«Բարին կ՛աճի թաքուն ե անտեսանելի կերպով». Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 13 Յունիս 2021-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն գլխաւորեց Կիարկնօրեայ Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած աւանդական խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած օրուան Աւետարանական հատուածին վրայ (Մարկոս 4, 30-34), ուր Յիսուս կը խօսի Աստուծոյ Արքայութեան մասին զայն նմանեցնելով Մանանեխի հատիկին։
Ամենօրեայ իրականութիւնը առակներու ընդմէջէն
«Առականեր ներշնչում կը քաղեն բնական կեանքէն ու կը բացայայտեն Յիսուսի ուշադիր եւ խոր հայեացքը, որ կը իրականութիւնը կը դիտէ առօրեայի փոքր պատկերներու միջոցաւ» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով որ՝ «Յիսուս առակներու միջոցաւ մեզի կը սորվեցնէ թէ ամենօրեայ իրականութիւնները, անոնք որոնք յաճախ միեւնոյնը կը թուին, բնակուած են Աստուծոյ թաքուն ներկայութեամբ»։
Մանանեխի հատիկը
«Յիսուս առակին մէջ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը նմանեցնէ մանանեխի հատիկին, որ սերմերուն ամենափոգրագոյնն է, սակայն երբ հողին մէջ կը ցանենք զայն կ՛աճի ու կը դառնայ բոլոր բանջարներուն մեծագոյնը։ Աստուած մեր կեանքին մէջ կը գործէ նման այն մանանեխի հատիկին» յարեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ «Բարին կ՛աճի միշտ հեզութեան մէջ, թաքուն եւ յաճախ անտեսանելի կերպով»։
Աստուծոյ վստահիլ
«Յիսուս այս առակով կ՛ուզէ մեր մէջ դրոշմել վստահութիւն։ Կեանքի բազմաթիւ պարագաներուն մէջ մենք յուսալքումի կը մատնուինք, որովհետեւ կը նկատենք չարին զօրութեան դիմաց բարիին տկարութիւնը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով յուսահատութեան՝ որուն կը մատնուինք «երբ տեսնենք թէ արդիւնքներ չկան»։
«Այս իրողութեան դիմաց Աւետարանը մեզմէ կը խնդրէ տարբեր ակնարկ մը ունենալ, մեզմէ կը խնդրէ նոր հայեացք մը, աւելի մեծ աչքեր, որոնք գիտեն տեսնել աւելի անդին, բացայայտելու համար Աստուծոյ ներկայութիւնը, որ խոնարհ սիրով յարատեւօրէն կը գործէ մեր կեանքի ու պատմութեան հողին մէջ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով, որ «Այս վստահութիւնն է, որ մեզի ուժ կը պարգեւէ, որպէսզի ամէն օր յառաջ ընթանանք, բարիք սերմանելով»։
Կը գտնուինք Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ
Քահանայապետին համար այս մէկը «շատ կարեւոր է դուրս գալու համար նաեւ համաճարակէն», մշակելով վստահութիւնը, թէ կը գտնուինք Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ։
Սրբազան Պապը ակնարկեց ապա եկեղեցւոյ մէջ գոյութիւն ունեցող յուսահատութեան ցեցին, «մասնաւորապէս երբ ականատես կ՛ըլլանք հաւատքի տագնապին կամ ձեռնարկներու եւ ծրագիրներու ձախողութիւններուն» ըսաւ Ան հրաւիրելով երբեք չի մոռնալ, որ արդիւնքները մեր կարողութիւններէն կախեալ չեն» ու հաստատելով, որ անոնք «կախեալ են Աստուծոյ գործէն»։
Աստուծոյ հետ կայ միշտ նոր ծիլերու յոյսը
«Մեզի կ՛իյնայ սերմանել, սիրով, յանձնառութեամբ եւ համբերութեամբ, սերմին զօրութիւնը աստուածային է, ան կ՛աճի տիւ եւ գիշեր ու ծիլ կու տայ ու սերմնացանը չի գիտեր թէ ինչպէս» նշեց հուսկ Սրբազան Պապը հաստատելով որ «Նոյնիսկ ամենաչոր հողերուն մէջ, Աստուծոյ հետ կայ միշտ նոր ծիլերու յոյսը»։ Ան ապա խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյսին բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզի սորվեցնէ «տեսնել Աստուծոյ մեծութիւնը, որ կը գործէ նոյնիսկ ամենափոքր բաներուն մէջ» եւ «յաղթահարել յուսալքութեան փորձութիւնը ամէն օր վստահելով Աստուծոյ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ