Տօն Մարմնոյ եւ Արեան Յիսուսի։ Տօն Մարմնոյ եւ Արեան Յիսուսի։  

Տօն Մարմնոյ եւ Արեան Յիսուսի։ Կիարկի օր Քահանայապետական պատարագ ս. Պետրոսի մայր տաճարին մէջ։

Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը, ժամանակին կոչուած էր ''Աստուծոյ Տօն'' եւ առաջին անգամ կատարուեցաւ Պելկիոյ մէջ 1246-ին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 3 Յունիսին՝ Եկեղեցին կը յիշատակէ Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան, Ամենասուրբ Հաղորդութեան տօնը, որ հաստատուած է նոյնինքն Յիսուս Քրիստոսի կողմէ, երբ Աւագ Հինգշաբթի գիշեր, իր աշակերտներուն հետ ունեցած վերջին ընթրիքի ժամանակ, Ան հաց առաւ, օրհնեց, բեկանեց, յետոյ աշակերտներուն բաժնելով ըսաւ. «Արէք, Կերէք, ասիկա իմ մարմինս է»։ Յետոյ բաժակը առաւ, գոհութիւն յայտնեց, տուաւ աշակերտներուն ըսելով. «Խմեցէք ամէնքդ, ասիկա իմ Արիւնս է. Արիւնը Ուխտին, թափուած բազմութեան մեղքերուն համար»։

Յիսուսին նուիրումը

Յիսուս մեզ սիրեց ի սպառ (Յովհ. 13,1): «Եթէ չուտէք մարդու Որդիին մարմինը եւ չըմպէք անոր արիւնը ձեր մէջ կեանք պիտի չունենաք: Ով որ կ՛ուտէ իմ մարմինս եւ կը խմէ իմ արիւնս, յաւիտենական կեանք կ՛ունենայ եւ ես անոր վերջին օրը յարութիւն պիտի տամ, քանի որ իմ մարմինը ճշմարիտ կերակուր է եւ իմ արիւնս ճշմարիտ ըմպելիք», Յովհ, 6, 54-55: «Ով կ՛ուտէ իմ մարմինս եւ կը խմէ իմ արիւնս, կը բնակի իմ մէջս եւ ես՝ անոր մէջ», Յովհ. 6, 57:

Ահա այս է հաղորդութիւնը՝ միանալ, հաղորդութիւն հաստատել Տիրոջ հետ: Առանց Տիրոջ Մարմինին ու Արեանը մենք ի վիճակի չենք հասկանալու Տիրոջ խօսքն ու կամքը, որովհետև Սուրբ հաղորդութեամբ է որ մենք Տիրոջ Խօսքը կ՛ընդունինք մեր մէջ։

Սուրբ Պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ

Յիսուսի Մարմոյ եւ Արեան տօնին առթիւ յառաջիկայ կիրակի 6 Յունիսին Սուրբ Պետրոսի մէջ պիտի մատուցուի Քահանայապետական Սուրբ Պատարագ որուն աւարտին նախատեսուած է Սուրբ Հաղորդութեան Երկրպագութիւնը եւ օրհնութիւնը։

Տօնին ծագումը

Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը, ժամանակին կոչուած էր ''Աստուծոյ Տօն'' եւ առաջին անգամ կատարուեցաւ Պելկիոյ մէջ 1246-ին։ Ուրպանիոս Քահանայապետի օրով` 1264-ին, ան հաստատուեցաւ որպէս համայն եկեղեցւոյ մէջ տօնախմբուած օր։ Գրիգոր ԺԳ քահանայապետի օրով (1572-1585) սկիզբ առաւ տօնին առթիւ թափօր կատարելու աւանդութիւնը` Հռոմի Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքայէն մինչեւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքա։ 1870-ին սոյն աւանդական թափօրի սովորութիւնը դադրեցաւ` եւ միայն 1979-ին է որ Յովհաննէս Պօղոս Բ սուրբ քահանայապետը զայն վերահաստատեց։

Ֆրանչիսկոս Պապին փոփոխութիւնները

Ֆրանչիսկոս Պապը 2017-ին որոշեց տօնակատարութիւնը փոխադրել կիրակի օրուայ, եւ այդ որոշումի հետեւանքով 2018-ին Քահանայապետը տօնի Սուրբ Զոհը մատուցեց Հռոմի ծովեզերեան Օսթիա շրջանին մէջ, հետեւելով Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետի հետքերուն։ 2019-ին տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Քազալ Պերթոնէ շրջանի Մխիթարիչ Սուրբ Կոյս Աստուածանայ եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ 2013-էն մինչեւ 2017 Սրբազան Քահանայապետը շարունակելով իր նախորդներուն աւանդութիւնը, այդ պատարագները մատուցած էր Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի Մայր տաճարին մէջ, որմէ ետք գլխաւորած էր նաեւ Սուրբ Հաղորդութեան թափօրը, որ մեկնելով Սուրբ Յովհաննէսի տաճարէն կը հասնէր մինչեւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքա։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2021, 11:25