Ֆրանչիսկոս Պապն ու Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը Ֆրանչիսկոս Պապն ու Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը 

Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց Պենետիկտոս ԺԶ-ի քահանայ ձեռնադրութեան 70 ամեակը։

Շնորհակալութիւն Պենետիկտոս, շնորհակալութիւն քու հաւատալի վկայութեանդ համար։ Շնորհակալութիւն քու հայեացքիդ համար, որ շարունակական կերպով ուղղուած է Աստուծոյ հորիզոնին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 29  Յունիսին արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց՝ թէ «այսօր կը յիշատակուի տարեդարձ մը, որ կը դպչի մեր բոլորի սրտին. 70 տարիներ առաջ, Պենետիկտոս ԺԶ քահանայ կը ձեռնադրուէր»։

«Քեզի Պենետիկտոս սիրելի հայր եւ եղբայր, կը նուիրենք մեր սէրը, մեր երախտագիտութիւնը եւ մեր մօտիկութիւնը։ Ինք կ՛ապրի վանքին մէջ, վայր մը, որ կը ծառայէ հիւրընկալելու համար հայեցողական կեանքի հասարակութիւնները Վատիկանի մէջ, որպէսզի աղօթեն Եկեղեցւոյ համար։ Առ այժմ ինքն է Վատիկանի հայեցողականը, որ իր կեանքը կը նուիրէ աղօթելով Եկեղեցւոյ եւ Հռոմի Թեմին համար, որուն վաստակաւոր Եպիսկոպոսն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Ան ապա շարունակեց «Շնորհակալութիւն Պենետիկտոս, շնորհակալութիւն քու հաւատալի վկայութեանդ համար։ Շնորհակալութիւն քու հայեացքիդ համար, որ շարունակական կերպով ուղղուած է Աստուծոյ հորիզոնին։ Շնորհակալութիւն» յարեց Նորին Սրբութիւնը հուսկ ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակ ժամանած ուխտաւորները ու յատկապէս Հռովմէացիները որոնք կը յիշատակեն իրենց քաղաքի պաշտպան սուրբերու տօնը։

Մաղթանք Հռոմ քաղաքի համար

Կ՛օրհնեմ ձեզ սիրելի Հռովմէացիները ու ամէն բարիք կը մաղթեց Հռոմ քաղաքին որ շնորհիւ ձեր բոլորի յանձնառումին ըլլայ հիւրընկալ եւ բնակելի, ուր ոչ մէկը բացառուած ըլլայ, ուր մանուկներն ու տարեցները խնամուած ըլլան, ուր աշխատանք ըլլայ  բոլորին համար ու այդ մէկը ըլլայ արժանավայել եւ ուր աղքատները ու վերջինները ըլլան քաղաքական եւ ընկերային ծրագիրներուն կեդրոնը։

«Կ՛աղօթեմ ասոր համար եւ դուք սիրելի Հռոմի հաւատացեալներ աղօթեցէք ձեր Եպիսկոպոսին համար» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հրաժեշտ առնելով բոլոր ներկաներէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/06/2021, 12:45