Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապը իտալացի կողովախաղի մարզիկներուն. «Կեանքին մէջ միշտ կարելի է վերսկսիլ»։

Երբեք չի կորսնցնել փափաքը «խաղը խաղալու» ու հասկնալու թէ երբ կեանքին մէջ ձեռք չես բերեր «կէտ» մը առ յաւէտ կորսնցուցած չես ամէն ինչ, կարող ես դարձեալ խաղադաշտ իջնել, կարող ես դարձեալ խումբ կազմել միւսներուն հետ, ու կարող ես դարձեալ փորձել իրականացնել այլ հարուած մը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 31 մայիսի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեցաւ կողովախաղի Իտալացի մարզիկներու դաշնութեան պատուիրակութիւն մը, դաշնութեան հիմնարկութեան 100-րդ տարեդարձին առթիւ։

Նորին Սրբութիւնը անոնց ուղղած իր ճառին մէջ նախ շնորհաւորեց անոնց յոբելեանը ապա ակնարկեց 1955-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած խաղին` Պիոս ԺԲ Քահանայապետի ներկայութեամբ ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ եւ Մարզական աշխարհի միջեւ կապին ու անոնց յանձնառումին ի նպաստ մարդկային համապարփակ զարգացումին։

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ ներկայացուց մարզական գործունէութեան հայող երկու երեւոյթներու մասին հակիրճ խորհրդածութիւն մը։

Խումբ կազմել

«Առաջին երեւոյթը «խումբ» կազմել է» ըսաւ Ան, նկատել տալով, որ «կան մարզանքներ որոնք «անահտական» կը կոչուին թէեւ մարզանքը կ՛օգնէ մարդիկը իրար միջեւ կապի մէջ դնելու ու ստեղծելու փոխյարաբերութիւնը տարբեր անձերու միջեւ, որոնք յաճախ իրար չեն ճանչնար եւ «հակառակ որ կու գան տարբեր ոլորտներէ կը միանան ու միասնաբար կը պայքարին միեւնոյն նպատակին համար»։

Միանալ ու պայքարիլ միեւնոյն նպատակին համար 

«Ըլլալ միացած ու պայքարիլ միեւնոյն նպատակին համար երկու կարեւոր բաներ են» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ այս ուղղութեամբ մարզանքը մեր ընկեցութեան մէջ տիրող անհատականութեան համար դեղ մըն է, տրուած ըլլալով նաեւ որ մարզական գործունէութեան ընդմէջէն կը մշակուի եղբայրութեան արժէքը որ նաեւ Աւետարանի սիրտն է։

Կարգապահութիւնը

Ակնարկելով երկրորդ երեւոյթի մասին Քահանայապետը խօսեցաւ մարզիկի կարգապահ վերաբերմունքի մասին, մատնանշելով մարզանքի ծիրէն ներս կարգապահութեան ու հետեւողականութեան կարեւորութեան, որ կը նախատեսէ նաեւ ժամերու, հանգիստի ու սննդարար կեանքի նկատմամբ ուշադրութիւն։

«Այս մէկը ըսաւ Քահանայապետը կազմաւորումի եւ կրթութեան դպրոց է մասնաւորապէս երիտասարդներուն համար։ Կ՛օգնէ զանոնք հասկնալու թէ որքան կարեւոր է սորվիլ «իրենց կեանքին մէջ կարգապահութիւն դնել»ը, յարեց Սրբազան Պապը նշելով նաեւ թէ մարզանքի նպատակը մեզ պատասխանատու դարձնելն է ու կ՛օգնէ նաեւ հոգեւոր կեանքին, որ «իր կարգին կարիքն ունի ներքին կարգապահութեան մը, որ կազմուած է հաւատարմութենէ, հետեւողականութենէ, աղօթքի մէջ առօրեայ յանձնառումէ»։

Հետեւողական մարզուածութիւն

«Առանց ներքին հետեւողական մարզուածութեան վտանգը կայ որ հաւատքը մարի» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը աւելցնելով վերջին մէկ խրատ մը. «Կողովախաղը դէպի վեր նայող մարզանք մըն է եւ ասիկա մեծ մարտահրաւէր է բոլոր անոնց` որոնք վարժուած են իրենց հայեացքը միշտ դէպի վար սեւեռելու։

Կարելի է միշտ խաղադաշտ իջնել

Պիտի ուզենայի որ ձեր պարտականութիւնն ըլլար առողջ մարզանքը խթանել պատանիներուն միջեւ ու երիտասարդներուն օգնել նայելու դէպի վեր, առանց երբեք վհատելու, բացայայտելու համար որ կեանքը ձախողութիւններով ու յաջողութիւններով կազմուած ճանապարհորդութիւն մըն է ու կարեւորը այն է երբեք չի կորսնցնել փափաքը «խաղը խաղալու» ու հասկցնել անոնց թէ երբ կեանքին մէջ ձեռք չես բերեր «կէտ» մը առ յաւէտ կորսնցուցած չես ամէն ինչ, կարող ես դարձեալ խաղադաշտ իջնել, կարող ես դարձեալ խումբ կազմել միւսներուն հետ, ու կարող ես դարձեալ փորձել իրականացնել այլ հարուած մը։

Քահանայապետը հուսկ ճառը աւարտեց իր օրհնութիւնները շնորհելով բոլորին ու խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2021, 12:49