Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ Պատրիարքներուն. «Եղէք հաւատքին վկաներն ու պահապանները»։

«Այսօրուան ձեր համախմբումով սրտերը կը պատրաստէք յառաջիկայ մէկ Յուլիսին Վատիկանի մէջ կայանալիք ժողովին, Մայրիներու Երկրի Եկեղեցիներու բոլոր հովուապետերու հետ միասին»։
Ունկնդրէ Լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սուրբ Ընտանիքին նուիրուիլը ձեզմէ իւրաքանչիւրը կը հրաւիրէ վերագտնելու, եւ որպէս անհատներ և որպէս հասարակութիւն Մերձաւոր Արևելքի մէջ քրիստոնեայ ըլլալու ձեր կոչումը, ոչ միայն պահանջելով ձեր իրաւունքներու արդար ճանաչումը որպէս այդ սիրեցեալ հողին բնիկ քաղաքացիներ, այլ  ապրելով ձեր առաքելութիւնը որպէս պահապաններ և առաջին առաքելական ծագման վկաները»։ Այսպէս կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը  Կիրակի 27 Յունիս 2021-ին հրապարակուած Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ Պատրիարքներուն յղած մէկ նամակին մէջ,  որուն սկիզբը ան կը յայտնէ թէ ուրախութեամբ ընկալեց հրաւէրը իրենց միանալու այս յատուկ օրուան առթիւ, ուր անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր հաւատացեալներուն հետ միասին պիտի մատուցէ Սուրբ Պատարագը Տիրոջմէ հայցելու համար խաղաղութիւն Միջին Արեւելքին ու զայն նուիրելու Սուրբ Ընտանիքին։

Միջինք Արեւելք առաքելական ճամբորդութիւններ ու աղօթքներ

«Յիսուս, Յովսէփն ու Մարիամը լաւապէս կը ներկայացնեն ձեր ինքնութիւնն ու ձեր առաքելութիւնը», վայրի մը մէջ ուր «ի յայտ եկան քաղաքակրթութիւններ, գերիշխանութիւններ, որոնք ծաղկեցան ապա տապալեցան» կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը վերյիշելով Միջին Արեւելք կատարած իր առաքելական ճամբորդութիւնները  որոնցմէ վերջինը եղաւ Իրաքը, ինչպէս նաեւ յիշելով իր աղօթքի հրաւէրները յատկապէս Լիբանանին եւ Սուրիոյ համար ապա նշեց թէ հակառակ ամէն բանի «Աստուծոյ Խօսքը շարունակեց մնալ որպէս ճրագ, որ լուսաւորեց ու կը շարունակէ լուսաւորել մեր բոլորին քայլերը»։

Սրտերը պատրաստել մէկ Յուլիսի հաւաքին

Քահանայապետը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Պատրիարքներուն, որովհետեւ,  «այսօրուան ձեր համախմբումով սրտերը կը պատրաստէք յառաջիկայ մէկ Յուլիսին Վատիկանի մէջ կայանալիք ժողովին, Մայրիներու Երկրի Եկեղեցիներու բոլոր հովուապետերու հետ միասին»։

Սրտերուն դաշտի ակօսները թող ջրուին ոչ թէ ատելութեամբ այլ Հոգիի ձողով

Սրբազան Պապը հուսկ կը թելադրէ  թոյլ չտալ յագենալ ատելութեամբ թունաւորուած առուակներէն այլ թողուլ որ սրտերուն դաշտի ակօսները ջրուին Հոգիի ձողով այնպէս ինչպէս ըրին այդ եկեղեցիներուն սուրբերը ըլլան անոնք ղպտի, մարոնիդ, մելքիդ, ասորի, հայ, քաղդէացի եւ լատին։

Ապրիլ մարդկային եղբայրութեան մարգարէութիւնը

«Խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի, ձեզի կը թողում խաղաղութիւնը» ըսաւ Յարուցեալ Տէրը իր աշակերտներուն, որոնք տակաւին վախի մէջ կ՛ապրէին վերնատան մէջ Զատիկէն ետք։ Ես ալ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր վկայութեան համար ու ձեր հաւատքի յարատեւողականութեան համար ու կը հրաւիրեմ ապրիլ մարդկային եղբայրութեան մարգարէութիւնը, որ եղաւ կեդրոնը Ապու Տապիի եւ Նաժաֆի հանդիպումներուն ինչպէս նաեւ կորիզը իմ « Fratelli Tutti» շրջաբերականին» կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը նամակին աւարտին հրաւիրելով նաեւ որ անոնք ըլլան «իրենց երկիրներուն աղը, համ տալով ընկերային կեանքին ու սատարելով կառուցելու հասարակաց բարիքը, ըստ  Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութեան սկզբունքներուն»։

Սրբազան Պապը նամակը կ՛եզրափակէ իր առաքելական օրհնութիւնները փոխանցելով բոլորին ու աղօթք խնդելով  իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2021, 10:00