«Կանչուած ենք վկայելու Սուրբ Հոգին ու դառնալու մխիթարիչներ» Ֆրանչիսկոս Պապին Հոգեգալստեան տօնի քարոզը

Փաստաբան մեր, հոգիի քաղցր յուշողը, մեզ դարձուր Աստուծոյ այսօրուան վկաները, Եկեղեցւոյ և մարդկութեան համար միասնութեան մարգարէներ, առաքեալներ հիմնուած քու շնորհքիդ վրայ, որ ամէն բան կը ստեղծէ եւ ամէն ինչ նոր կը դարձնէ։
Ունկնդրէ Լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 23 Մայիս 2021-ին Պենտեկոստէի տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ մատոյց Սուրբ Պատարագ,  մասնակցութեամբ սահմանափակ թիւով կղերական դասի անդամներու եւ հաւատացեալներու։

Սուրբ Զոհի ընթացքին յետ Աւետարանի ընթերցանութեան Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ իր քարոզին ըսելով «Պիտի գայ մխիթարիչը որ ես Հօրմէն պիտի ղրկեմ ձեզի» (Յովհ. 15,26)։ Այս խօսքերով է, որ Յիսուս իր աշակերտներուն կը խոստանայ Սուրբ Հոգին, վերջնական պարգեւը, պարգեւներուն պարգեւը»։

Մխիթարիչ ու փաստաբան

Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը շեշտը դրաւ Մխիթարիչ բառին վրայ հաստատելով, թէ ան կը նշանակէ երկու բան. փաստաբան եւ սփոփանք պարգեւող։  

Առաջինը մխիթարութիւն. «Բոլորս, մասնաւորապէս դժուար պահերու ընթացքին, ինչպիսի են մեր ապրած ժամանակները, մխիթարութիւն կը փնտռենք։ Բայց յաճախ կը դիմենք երկրային մխիթարութիւններուն, որոնք շուտով կ՚անհետանան» նշեց Նորին Սրբութիւնը, դիտել տալով որ Յիսուս այսօր մեզի կը նուիրէ Երկնային մխիթարութիւնը՝ Սուրն Հոգին, կատարեալ մխիթարիչը։

Սրտին անդորրութիւն պարգեւող մխիթարութիւնը

Աշխարհի մխիթարութիւնները ժամանակաւոր են ու անոնք չարը խորութեամբ չեն խնամեր ու բուժիչ չեն։ Անոնք կը գործեն մակերեսային կերպով, զգայարանքներու մակարդակով բայց ոչ սրտին։ Արդարեւ միայն ան, որ սիրուած կը զգացնէ մենք զմեզ այնպէս ինչպէս որ ենք սրտին խաղաղութիւն կը պարգեւէ։

«Սուրբ Հոգին՝ Աստուծոյ սէրը, կ՛այցելէ մեր սրտին խորքը։ Ան նոյնինքն Աստուծոյ քնքշութիւնն է, որ մեզ երբեք միայնակ չի թողուր» ըսաւ Սրբազան Պապը ու հրաւէր ուղղեց որպէսզի այն ժամանակ երբ զգանք միակութեան խաւարը, երբ մեր սիրտը վիրաւոր է ու կ՛այրի եւ ելքի ճամբայ չի գտնենք մենք մեզ բանանք Սուրբ Հոգիին։ Ան ամէն ինչ կ՛ընէ որպէսզի մենք վերականգնենք  ինչպէս պատահեցաւ Յիսուսին առաքեալներուն, որոնք միակ ու մոլորուած էին ու կ՛ապրէին վախի մէջ, փակուած դռներու ներքոյ իրենց աչքերուն առջեւ ունենալով իրենց ձախողութիւններն ու դիւրաբեկութիւնները։

Երբ Հոգին կ՛ընդունին ամէն ինչ կը փոխուի թէեւ հարցերն ու տկարութիւնները կը մնան բայց իրենք այլեւս վախ չունին անոնցմէ  ու չեն վախնար նոյնիսկ այն անձերէն որոնք իրենց չարիք պիտի հասցնեն։ Իրենք զիրենք կը զգան մխիթարուած եւ կ՛ուզեն այդ մխիթարութիւնը տանիլ դէպի դուրս։ «Ճշմարտութեան Հոգին՝ որ պիտի վկայէ իմ մասիս: Եւ դո՛ւք ալ կը վկայէք» (Յովհ 15,26-27)։

Կանչուած ենք վկայելու Սուրբ Հոգին 

«Մենք եւս կանչուած ենք վկայելու Սուրբ Հոգին ու դառնալու մխիթարիչներ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով թէ այս մէկը կարելի է մենք մեզ մօտիկ դարձնելով ուրիշներուն ոչ թէ խօսքերով այլ աղօթքով եւ շօշափելի մօտիկութեամբ։

Հոգին այսօր Եկեղեցւոյ կը պատգամէ թէ ժամանակն է մխիթարութեան։ Ժամանակն է Աւետարանի բարի լուրին։ Ժամանակն է աւետելու Յարուցեալին ուրախութիւնը, ժամանակն է աշխարհին վրայ զեղելու սէրը, ժամանակն է վկայելու ողորմութիւնը, «մխիթարիչին ժամանակն է»  ըսաւ Սրբազան Պապը հուսկ խօսեցաւ Սուրբ Հոգիի մասին որպէս փաստաբան։

Հոգին մեզ կը պաշտպանէ չարէն

Յիսուսին ապրած պատմական ժամանակահատուածին փաստաբանը մերօրեայ պարտականութիւնը չունէր, ան ամբաստանեալին մօտը կը կանգնէր ու անոր ականջին կը փսփսար ինքզինք պաշտպանելու ձեւը։ Այսպէս կ՛ընէ նաեւ Ճշմարտութեան Հոգին, ան մեզ չի փոխարիներ այլ մեզ կը պաշտպանէ չարի սուտէն, մեզի ներշնչելով մտքեր ու զգացումներ։

Սուտի Հոգին, չարը, հակառակ կերպով կը վարուի ան կը ջանայ մեզի համոզել թէ ստիպուած ենք զիջիլ իրեն վատ առաջարկներուն, մինչ մեր փաստաբանը՝ Սուրբ Հոգին մեզի կ՛առաջարկէ երեք հակաթոյներ որոնցմէ առաջինը «ներկան ապրիլն է» յարեց Սրբազան Պապը։

Ապրիլ ներկան եւ փնտռել միասնութիւնը

Սուրբ Հոգին մեզի կը յիշեցնէ ներկայի շնորհքը փոխանակ իյնալու անցեալի անշարժացնող դառնութիւններու փորձութեան մէջ։ Ան մեզի կը յիշեցնէ թէ չկայ աւելի լաւ ժամանակ քան ներկան, եզակի այդ պահը բարիք գործելու ու կեանքը պարգեւ դարձնելու։ Մխիթարիչը հուսկ կը խրատէ «Փնտռել միասնութիւնը»։ Ան մեզ կը հիմնէ  որպէս խարիզմներու տարբերութիւններու մէջ եկեղեցի մը, միութեան մը մէջ որ երբեք միաձեւութիւն չէ։ «Ան կը հաստատէ միասնութեան առաջնութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով դարձեալ աշակերտներուն, որոնք իրարմէ տարբեր էին, տարբեր փորձառութիւններով ու աշխարհի նկատմամբ տարբեր գաղափարներով, բայց երբ Հոգին կը ստանան կը սորվին առաջնութիւն չտալ մարդկային տեսակէտերուն այլ Աստուծոյ միասնութեան։

Աստուած դնել մեր եսէն առաջ

Մենք ալ այսօր եթէ մտիկ ընենք Սուրբ Հոգիին այլեւս պիտի չի մտածենք ձախակողմեանի կամ աջակողմեանի մտածելակերպով, որովհետեւ Ան մեզ կը մղէ միութեան, հաշտութեան եւ տարբերութիւններու մէջ ներդաշնակութեան։ «Ան մեզ կը ցուցնէ որպէս անդամ միեւնոյն Մարմնին, իրար միջեւ եղբայրներ եւ քոյրեր», յարեց Սրբազան Պապը հուսկ մատնանշեց երրորդ խրատին «զԱստուած դնել մեր եսէն առաջ»։  Այս մէկը հոգեւոր կեանքի վճռական քայլ է։ Միայն երբ մենք մեզ պարպենք ու տեղ տանք Տիրոջ, միայն եթէ Անոր վստահինք, մենք կը գտնենք մենք զմեզ։

Միայն հոգիով աղքատներ դառնալով է որ կը դառնանք հարուստ Սուրբ Հոգիով ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը անգամ մը եւս շեշտելով որ Եկեղեցին մարդկային կազմակերպութիւն մը չէ, անիկայ Սուրբ Հոգիին տաճարն է։ «Յիսուս աշխարհ բերաւ Հոգիին կրակը եւ Եկեղեցին կը բարեփոխուի շնորհքի օծումով, աղօթքի ուժով, առաքելութեան ուրախութեամբ եւ աղքատութեան զինաթափ ընող գեղեցկութեամբ» հաստատեցՔահանայապետը որ քարոզը աւարտեց հայցելով որ Սուրբ Հոգին մխիթարէ մեր սրտերը։ Մեզ դարձնէ իր մխիթարութեան առաքեալները, աշխարհին համար ողորմութեան մխիթարիչներ։

Փաստաբան մեր, հոգիի քաղցր յուշողը, մեզ դարձուր Աստուծոյ այսօրուան վկաները, Եկեղեցւոյ և մարդկութեան համար միասնութեան մարգարէներ, առաքեալներ հիմնուած քու շնորհքիդ վրայ, որ ամէն բան կը ստեղծէ եւ ամէն ինչ նոր կը դարձնէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2021, 10:37