Քահանայպետը ունկնդրութիւն շնորհեց ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարին Քահանայպետը ունկնդրութիւն շնորհեց ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարին 

ԱՄՆ-ի Պետական Քարտուղար Պլինքընի այցը Վատիկան։

Ունկնդրութիւնը տեղի ունեցաւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ եւ տեւեց 40 վայրկեան
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէսօ Պրունի լրագրողներուն ուղղած հարցումին պատասխանելով նշեց թէ այսօր առաւօտեան ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Անթոնի Ճոն Պլինքընին Քահանայապետին շնորհած ունկնդրութիւնը տեղի ունեցաւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ։ Ան տեւեց 40 վայրկեան եւ Քահանայապետին համար հանդիսացաւ առիթ` յիշելու համար 2015-ին Միացեալ Նահանգներ կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը եւ իր սէրը արտայայտելու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին։

Տիար Մաթթէօ Պրունի հրապարակած այլ մէկ հաղորդագրութեամբ նշուեցաւ ապա թէ Պաշտպան Սուրբերու Փոխ այցելութիւններու աւանդական շրջագիծէն ներս – 29 Յունիսին Հռոմ, Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ եւ 30 Նոյեմբերին Իսթանպուլ Սուրբ Անդրէասի տօնին օրը - Հռոմ ժամանած է Կ. Պոլսոյ պատրիարքութիւնէն պատուիրակութիւն մը զոր կը գլխաւորէ Քաղկեդոնի Մետրոպոլիտ Էմմանուէլը։ Պատուիրակութիւնը այսօր հանդիպում ունեցաւ Սրբազան Պապին հետ որմէ ետք հանդիպում կայացաւ նաեւ Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Քահանայապետական Խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ։ Պատուիրակութեան անդամները վաղը` 29 յունիսին պիտի մասնակցին Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահած Սուրբ պատարագին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2021, 12:18