Լուրտի Տիրամօր քարայրը Վատիկանի պարտէզներու մէջ Լուրտի Տիրամօր քարայրը Վատիկանի պարտէզներու մէջ 

Աղօթք Մարիամին` լուծելու համար մարդկութիւնը կապող հանգոյցները։

Առանձնութիւն, գործազրկութիւն, տնային եւ ընկերային բռնութիւն ու նաեւ բոլորին հասանելի մարդկային զարգացում եւ հովուական ծառայութեան մէջ նոր սլացք։ Տարբեր իրականութիւններ են որոնք պիտի յանձնուին Սուրբ Կոյս Մարիամին յառաջիկայ 31 Մայիսին կայանալիք Սուրբ Վարդարանի աղօթքին առթիւ, որով Սրբազան Քահանայապետը պիտի եզրափակէ Մարեմեան ամիսը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հանգոյցներ լուծող Սուրբ Կոյս Մարիամի սրբապատկերին դիմաց է որ յառաջիկայ 31 մայիսին Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ գլխաւորած Սուրբ Վարդարանի աղօթքով եզրափակումը պիտի կատարէ Սուրբ Կոյսին նուիրուած մայիս ամսուայ ջերմեռանդութեան, հիմնուելով հինգ դիտաւորութիւններու վրայ, որոնք կը հային հինգ հանգոյցներու, որոնցմէ կը տառապի մարդկութիւնը, մասնաւորապէս այս վերջին տարուայ ընթացքին դիմագրաւուած առողջապահական ճգնաժամին պատճառաւ։

Համաճարակի աւարտին նուիրուած վարդարանի աղօթքի մարաթոնի եզրափակումը

Այս առիթով պիտի եզրափակումի նաեւ անցեալ մէկ մայիսին սկիզբ առած Սուրբ Վարդարանի աղօթքի մարաթոնը, որուն բացումը կատարած էր միշտ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ որ ներգրաւեց աշխարհի զանազան վայրերէն ու ցամաքամասարէն 30 Մարեմեան Սրբավայրեր, որոնք ամէն օր աղօթեցին Սուրբ Վարդարանը, ամէն օր ընտրելով յատուկ դիտաւորութիւն մը ու մասնաւորապէս աղօթելով համաճարակի աւարտին համար։

Գերմանիայէն ժամանած Տիրամօր սրբապատկերը

Վատիկանի մէջ նախատեսուած եզրափակիչ արարողութեան առթիւ Գերմանիայէն Վատիկան պիտի ժամանէ հանգոյցները լուծող Սուրբ Կոյս Մարիամի սրբապատկերին մէկ նմոյշը, որ գործն է գերմանացի գծագրիչ Եոհան Կէորկ Մելքիոր Շմիտդնէրի,  որ զայն գծագրած էր 1700 եւ այժմ կը գտնուի St. Peter am Perlach եկեղեցւոյ մէջ եւ կը խորհրդանշէ յոյսը, ողորմութիւնը ու չարին վրայ յաղթանակը։

Սրբապատկերին ընտրանքը կ՛ուզէ ընդգծել աղօթքին յատկութիւնը, որպէսզի Տիրամայրը բարեխօս ըլլայ ու «հանգուցալուծոէ» տառապանքները, որոնք կը կաշկանդեն աշխարհը այս առողջապահական ճգնաժամի ընթացքին։

Ֆրանչիսկոս Պապը յատուկ ջերմեռանդութիւն ունի այս սրբապատկերին նկատմամբ ու ինքն է որ զայն տարածած է Արժանթինի մէջ։

Հինգ հանգոյցներ

Հինգ հանգոյցներէն առաջինը «վիրաւոր փոխյարաբերութիւնն է, առանձնութիւն ու անդրաբերութիւնն է, որոնք այս ժամանակահատուածին դարձան միշտ աւելիով խոր ու սուր»։ Երկրորդը կը հայի գործազրկութեան, յատուկ ուշադրութեան յանձնելով մասնաւորապէս երիտասարդները, ընտանիքներու հայրերը ու բոլոր անոնք որոնք կը ջանան օգնել ու պաշտպանել իրենց գործաւորները։ Երրորդ հանգոյցը մատնանշում է տնային ու ընկերային բռնութեան, յատկապէս կիներուն դէմ»։ Չորրորդ հանգոյցը ապա կը հայի «մակարդային զարգացումին, որուն կանչուած է աջակցիլ գիտական աշխարհը, համախմբելով ու բաժնեկցելով յայտնագործութիւնները, որպէսզի անոնք հասանելի ըլլան բոլորին։

Մինչ հինգերորդ հանգոյցը Հովուական է։ Տեղական եկեղեցիները ու ժողովրդապետութիւնները, ինչպէս նաեւ ժողովրդապետական կեդրոնները վերագտնեն իրենց եռանդը ու նոր սլացքը հովուական կեանքէն ներս եւ երիտասարդները կարողանան ամուսնանալ ու կազմել ընտանիք եւ ապագայ։

Աղօթքի արարողութեան կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ Վատիկանեան եւ կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու միջոցաւ մինչ աղօթքին պիտի մասնակցին տարբեր երկիրներու սրբավայրեր, որոնց շարքին նշենք Ֆրանսային Նանթեր քաղաքի «Notre Dame de Boulogne» գերմանիայի Վալլընտարի «Schoenstatt» սրբավայրը Ռուանտայի Քիպեհոյի Ցաւագին Տիրամօր սրբավայրը, Չիլէի Սանթիակոյի Մայփույի ազգային սրբավայրը եւ այլք։

Յոյս ներշնչող աղօթքի ցանց

Սուրբ Վարդարանի աղօթքի մարաթոնը մեծ յաջողութիւն ու մասնակցութիւն գտաւ Մայիս ամսուայ ընթացքին ցոյց տալով Եկեղեցւոյ հաղորդութիւնը իր հովուապետ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։ Ան եղաւ աղօթքի ցանց մը որ միացուց այդքան վիրաւոր աշխարհը անոր շնորհելով յոյսի նշոյլ մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2021, 13:00