Քահանայապետին այցելութիւնը Վատիկանի Եկեղեցական Քահանայապետական Ակադեմիային Քահանայապետին այցելութիւնը Վատիկանի Եկեղեցական Քահանայապետական Ակադեմիային 

«Լաւ դիւանագէտը արմատացած է աւանդութեան մէջ սակայն պատրաստ երկխօսութեան». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Սրբազան Քահանայապետը անցեալ օր այցելութիւն տուաւ Վատիկանի Եկեղեցական Քահանայապետական Ակադեմիայի քահանաներուն հետ ունենալով մտերմիկ ու անկեղծ խօսակցութիւն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այս խեղդող աշխարհականութիւնը կը բուժուի Սուրբ Հոգիի մաքուր օդը շնչելով, զոր մեզ կ՛ազատէ մենք մեր վրայ կեդրոնացած մնալէ, թաքնուած Աստուծմէ դատարկ կրօնական երեւոյթի մը մէջ. Թոյլ չտանք մեզմէ խլեն Աւետարանը»։ Ահա այս խօսքերուն մէջ է, որ կարելի է ամփոփել Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հանդիպումը Վատիկանի Եկեղեցական Քահանայապետական Ակադեմիայի հասարակութեան հետ, որ տեղի ունեցաւ նախ անցեալ օր Ակադեմիայի կեդրոնատեղիին մէջ, որ 320 տարիներէ ի վեր կը զբաղի Քահանայապետական դիւանագիտական Ներկայացուցիչներու կազմաւորումով։

Վերոնշեալ հանդիպումը տեղի ունեցաւ ընտանեկան մթնոլորտի մը մէջ ուր Քահանայապետը մէկ ժամ տեւող այցելութեան ընթացքին զրուցեց երիտասարդ քահանաներուն հետ անոնց փոխանցելով իր հայրական հոգատարութեան ու մօտիկութեան զգացումները։

Հասարակութիւնը կազմուած է 25 երկիրներէ ժամանած 40 Քահանաներէ, որոնք առիթէն օգտուեցան Քահանայապետին ուղղելու հարցումներ, որոնց Նորին Սրբութիւնը յօժարակամ տուաւ պատասխաններ, որոնց ծիրէն ներս խօսեցաւ Եկեղեցւոյ այսօր դիմագրաւած մարտահրաւէրու մասին, եկեղեցւոյ միսիոներականութեան մասին, սիւնհոդոսական ընթացքի մասին ու մասնաւորապէս երկկողմանի եւ բազմակողմանի Քահանայապետական դիւանագիտութեան կարեւորութեան մասին։

Սրբազան Պապը ընդգծեց` որ «լաւ դիւանագէտը պէտք է մշակէ եւ ի գործ դնէ իր առաքելութիւնը, ըլլալ աղօթքի մարդ, բաց Աւետարանի ունկնդրութեան եւ նորութիւններուն, միաժամանակ արմատացած Աւանդութեան մէջ, բայց պատրաստ երկխօսութեան եւ համեմատութեան»։

Նորին Սրբութիւնը նախ քան Վատիկան վերադարձը հանդիպում ունեցաւ նաեւ «Comunidad Apostolica de Maria Siempre Virgen» մայրապետներուն հետ, որոնք իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն վերոնշեալ Քահանայապետական Եկեղեցական ակադեմիայէն ներս։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2021, 09:00