Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Աւստրիոյ հանրապետութեան նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Աւստրիոյ հանրապետութեան նախագահը 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Աւստրիոյ հանրապետութեան նախագահ տիար Ալէքսանտեր Վան Տէր Պելենը։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 7 յունիսին, Վատիկանի առաքելական պալատէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Աւստրիոյ հանրապետութեան նախագահ տիար Ալէքսանտեր Վան Տէր Պելենը։ Նախագահը ապա հանդիպեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթռօ Փարոլինին հետ ընկերակցութեամբ այլ պետութիւններու յետ յարաբերութեան քարտուղար, Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալակերին։ Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի նաեւ որ հանդիպումները տեղի ունեցած են սիրալիր մթնոլորտին մէջ, որոնց ընթացքին ուրախութեամբ արտայայտուած են Սուրբ Աթոռի եւ Աւստրիոյ միջեւ բարի յարաբերութիւններու գծով։

Անդրադարձ կատարուած է, թէ Եւրոպական, թէ միջազգային աշխարհաքաղաքական խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ դերակատարութեան՝ զօրակցութեան զարգացման գծով՝ խաղաղութեան, տիեզերական եղբայրութեան, արարչագործութեան խնամքին սատարման ի խնդիր։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2021, 14:57