Վատիկանի պարտէզներուն մէջ յատուկ արարողութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակեց Մարեմեան ամիսը։

Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ նախագահած Համաճարակի աւարտին համար Սուրբ Վարդարանի աղօթքով Սրբազան Քահանայապետը եզրափակեց Մարեմեան ամիսը ու աւարտեց նաեւ հինգ ցամաքամասերու սրբավայրերէն մայիս ամսուայ ընթացքին նախաձեռնուած աղօթքի մարաթոնը։
Ունկնդրէ Լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այս երեկոյ քու առջեւդ կը հաւաքուինք Մայր Սուրբ Կոյս, որ մեծարուած ես այս պատկերին մէջ, որպէս Ան որ կը լուծէ հանգոյցները։ Բազմաթիւ են արդարեւ հանգոյցները որոնք խտացած են  մեր գոյութեան շուրջ ու կաշկանդած մեր գործունէութիւնը։ Անոնք եսասիրութեան ու անտարբերութեան հանգոյցներ են,հանգոյցներ տնտեսական եւ ընկերային, հանգոյցներ բռնութեան ու պատերազմի»։ Աղօթքն է սա որ Ֆրանչիսկոս Պապը արտասանեց Վատիկանի պարտէզներուն մէջ տեղի ունեցած Սուրբ Վարդարանի աղօթքի ընթացքին որով Նորին Սրբութիւնը  եզրափակեց Սուրբ Կոյսին նուիրուած Մայիս ամսուայ ջերմեռանդութիւնը ու եզրափակեց նաեւ  անցեալ մէկ մայիսին Սուրբ Պետրոսի մէջ իր  նախագահած վարդարանի աղօթքով սկիզբ առած համաճարակի աւարտին նուիրուած աղօթքի մարաթոնը, որուն ընթացքին աշխարհի բոլոր ծայրամասերուն կաթողիկէ հաւատացեալները միացան հինգ ցամաքամասերէ ամէն օր ամէն մէկ Սրբավայրէ արտասանուած վարդարանի աղօթքին, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանը ու Լիբանանի Հարիսայի Սրբավայրը, ուր անցեալ շաբաթ 29 մայիսին տեղի ունեցաւ Սուրբ Վարդարանի աղօթքը, որուն ընթացքին արտասանուեցան նաեւ Հայերէն լեզուով աղօթքներ։

Մեր աչքերը սեւեռեցինք դէպի Քեզ՝ Ողորմութեան Մայր, աղերսելով որ վերջ գտնէ համաճարակը

Սուրբ Վարդարանի աղօթքին սկիզբը  Սրբազան Քահանայապետը աղօթք բարձրացնելով Սուրբ Կոյս Մարիամին նշեց որ «Մայիս ամսուայ ընթացքին, բազմաթիւ հաւատացեալներուն հետ միասին միացանք համայն աշխարհի մէջ տարածուած տարբեր սրբավայրերուն հետ, որոնք քեզի նուիրուած են ով Մարիամ մեր Սուրբ Մայրը։ Քեզմէ խնդրեցինք որ բարեխօս ըլլաս մեզի համար Քու զաւկիդ Յիսուսին մօտ։ Ամէն օր մեր ձեռքը բռնելով սուրբ վարդարանը մեր աչքերը սեւեռեցինք դէպի Քեզ՝ Ողորմութեան Մայր, աղերսելով որ վերջ գտնէ համաճարակը ու մարդկութիւնը կարողանայ վերսկսիլ ամենօրեայ կեանքը աւելի մեծ ապահովութեամբ»։

Վատիկանի պարտէզները բացօթեայ սրբավայր

Տիեզերական Եկեղեցւոյ այս միասնական ձայնը այժմ կ՛արձագանգէ Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ, որոնք այս առիթով դարձան բացօթեայ սրբավայր մը, ուր Քահանայապետի շրթունքներն ու միացած ձեռքերը ու փակ աչքերը իրենց վրայ կ՛առնեն Քովիտ19 համաճարակի լուծին տակ ինկած մարդկութեան բեռը, նման Սուրբ Պետրոսի դատարկ հրապարակին վրայ 2020-ի մարտ 27-ին՝ համաճարակի աւարտին համար  արտասանուած ապերսական աղօթքին։ Այս անգամ սակայն  

ի տարբերութիւն 27 մարտ 2020-ին Քահանայապետը միայնակ չէ։ Անոր հետ կ՛աղօթեն բազմաթիւ ընտանիքներ, մանուկներ, եպիսկոպոսներ ու քահանաները տարեցներ եւ երիտասարդներ որոնց միացած են աշխարհի տարբեր վայրերէ հաւատացեալները, որոնք արարողութեան կապուած են հաղորդամիջոցներու միջոցաւ։

Հանգոյցները լուծող Սուրբ Կոյս Մարիամի սրբապատկերը

Սոյն  եզրափակիչ արարողութեան առթիւ Գերմանիայէն Վատիկան ժամանած էր հանգոյցները լուծող Սուրբ Կոյս Մարիամի սրբապատկերին մէկ նմոյշը, որ արարողութեան սկիզբը թափորով բերուեցաւ ու զետեղուեցաւ աղօթքի վայրը, գլխաւորութեամբ Աուկզպուրկի եպիսկոպոսին գերապայծառ Պերթրամ Եոհաննէս Մէյերին։

Այս սրբապատկերին է որ դիմեց Սրբազան Քահանայապետը հայցելու համար համաճարակին թիրախ իւրաքանչիւր մարդու փրկութիւնը ու աղօթքի աւարտին Ան Հանգոյցները լուծող Տիրամօր սրբապատկերին վրայ զետեղեց թագը առ ի յարգանք ու մեծարանք Սուրբ Կոյս Մարիամին։

Սրբազան Պապին շնորհակալական խօսքը

Նորին Սրբութիւնը հուսկ աղօթքը եզրափակեց շնորհակալական խօսք ուղղելով Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդին որուն ջանքերով կազմակերպուած էր աղօթքի մարաթոն ձեռնարկը ու շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ 30 Սրբավայրերուն որոնք մայիս ամսուայ ընթացքին փոխն ի փոխ աղօթեցին Սուրբ Վարդարանը։

«Ականատես եղայ Աստուծոյ Ժողովուրդին մաս կազմող միլիոնաւոր անհատներու մասնակցութեան որոնք մէկ ձայնով իրենց աղօթքը բարձրացուին Աստուծոյ Սուրբ Մօրը» ըսաւ Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ Աուկզպուրկի թեմին որտեղէն կու գայ Տիրամօր սրբապատկերը։ 

«Շարունակենք Տիրոջմէ խնդրել որ համայն աշխարհը պաշտպանէ համաճարակէն եւ բոլորին անխտրաբար շուտով կարելիութիւնը տրուի պաշտպանուելու անկէ պատուաստի միջոցաւ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով խօսքը ու գիշեր բարի մաղթելով ներկաներուն ու խնդրելով որ իրեն համար աղօթեն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2021, 19:30