Ֆրանչիսկոս Պապը բացումը կատարեց Իտալացի Եպիսկոպոսներու 74-րդ համագումարին Ֆրանչիսկոս Պապը բացումը կատարեց Իտալացի Եպիսկոպոսներու 74-րդ համագումարին  

Ֆրանչիսկոս Պապը բացումը կատարեց Իտալացի Եպիսկոպոսներու 74-րդ համագումարին

Համագումարին կեդրոնական նիւթն է «Հռչակել Աւետարանը վերածնունդի ժամանակաընթացքին – սկիզբ տալու համար սիւնհոդոսական ուղեւորութեան»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 24 Մայիս 2021-ի յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը բացումը կատարեց Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի համագումարին, որ պիտի տեւէ մինչեւ 27 Մայիս ու տեղի կ՛ունենայ Հռոմի «Ergife Palace» պանդոկին մէջ 200 եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ։

Համագումարին կեդրոնական նիւթն է «Հռչակել Աւետարանը վերածնունդի ժամանակաընթացքին – սկիզբ տալու համար սիւնհոդոսական ուղեւորութեան»։

Համագումարի ընթացքին պիտի ընտրուին նաեւ երկու փոխ նախագահներ, ապա Տնտեսական հարցերու Խորհուրդի անդամներ ու Եպիսկոպոսական յանձնաժողովներու նախագահներ։

Այս առթիւ Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն փոխանցած իր խօսքը կեդրոնացուց սիւնհոդոսականութեան նիւթին վրայ յիշեցնելով որ սիւնհոդոսականութիւնը պէտք է սկսի վարէն դէպի վեր, փոքր հասարակութիւններուն մէջ, ժողովրդապետութիւններուն մէջ։ Գործընթացք մը, որ կը պահանջէ համբերութիւն ու երկար աշխատանք, մարդոց հետ խօսակցութիւն, որպէսզի ան դուրս գայ «Աստուծոյ ժողովուրդի իմաստութենէն»։ Այս առընչութեամբ Սրբազան Պապը ակնարկեց նաեւ 2015-ի Ֆիրենցէի մէջ Իտալիոյ Եկեղեցւոյ կազմակերպած ուսումնաժողովին զայն նկատելով «ժառանգութիւն» որ «պէտք է լուսաւորէ այս պահը»։

Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց թէ պէտք չէ կորսնցնել յիշողութիւնը ու շեշտը դրաւ նաեւ կազմաւորումի հարցին վրայ զգուշացնելով այդ «կազմաւորումի» սխալ ընթացքէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2021, 08:50