Լուսահոգի Կարդինալ Քորնելիուս Սիմ Լուսահոգի Կարդինալ Քորնելիուս Սիմ 

Կարդինալ Սիմը եղաւ Աւետարանի հաւատարիմ ծառայ» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Կարդինալ Սիմ իր հոգին աւանդեց առ հայր ծանր հիւանդութեան մը դէմ պայքարէ մը ետք որուն բերումով անցեալ 8 մայիսէն ի վեր ան կը գտնուէր Թայուանի հիւանդանոցին մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 29 մայիս թուակիր հեռագիրով մը Սրբազան Քահանայապետը իր ցաւակցութիւնները յայտնեց Կարդինալ Քորնելիուս Սիմի մահուան առթիւ։ Ան Կարդինալ ստեղծուած էր անցեալ տարի բայց Քովիտ19 համաճարակի պատճառաւ չէր կարողացած մասնակցիլ 28 Նոյեմբեր 2020-ին Վատիկանի մէջ կայացած Կարդինալական Ժողովին ու կարդինալական տիտղոսի տուչութեան արարողութեան։

Կարդինալ Սիմ իր հոգին աւանդեց առ հայր ծանր հիւանդութեան մը դէմ պայքարէ մը ետք որուն բերումով անցեալ 8 մայիսէն ի վեր ան կը գտնուէր Թայուանի հիւանդանոցին մէջ։

Աւետարանի անխոնջ ծառայ

Ան եղած է Աւետարանի անխոնջ ծառան։ Պրունէյի մէջ ստանձնած է առաքելական փոխանորդութեան առաջին պատասխանատուի պաշտօնը։ Քահանայ ձեռնադրուած է 38 տարեկանին։ 1997ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ զինք կ՛անուանէ Պրունէի Սուլթանութեան առաքելական հոգաբարձութեան ղեկավարը, մինչ 2005-ին կ՛ընդունի եպիսկոպոսական օծումը։

Կարդինալ Սիմի մահուան առթիւ յղած իր հեռագիրին մէջ Քահանայապետը երախտագիտութիւն կը յայտնէ Անոր Աւետարանի հաւատարիմ վկայութեան համար եւ Պրունէյի Եկեղեցւոյ ու Սուրբ Աթոռին ի սպաս Անոր վեհանձն ծառայութեան համար, միանալով 70 ամեայ Ծիրանաւորի մահը գուժով բոլոր հաւատացեալներու աղօթքներուն։

Սրբազան Պապը հուսկ բոլորին կը շնորհէ իր առաքելական օրհնութիւնները որպէս գրաւական Յիսուսին մէջ մխիթարութեան ու խաղաղութեան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2021, 14:00