Քահանայապետին հանդիպումը Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեսպաններու հետ Քահանայապետին հանդիպումը Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեսպաններու հետ

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած նոր դեսպաններուն։

Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Սինկափորի, Զիմպապուէի, Պանկլատէշի, Ալճերիոյ, Սրի Լանքայի, Պարպատոսի, Շուէտի, Ֆինլանտայի եւ Նեփալի Սուրբ Աթոռի մօտ նշանակուած նոր դեսպանները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 21 Մայիսի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատէն ներս ընդունեց Սինկափորի, Զիմպապուէի, Պանկլատէշի, Ալճերիոյ, Սրի Լանքայի, Պարպատոսի, Շուէտի, Ֆինլանտայի եւ Նեփալի Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեսպանները, անոնց հաւատարմագիրերու յանձնումի արարողութեան առթիւ, եւ անոնց իր ուղղած ողջոյնի խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ Քորոնաժահրի բերումով ստեղծուած ճամբորդելու դժուարութիւններուն ու ներկաներէն խնդրեց որ իրենց Երկրիներու Ղեկավարներուն փոխանցեն իր գնահատական եւ երախտագիտութեան զգացումները, անոնց իրենց ժողովուրդներուն ծառայութեան ի սպաս իրագործած վեհանձն առաքելութեան համար։

Դիմագրաւել յետ համաճարակային հարցերը

Նորին Սրբութիւնը հուսկ ակնարկեց աշխարհը յուզող ընկերային եւ տնտեսական ճգնաժամին ու այդ ճգնաժամի տխուր հետեւանքներուն, դիտել տալով` որ համաճարակը մեզ աւելի գիտակից դարձուց մեր իրար փոխկապուածութենէն, որպէս անդամներ միակ մարդկային ընտանիքին ու մեզ նաեւ մղեց աւելի ուշադիր ըլլալու աղքատներուն եւ անպաշտպաններուն, աւելցուց Քահանայապետը մատնանշելով այն իրականութեան, թէ ընկերութիւնները կանչուած են քաջութեամբ դիմագրաւելու համաճարակին մեր առջեւ դրած մարտահրաւէրը, «որպէսզի զարգացնենք «խնամքի ընդհանրական մշակոյթ մը», որ կարող ըլլայ ներշնչել նոր փոխյարաբերութիւններ եւ համագործակցութեան կառոյցներ ի սպաս զօրակցութեան, մարդկային արժանապատուութեան յարգանքին, իրար օգնութեան եւ ընկերային արդարութեան համար»։

Բնապահպանական պարտք

Սրբազան Պապը ակնարկեց ապա միջազգային հասարակութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու անոր անկարողութեան` պատշաճ եւ բաժնեկցուած լուծումներ գտնելու մեր աշխարհի հարցերուն եւ այս ծիրէն ներս մատնանշեց գաղթականութեան եւ կլիմայական փոփոխութեան հարցին, ինչպէս նաեւ մարդասիրական տագնապներուն։ Ան ակնարկեց նաեւ բազմաթիւ Երկիրներու ֆինանսական տագնապին ու այդ երկիրներու պարտքերուն ու նաեւ «բնապահպանական պարտքին» զոր բոլորս ունինք բնութեան նկատմամբ։

Արդարութեան հարց

«Բոլոր այս հարցերը քաղաքական կամ տնտեսական չեն, այլեւ արդարութեան հարց են, արդարութիւն մը, որ կարելի չէ այլեւս անտեսել կամ յետաձգել» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով թէ այս մէկը միջսեռնդային բարոյական պարտականութիւն մըն է, «որովհետեւ մեր զաւակներուն թողելիք աշխարհը կախեալ է այս հարցերը դիմագրաւելու մեր լրջութենէն»։

Դիւանագիտութեան գործունէութեան կարեւորութիւնը

Սրբազան Պապը ընդգծեց հուսկ ներկաներուն դիւանագիտական գործունէութեան կարեւորութիւնը, ապահովեցնելով Սուրբ Աթոռին թիկունքը` վերոնշեալ հարցերը դիմագրաւելու համար, «որպէսզի, ըսաւ Ան կարելի ըլլայ կառուցել աշխարհ մը ուր մարդ էակները ըլլան անոր կեդրոնը, տնտեսութիւնը ի ծառայութիւն համապարփակ զարգացումին եւ Երկիրը` մեր բոլորի հասարակաց տունը ըլլայ պահպանուած եւ պաշտպանուած»։

Սուրբ Երկիրը ու Պենտեկոստէի տօնի հսսկումը

Քահանայապետը հուսկ յատուկէն յիշեց Սուրբ Երկրի մէջ վերջին օրերու պատերազմը գոհունակութիւն յայտնելով Աստուծոյ զինադադարի ուղղութեամբ առնուած որոշումին համար, ապա հրաւէր ուղղեց բոլորին մասնակցելու Սուրբ Երկրի կաթողիկէ առաջնորդներուն հովանաւորութեամբ կազմակերպուած Պենտեկոստէի տօնի աղօթքի հսկումին։

«Թող Սուրբ Հոգիին բարձրանայ իւրաքանչիւր հասարակութեան աղերսը, որպէսզի իսրայէլացիներն ու պաղեստինցիները կարողանան գտնել երկխօսութեան եւ Ներումի ճանապարհը, որպէսզի անոնք դառնան խաղաղութեան եւ արդարութեան համբերատար կառուցողները, քայլ առ քայլ բացուելով միասնական յոյսի մը եւ եղբայրներու միջեւ համակեցութեան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսքը աւարտեց շնորհաւորելով նոր դեսպանները իրենց այս նոր առաքելութեան համար այդ առընչութեամբ վերահաստատելով Սուրբ Աթոռին աջակցութիւնը։ Ան ապա դեսպաններովն անոնց ընտանիքներուն, գործընկերներուն ու համագործակիցներուն ինչպէս նաեւ անոնց հայրենակիցներուն վրայ հայցեց Աստուածային օրհնութիւններն ու իմաստութեան զօրութեան եւ խաղաղութեան պարգեւնեը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2021, 11:30