Վերակազմել մեզ շրջապատող վնասուած աշխարհը կը նշանակէ վերակազմել մենք զմեզ. Ֆրանչիսկոս Պապ։

Բնապահպանութեան համակարգի վերականգնման ՄԱԿ-ի տասնօրեակի մեկնարկի առթիւ Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը ուղղած է ՄԱԿ-ին, որուն տեսերիզի միջոցաւ ընթերցումը կատարեց Կարդինալը Փարոլինը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ստեղծագործութեամբ եւ քաջութեամբ այնպէս ընենք, որ դառնանք «վերականգնումի սերունդ» բնապահպանական համակարգերու նկատմամբ։ Վերականգնել մեր վնասած բնութիւնը, կը նշանակէ առաջին հերթին վերականգնել մենք զմեզ»։ Այս է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յորդորը պարունակուած պատգամի մը մէջ, որուն ընթերցումը տեսերիզի միջոցաւ, կատարեց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը եւ որ ուղղուած է ՄԱԿ-ի բնապահպանութեան ի նպաստ ծրագրի գործադիր տնօրէն Ինկէր Անտէրսընի եւ ՖԱՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Քն Տոնկիի։

Պատգամին հայեացքը ուղղուած է վաղը յիշատակուող Բնութեան Միջազգային օրուան, որ այս տարի ունի յատուկ նշանակութիւն, որով մեկնարկը կը կատարուի Բնապահպանութեան համակարգի վերականգնման ՄԱԿ-ի տասնօրեակին։

Քիչ ժամանակ ունինք, կասեցնենք կործանումը

«Մեզի կը մնայ շատ քիչ ժամանակ վերականգնելու համար բնապահպանական համակարգը» կը յայտնեն գիտնականները, ուստի կարեւոր է յանձնառու ըլլալ եւ խտացնել ջանքերը ներդրում կատարելով բնապահպանութեան ապականումը կասեցնելու համար։ «Մեզի ու ապագայի սերունդներուն կը սպառնան, ջրհեղեղները, անօթութիւնն ու հետեւանքներ» որոնց համար հարկաւոր է «հոգ տանիլ մէկը միւսին ու յատկապէս մեր միջեւ տկարներուն»։ Անարդար եւ իմաստութենէ պակաս է շարունակել մարդուն կողմէ բնութեան կործանումի ճանապարհը։ Այս գաղափարները մատնանշուած են Քահանայապետին պատգամին մէջ ուր ապա կոչ կ՛ուղղուի անյապաղ միջամտելու` որպէսզի միշտ աւելիով պատասխանատու մատակարարներ դառնանք, նաեւ յետագայ սերունդներուն նկատմամբ։

Ճգնաժամը ճգնաժամ կը յառաջացնէ

Մեր շուրջը նայելով կ՜անդրադառանք որ ճգնաժամը ճգնաժամ կը յառաջացնէ, բնութեան կործանում, այպէս ինչպէս «ընդհանուր համաճարակը կը յառաջացնէ միլիոնաւոր մարդոց մահը»։ Սակայն մեր այսօրուայ տնտեսական համակարգերու որոշ երեւոյթները եւս կը յառաջացնեն ծանր հետեւանքներ մարդկային հասարակութիւններուն վրայ։ Ուստի բազմաթիւ են «ազդակ»ները, որոնք մեզ կը մղեն դիմելու հրատապ գործողութիւններու որոնց շարքին նաեւ կարելի չէ չի նշմարել «Քովիտ19ն ու համաշխարհային ջերմութեան բարձրացումը» կը նշուի միշտ Քահանայապետական պատգամին մէջ ուր ապա մաղթանք կը յայտնուի, որ կլիմայական փոփոխութիւններուն հայող COP26ը, որ տեղի պիտի ունենայ Կլազկով քաղաքին մէջ, յառաջիկայ նոյեմբերին, կարող ըլլայ առաջարկելու արդար պատասխաններ։ Մինչ հարկաւոր է նաեւ միջամտել տնտեսական համակարգերուն վրայ վերատեսելով ներկայ զարգացումի պայմանները եւ նկատի ունենալով որ «բնապահպանական համակարգին ապականութիւնը յստակ արդիւնքն է տնտեսութեան սխալ գործառոյթին»։

Տակաւին կայ յոս մը

Սակայն հակառակ այս բոլոր մտահոգիչ իրականութիւններու տակաւին կայ յոյս մը։ Կարելի է արհեստագիտութիւնը կողմնորոշել դէպի աւելի առողջ առաջընթաց։ Այս ուղղութեամբ ականատես ենք Պետութիւններու, իշխանութիւններուն եւ քաղաքացիներուն նոր յանձնառումին, խթանելու համար համապարփակ բնապահպանութիւնը։ Այս բոլորի բանալի բառը «բազմաոլորտային» հասկացողութիւնն է, որ կը պահանջէ երկարաժամկէտ տեսլական մը, ընդգծելով նաև «աղքատներուն բնական արդարութեան նկատմամբ հոգատարութեան, ընկերութեան հանդէպ յանձնառումի և ներքին խաղաղութեան» միջեւ անբաժանելիութիւնը, նշուած է Քահանայապետի ուղերձին մէջ որուն աւարտին Ան կոչ կ՜ուղղէ իւրաքանչիւրին ըլլալու պատասխանատու իրենց, իրենց մերձաւորի, արարչութեան եւ Արարիչին նկատմամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2021, 15:59