Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Ռատիօ Վատիկան։  Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Ռատիօ Վատիկան։  

«Եղէք գործնական եւ ստեղծագործ, մարդոց հասնելու համար» Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Ռատիօ Վատիկան։

Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Օսսերվաթորէ Ռոմանոյի, Ռատիօ Վատիկանի եւ Վատիկան Նիուզի խմբագրութիւնները` օրաթերթի 160 ամեակին ու Ռատիոյի 90 ամեակներուն առթիւ։
Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Ռատիօ Վատիկան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Հարց տուէք միշտ քանի հոգի ձեզ կ՛ունկնդրեն» եւ միշտ «ուշադիր եղէք, որպէսզի այնպէս ըլլայ որ իւրաքանչիւրդ ունենայ բաւարար ազատութիւն»։ Ասոնք հակիրճ կերպով հանդիսացան Ֆրանչիսկոս Պապին խրատները Ռատիօ Վատիկանի եւ Վատիկան Նիուզի խմբագրական կազմի անդամներուն։

Երկուշաբթի 24 մայիս 2021-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Օսսերվաթորէ Ռոմանոյի, Ռատիօ Վատիկանի եւ Վատիկան Նիուզի խմբագրութիւնները` օրաթերթի 160 ամեակին ու Ռատիոյի 90 ամեակին առիթներով։

Նորին Սրբութիւնը «Փիօ» անուան շէնք ժամանեց առաւօտեան ժամը 8.50 անց ու շրջապտոյտը կատարեց շէնքի զանազան բաժանմունքներուն մէկիկ մէկիկ ողջունելով անձնակազմի անդամները, հուսկ չորրորդ յարկ բարձրանալով մասնակցեցաւ Ռատիոյի ուղիղ եթերով մէկ յայտագրին բոլորին հրաւէր ուղղելով ջանալ «հասնիլ մարդոց»։

Թող ձեր աշխատանքը հասանելի ըլլայ մարդոց

«Թող այն ինչ որ այստեղ կը կատարուի, որ գեղեցիկ ու մեծ է, յոգնեցուցիչ է, հասնի մարդոց» ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով որ «ասոր համար դուք ամէն օր հարց տալու էք քանի հոգիի հասանելի ենք», որովհետեւ կայ մեծ վտանգ մը` «որ գեղեցիկ կազմակերպութիւն մը, գեղեցիկ աշխատանք մը, չի հասնի այնտեղ ուր պէտք է հասնի» յարեց Ան զգուշացնելով, որ «կառոյցը ըլլայ գործարարական եւ ստեղծագործ ուր իւրաքանչիւրը ունենայ բաւարար ազատութիւն»։

Օսսերվաթորէ Ռոմանոյին նուէրը

Մէկ ժամ տեւած այցելութեան ընթացքին Սրբազան Պապը մասնակցեցաւ նաեւ Օսսերավաթորէ Ռոմանօ թերթի խմբագրական ժողովի մը, աղօթեց կառոյցի մատրան մէջ ապա շէնքի Մարքոնի ժողովասրահին մէջ հանդիպեցաւ լեզուային զանազան խմբագրական կազմերու ներկայացուցիչներուն հետ։

Օսսերվաթորէ Ռոմանոյի անձնակազմը Նորին Սրբութեան նուիրեց Քահանայապետին ծննդեան թուականը կրող թերթի 17 դեկտեմբեր 1937-ին առաջին էջի տպագրութիւնը։

Քահանայապետին աղօթքը

Ֆրանչիսկոս Պապ Աւետման մատրան մէջ աղօթեց` «եկուր եւ տես» խորագիրով ընկերային հաղորդամիջոցներուն 55-րդ օրուան աղօթքը` որուն մէջ հաղորդամիջոցներու գործիչները Տիրոջմէ կը խնդրեն որ իրենց սորվեցնէ քալել փնտռելու համար ճշմարտութիւնը եւ նախապաշարումներ չի մշակել։

Անոնք ապա կը խնդրեն որ իրենց պարգեւուի շնորհքը ճանչնալու Տիրոջ աշխարհին մէջ բնակարանները եւ «քաջութիւնը` պատմելու այն ինչ որ տեսան»։

Ըլլալ ստեղծագործ

Ֆրանչիսկոս Պապ իր այս պատմական այցը աւարտեց, ինչպէս նշեցինք, Մարքոնի ժողովասրահին մէջ ուր ներկաներուն արտասանած իր սրտաբուխ խօսքին մէջ ուրախութիւնը արտայայտեց Հաղորդակցութեան բաժանմունքի անդամներուն հետ հանդիպելուն համար։ «Բոլորդ միասին, ականատես եղայ լաւ կահաւորուած շէնքին եւ այս մէկը շատ հաւնեցայ, յատկապէս աշխատանքին միութիւնը» ըսաւ Ան ակնարկելով «հսկայ եւ բարդ» համակարգի մը որ սակայն «պէտք է լաւ աշխատի», շեշտելով կազմակերպութեան գործնականութեան կարեւորութիւնը։

«Գործողականութեան թշնամին գործնապաշտութիւնն» է յարեց Սրբազան Պապը օրինակ տալով, թէ ինչպէս շատ անգամ կառոյցի մը կազմակերպչական ոլորտը գործնական չէ որովհետեւ բաշխուած պաշտօնները ոչ մի բանի կը ծառայեն, որովհետեւ անոնք անկախ չեն եւ կարողութիւնը չունին որոշումներ կայացնելու։

«Գործնապաշտութիւնը մահացուցիչ է» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով թէ կարեւոր չէ եթէ գրասենեակը գեղեցիկ է թէ չէ կարեւորը գործնականութիւնն է, որովհետեւ երբ բան մը գործնական է կ՛օգնէ ստեղծագործութեան ու ձեր աշխատանքը պէտք է ստեղծագործ ըլլայ միշտ, երթալ աւելի անդին, ու միշտ աւելիով անդին զգուշանալով գործնապաշտութիւնէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2021, 12:43