաւ մօտիկութիւն ու մարդկութիւնը ու չ՝դառնան միայն ընկերային ցանցերուն մասնագէտներ՝ հաղորդելու համար , այլ փոխակերպուին Աստուծոյ խօսքէն հաղորդել կարենալու համար կեանքի խօսքը։

«Աշխարհը ծարաւը ունի քահանաներուն, որ ի վիճակի են հաղորդել Տիրոջ բարութիւնը անոր, որ ապրեցաւ մեղքն ու ձախողութիւնը, աշխարհը կարիքը ունին մարդկութեան մասնագէտ քահանաներուն, հովիւներուն որոնք պատրաստ են կիսել ուրախութիւններն տառապող եղբայրներուն։

Անդրադառնալով դպրեվանքին ,Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ դպրեվանքը պէտք չէ որ նորընծաները հեռացնէ իրականութենէն, վտանգներէն, ընդհակառակը նորընծաները անհրաժեշտ է դարձնէ աւելի մօտիկ Աստուծոյ ու եղբայրներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդգծեց կազմաւորման ծիրէն ներս չորս կարեւոր յատկութիւններ՝ մարդկային, հոգեւորական մտաւորական եւ հովուական ծառայութեան յատկութիւնները։
Յորդորեց նորընծաները, որ կեանքի դժուար պահերուն , չփակուին իրենց ներքին դժուարութիւններուն ներքեւ ու ամբողջ անկեղծութեամբ բացուին իրեն դաստիարակներուն , մշակել մաքուր, ուրախ եւ ազատ յարաբերութիւններ։

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց որ Հոգեւորականութիւնը, աղօթքի ծիսականութիւն չէ, այլ անձնական հանդիպում է Աստուծոյ հետ, երկխօսութիւն եւ վստահութիւն Անոր հետ։ դարձէք հիմակուանէ աշխարհի բարեխօսները ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով որ
քահանաները եղած են Աստուծոյ ժողովուրդին ծառայելու համար, ամոքելու համար շատերուն վէրքերը, յատուկէն աղքատներունը Աստուծոյ այո կը կայանայ ծառայելու ուրիշներու մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց Հայցելով Սուրբ Յովսէփի եւ Տիրամօր հովանին, ապա առաքելական օրհնութիւնը տալով խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2021, 11:05