Ֆրանչիսկոս Պապին Միանմարի հաւատացեալներուն նուիրուած պատարագին քարոզը։

Քրիստոնեաներս կանչուած ենք հաւատարիմ մնալու Աւետարանին եւ ըլլալու խաղաղութեան արհեստաւորներ այնտեղ ուր կայ պատերազմ, ուր կայ բռնութիւն ու ատելութիւն եւ այս կը նշանակէ յանձնառումով գործել, նաեւ ընկերային ու քաղաքական ընտրանքներու միջոցաւ, վտանգելով նաեւ մեր կեանքը։
Ունկնդրէ Լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 16 Մայիսի առաւօտեան ժամը 10-ին Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ մատոյց Պիրմանիայի նուիրուած սուրբ պատարագ Միանմարի Հռոմի մէջ բնակող քաղաքացիներու մասնակցութեամբ։

Յիսուսին աղօթքը

Սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանելով օրուան Աւետարանական ընթերցումը նշեց թէ Յիսուս իր կեանքի վերջին պահերուն աղօթեց։ Ան աղօթեց նաեւ իր աշակերտներէն եւ այս աշխարհէն հրաժեշտ առնելու ցաւալի պահուն եւս, աղօթեց իր բարեկամներուն համար...եւ Յիսուս կը շարունակէ սիրել մեզ եւ աղօթել մեզի համար» յարեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով մենք եւս Յիսուսի աղօթքին շնորհիւ սորվինք դիմագրաւել կեանքի դժուար ու ողբերգական պահերը եւ ասկէ մեկնելով շեշտը դրաւ Յիսուսին աղօթքին մէկ յատուկ բառին վրայ «պահպանել» բառը, հարց տալով ներկաներուն «մինչ ձեր սիրելի երկիրը՝ Միանմարը բնորոշուած է բռնութեամբ, հակամարտութեամբ, բռնաճնշումներով, մենք մեզի հարց կու տանք ի՞նչն է որ պէտք է պահպանենք»։

Պահպանել հաւատքը մեր աչքերը սեւեռելով դէպի Երկինք

«Առաջին հերթին պահպանել հաւատքը» պատասխանեց Սրբազան Պապը «որպէսզի չիյնանք ցաւի մէջ և չի ընկղմինք յուսահատութեան մէջ անոր` որ ելքի ճամբայ մը չի տեսներ»։ «Օրինակ առնենք Յիսուսին վերաբերմունքէն, որ կեանքի վերջին ժամերուն, տառապանքի պահուն, նախ քան խաւարը իջնէր իր շուրջ իր աչքերը բարձրացուց երկինք, դէպի Աստուած։ Ան գլուխը չի ծռեց չարին դիմաց, թոյլ չտուաւ որ ցաւը ոտնահարէ զինք, ան չի դիմեց դառնութեանն անոր որ յուսախաբ եւ պարտուած է, այլ նայեցաւ դէպի վեր» աւելցուց Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ «Յիսուս այս մէկը խրատեց նաեւ իր աշակերտներուն» եւ ասկէ մեկնելով հաստատեց թէ «հաւատքը պահպանելը կը նշանակէ հայեացքը սեւեռել դէպի երկինք մինչ երկրի վրայ կռիւ կայ եւ անմեղ արիւն կը թափուի։ Անիկայ կը նշանակէ չի համակերպիլ ատելութեան եւ ոխի տրամաբանութեան, այլ մեր հայեացքը սեւեռած պահել Աստուծոյ՝ որ սէր է ու մեզ կը կոչէ ըլլալու իրար միջեւ եղբայրներ»։

Աղօթքը միակ զէնք պահպանելու համար սէրն ու յոյսը

«Աղօթքը մեզ կը բանայ Աստուծոյ վրայ վստահութեան, մեզ կ՛օգնէ յուսալու հակառակ ամէն բանի ու մեզի թիկունք կը կանգի առօրեայի մարտնչումներուն մէջ։ Անիկա միակ զէնքն է, որ ունինք, որպէսզի պահպանենք սէրը եւ յոյսը, մահ սերմանող զէնքերու միջեւ» շարունակեց Քահանայապետը, որ ապա նշեց՝ թէ «նոյնիսկ Աստուծոյ ներկայացուցած մեր բողոքը ու բարձրաձայն աղաղակը աղօթք է։ Աղօթք՝ զոր Աստուած յաճախ աւելիով կ՛ընկալէ, որովհետեւ ծնունդ առած է վիրաւոր սրտէ մը։ Եւ Տէրը միշտ մտիկ կ՛ընէ իր ժողովուրդի աղաղակին ու կը սրբէ անոր արցունքները» յարեց Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց ներկաները երբեք չի դադրելու իրենց աչքերը բարձրացնելու դէպի վեր ու պահպանելու հաւատքը։

Պահպանել միութիւնը հեռու մնալով բաժանումի հիւանդութենէն

Ան ապա հրաւիրեց պահպանել նաեւ միութիւնը։ Յիսուս Հօրը աղօթեց, որպէսզի իրենինները պահպանէ միութեան մէջ։ «Որպէսզի բոլորը մի ըլլան» (Յովհ. 17, 21)։ «Մէկ ընտանիք, ուր կ՛իշխէ սէր եւ եղբայրութիւն» յարեց Սրբազան Պապը զգուշացնելով բաժանումի բարոյական հիւանդութենէն եւ միութեան դէմ մեղքերէն, ինչպիսին է նախանձը, անձնական շահերու փնտռտուքը փոխան բոլորին բարիքին, ու մեր ուրիշներուն դէմ դատողութիւնները։

«Երբ մասնակի շահերը, իշխանութեան եւ շահի ծարաւը կը տիրապետեն, կը բռնկուին բախումներ եւ պառակտումներ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով Յիսուսին թելադրանքին ապրելու միութեան մէջ, որովհետեւ բաժանումը կու գայ սատանայէն…ուստի հարկաւոր է պահպանել միութիւնը եւ քաջութիւնը ունենալ ապրելու բարեկամութեան, սիրոյ եւ եղբայրութեան կապեր։

Եղբայրութիւն կառուցողներ, երկխօսութեան խթանողներ

«Որքան կարիքն ունինք եղբայրութեան» յարեց ապա Սրբազան Պապը հաստատելով որ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան ի նպաստ յանձնառումը ծնունդ կ՛առնէ ստորոտէն ու թէ իւրաքանչիւրս կարող է իր բաժինը կատարել։Իւրաքանչիւրս կարող է դառնալ եղբայրութեան կառուցողը, ըլլալ եղբայրութեան սերմնացան ու աշխատիլ վերակառուցելու համար այն ինչ որ կոտրուած է փոխանակ բռնութիւն յառաջացնելու։

«Մենք որպէս եկեղեցի կոչուած ենք կատարելու այս մէկը. Խթանելու երկխօսութիւնը, ուրիշին նկատմամբ յարգանքը, եղբօր պաշտպանութիւնը, հաղորդութիւնը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը յորդորելով թոյլ չտալ որ Եկեղեցւոյ մէջ  մուտք գործէ կուսակցութիւններու տրամաբանութիւնը, բաժանող տրամաբանութիւնը, տրամաբանութիւնը որ կը բացառէ միւսերը։« Ասիկա կործանիչ է, կը կործանէ ընտանիքը, եկեղեցին, ընկերութիւնը ու կը կործանէ նաեւ մեզ» յարեց Քահանայապետր եւ ակնարկեց երրորդ մէկ երեւոյթին եւ այն է՝ պահպանել ճշմարտութիւնը։

Պահպանել ճշմարտութիւնը

«Յիսուս Հօրմէն խնդրեց որ իր աշակերտները պահպանէ ճշմարտութեան մէջ։ Ճշմարտութիւնը պահպանելը չի նշանակեր մտքեր պաշտպանել դառնալով վարդապետութիւններու պահապանները, այլ մնալ կապուած Քրիստոսին ու մենք մեզ ընծայել անոր Աւետարանին։

Ճշմարտութիւնը ըստ Սուրբ Յովհաննէսին նոյնինքն Քրիստոսն է, որ է Հօր սիրոյ յայտնութիւնը։ Պահպանել ճշմարտութիւնը կը շնականէ ըլլալ վկաները Աւետարանին նոյնիսկ երբ այդ մէկը մեզ կը ստիպէ ընթանալ հակահոսանք։

Հաւատարիմ մնալ Աւետարանին եւ ըլլալ խաղաղութեան արհեստաւորներ

Քրիստոնեաներս կանչուած ենք հաւատարիմ մնալու Աւետարանին եւ ըլլալու խաղաղութեան արհեստաւորներ այնտեղ ուր կայ պատերազմ, ուր կայ բռնութիւն ու ատելութիւն եւ այս կը նշանակէ յանձնառումով գործել, նաեւ ընկերային ու քաղաքական ընտրանքներու միջոցաւ, վտանգելով նաեւ մեր կեանքը։ Միայն այսպէսով է որ իրականութիւնը կը փոխուի» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, որ Տէրը կարիքը չունի գաղջ մարդոց ան կ՛ուզէ ճշմարտութեան եւ Աւետարանի գեղեցկութեան մէջ ընծայուածներ, որպէսզի կարողանանք վկայել Աստուծոյ Թագաւորութեան ուրախութիւնը նոյնիսկ ցաւի, խաւար գիշերուան մէջ եւ նոյիսկ երբ կը թուի որ չարը աւելի զօրաւոր է»։

Չի կորսնցնել յոյսը

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօր կ՛ուզեմ Տիրոջ խորանին տանիլ ձեր ժողովրդին ցաւերը ու աղօթել ձեր հետ միասին, որպէսզի Աստուած դարձի բերէ բոլորին սրտերը դէպի խաղաղութիւն։ Յիսուսին աղօթքը թող մեզ օգնէ պահպանելու հաւատքը նաեւ դժուար պահերու ընթացքին, ըլլալու միութեան կառուցողներ եւ մեր կեանքը վտանգելու Աւետարանի ճշմարտութեան համար» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը քարոզի աւարտին հրաւիրելով չի կորսնցնել յոյսը, որովհետեւ Յիսուս այսօր եւս կ՛աղօթէ իր Հօր ու կը բարեխօսէ մեզի բոլորիս համար, որպէսզի Ան մեզ պահպանէ չարէն ու մեզ ազատէ անոր իշխանութենէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2021, 10:32