Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ

Մենք չենք կրնար լաւ քրիստոնեաներ ըլլալ եթէ Յիսուսին մէջ չի մնանք». Ֆրանչիսկոս Պապ

Յիսուսին Հօր մօտ մեկնումէն ետք, անոր աշակերտներուն պարտականութիւնն է շարունակել հռչակել աշխարհի մէջ Թագաւորութեան բարի լուրը խօսքերով եւ գործերով։ Ու այս մէկը անոնք կը կատարեն վկայելով Տիրոջ սէրը, պարգեւելիք պտուղը սէրն է։
Ունկնդրէ Լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ե՛ս եմ ճշմարիտ որթատունկը եւ Հայրս մշակն է։     Ամէն ճիւղ, որ իմ վրաս է եւ պտուղ չի բերեր` կը կտրէ. եւ ամէն ճիւղ, որ պտուղ կու տայ` կը յօտէ, որպէսզի աւելի պտղաբեր ըլլայ։ Դուք արդէն իսկ սուրբ էք, համաձայն այն խօսքին` զոր ըսի ձեզի։ Մնացէք իմ մէջս, եւ ես ձեր մէջ։  Ինչպէս ճիւղը ինքիրմէն չի կրնար պտուղ բերել եթէ որթատունկին վրայ հաստատուած չըլլայ, նոյնպէս դուք ալ` եթէ իմ վրաս հաստատուած չըլլաք։

Ե՛ս եմ որթատունկը եւ դուք` ճիւղերը։ Ո՛վ որ մէջս հաստատուած է եւ ես անոր մէջ` այնպիսին շատ պտուղ կը բերէ. որովհետեւ առանց ինծի ոչինչ կրնաք ընել։ Եթէ մէկը իմ մէջս հաստատուած չըլլայ, ճիւղին նման դուրս կը նետուի ու կը չորնայ, եւ յետոյ կը ժողվեն զայն, կրակ կը նետեն ու կ՛այրի։ Եթէ դուք իմ մէջս հաստատուիք եւ իմ խօսքերս ալ ձեր մէջ, ինչ որ ուզէք` խնդրեցէք, պիտի տրուի ձեզի։ Ասով կը փառաւորուի Հայրս, որ դուք առատ պտուղ բերէք, եւ իմ աշակերտներս ըլլաք (Յովհաննէս 15, 1-8)։

Սոյն աւետարանական հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան զոր ան աւանդութեան համաձայն ներկայացուց  իր գրասենեակի պատուհանէն, կիրակի 2 մայիսի կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հարիւրաւոր հաւատացեալներուն ներկայութեամբ։

«Ե՛ս եմ որթատունկը եւ դուք` ճիւղերը»

«Այսօրուայ Աւետարանին մէջ (Յովհաննէս 15, 1-8) Տէրը կը ներկայանայ որպէս իսկական որթատունկ  ու մեր մասին կը խօսի որպէս ճիւղեր, որոնք չեն կարող ապրիլ եթէ իրեն միացած չըլլան» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մէջբերելով Յիսուսին  «Ե՛ս եմ որթատունկը եւ դուք` ճիւղերը» խօսքերը ու հաստատելով թէ «չկայ որթատունկ մը առանց ճիւղերու ու հակառակը չկան ճիւղեր առանց որթատունկի։ Ճիւղերը կախեալ են որթատունկէն որ իրենց գոյութեան ակնաղբիւրն է»։

Յիսուսին մէջ մնալ

Յիսուս երեք անգամ կը շեշտէ «մնալ» բային վրայ, շարունակեց Նորին Սրբութիւնը։ «Մնացէք իմ մէջս եւ ես ձեր մէջ»։ Ոչ թէ անշարժ այլ գործնական կերպով մնալ իր մէջ։  Որովհետեւ մենք նախ եւ առաջ պէտք ունինք Անոր։ Տէրը մեզի ըսել կ՛ուզէ՝ թէ նախ քան պատուիրանները պահելը, նախ քան երանութիւնները, նախ քան ողորմածութեան գործերը, հարկաւոր է միացած ըլլալ Իրեն, մնալ Իր մէջ։ Մենք չենք կրնար լաւ քրիստոնեաներ ըլլալ եթէ Յիսուսին մէջ չենք մնար» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը եւ աւելցուց,«Յիսուս եւս որթատունկին նման պէտք ունի մեզի։ Գուցէ այս հասկացութիւնը համարձակ թուի։ Ուրեմն հարց տանք թէ ի՞նչ իմաստով Յիսուս մեր կարիքը ունի։ Ան պէտք ունի մեր վկայութեան։ Պտուղը զոր կը պարգեւենք որպէս ճիւղեր մեր քրիստոնէական կեանքի վկայութիւնն է։

Առաքելութեան պտուղը սէրն է

Յիսուսին Հօր մօտ մեկնումէն ետք, անոր աշակերտներուն պարտականութիւնն է շարունակել հռչակել աշխարհի մէջ Աւետարանը, խօսքերով եւ գործերով։ Ու այս մէկը անոնք կը կատարեն վկայելով Տիրոջ սէրը, պարգեւելիք պտուղը սէրն է։

Կառչած Քրիստոսին մենք կ՛ընդունինք Սուրբ Հոգիին պարգեւները եւ այսպէսով կարող ենք բարիք կատարել մերձաւորին, ընկերութեան ու Եկեղեցւոյ։ Արդարեւ ծառը կը ճանչցուի պտուղներէն։ Քրիստոնէական իսկական կեանք մը վկայութիւն կու տայ Քրիստոսին։

Աղօթքի կարեւրութիւնը

Եթէ դուք իմ մէջս հաստատուիք եւ իմ խօսքերս ալ ձեր մէջ, ինչ որ ուզէք` խնդրեցէք, պիտի տրուի ձեզի (համար 7)

Մեր կեանքին պտղաբերութիւնը կախեալ է աղօթքէն, որով մենք կարող ենք Տիրոջմէ խնդրել որ գործենք իր նման, աշխարհը դիտել իր աչքերով։

Եւ այսպէսով սիրել մեր եղբայրներն ու քոյրերը, սկսեալ ամէնէ աղքատներէն ու տառապողներէն, ինչպէս ըրաւ Ինք, զանոնք սիրելով իր սրտով ու աշխարհին տանելով բարութեան սիրոյ ու խաղաղութեան պտուղներ։

Ապաւինինք Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան։ Ան լիապէս միացած մնաց Յիսուսին ու շատ պտուղ տուաւ։ Թող Ան մեզ օգնէ մնալու Քրիստոսին մէջ, անոր սիրողն մէջ, անոր խօսքին մէջ աշխարհին վկայելու համար Յարուցեալ Տէրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2021, 12:06

«Թագուհի Երկնից» աղօթքը, Լատին Եկեղեցւոյ մարեմեան չորս կցուրդներէն մին է (միւս կցուրդներն են՝ «Մայր Փրկչին», «Ողջոյն Թագուհի Երկնից» եւ «Ողջոյն Թագուհի»)։

1742 թուականին, Բենեդիկտոս ԺԴ. քահանայապետ նշանակած է, թէ «Թագուհի Երկնից» աղօթքը պէտք է կատարուէր յոտնկայս, զատկական ժամանակամիջոցին մէջ՝ Զատիկի կիրակիէն մինչեւ Պենտեկոստէ, «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի տեղ, որպէս նշան յաղթութեան մահուան վրայ։
Այս աղօթքը, Հրեշտակ Տեառնի նման կը կատարուի օրը երեք անգամ՝ այգաբացին, կէսօրին եւ մայրամուտին՝ օրը նուիրելու համար Աստուծոյ եւ Աստուածածնի։
Այս հին կցուրդը յառաջ եկած է բարեպաշտ աւանդութենէ մը, 6-10 դարերուն, մինչ անոր տարածումը կատարուած է 13րդ դարու առաջին կէսէն սկսեալ, երբ մուծուած է ֆրանսական ժամագրքին մէջ։ Ան բաղկացած է չորս փոքր յանգատողերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կʼաւարտի «Ալէլուիա» կանչով։ Այդ աղօթքով, հաւատացեալները կը դիմեն Մարիամի՝ Երկնքի Թագուհիին, անոր հետ ուրախանալով Քրիստոսի Յարութեան համար։
2015 թուականի ապրիլի 6ին, Զատիկի յաջորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երբ կʼաղօթէր Թագուհի Երկնից աղօթքը, խորհուրդ տուաւ հաւատացեալներուն թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ սրտի կեցուածքը երբ կʼարտասանենք այս աղօթքը։
«Կը դիմենք Մարիամի, զայն հրաւիրելով որ ուրախանայ, որովհետեւ Ան, զոր Մարիամ իր արգանդին մէջ կրեց, յարութիւն առաւ, ինչպէս խոստացած էր, եւ մեր անձերը կը վստահինք Մարիամի բարեխօսութեան։ Իրականին, մեր ուրախութիւնը Մարիամի ուրախութեան ցոլացումն է, որովհետեւ Ան է որ պահպանեց եւ հաւատքով կը պահպանէ Յիսուսի կեանքին եղելութիւնները։ Հետեւաբար այս աղօթքը արտասանենք զաւակներու յոյզերով, որոնք կʼուրախանան, որովհետեւ իրենց մայրը ուրախ է։»

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >