«Շրջակայ միջավայրի» համաշխարհային օր «Շրջակայ միջավայրի» համաշխարհային օր 

«Կարիքը ունինք կեանքի ապրելաոճը փոխակերպող մարդկային համապարփակ բնապահպանութեան». Ֆրանչիսկոս Պապ

Յունիսի 5-ին կը նշուի ՄԱԿ-ի կողմէ հռչակուած «Շրջակայ միջավայրի» համաշխարհային օրը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Ամէն տարի Յունիսի 5-ին կը յիշատակուի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ 1972-ի Գլխաւոր Ժողովի 27-րդ նստաշրջանի ընթացքին սահմանուած «Շրջակայ միջավայրի» համաշխարհային օրը։

Օրը բոլոր բնապահպաններուն եւ բնապահպանական կազմակերպութիւններուն համար առիթ ու միջոց է,  համաշխարհային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու` շրջակայ միջավայրի խնդիրներուն վրայ, ինչպէս նաեւ խթանելու շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեանն ուղղուած համապատասխան գործողութիւններուն նկատմամբ քաղաքական հետաքրքրութիւնը։

Յունիսի 5-ը՝ ընտրուած է նկատի առնելով 1972-ի յունիսի 5-ին մարդուն շրջապատող միջավայրի խնդիրներուն ուղղուած Սթոքհոլմի գիտաժողովի աշխատանքներու մեկնարկին օրը (Stockholm Conference on the Human Environment):

Օրուայ տօնակատարութիւնը նպատակ ունի իւրաքանչիւր մարդու մէջ արթնցնելու շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան նպաստելու ցանկութիւնը:

Շրջակայ միջավայրին պաշտպանութեան նուիրուած օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հաստատեց` թէ «Կարիքը ունինք մարդկային համապարփակ բնապահպանութեան որ փոխակերպէ մեր կեանքի ապրելաոճը ու փոխէ նաեւ մեր Երկրին կենսամիջոցներուն հետ յարաբերութիւնը» եւ այս մէկը «ներգրաւէ ոչ միայն բնապահպանական խնդիրները, այլ մարդը իր ամբողջութեամբ, պատասխանելով աղքատներու ճիչին» աւելցուց Նորին Սրբութիւնը #WorldEnvironmentDay հաշդակով հրապարակած իր թուիթին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2021, 11:30