Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Յունիս ամսուայ ընթացքին Քահանայապետին նախագահած ծիսական արարողութիւնները։

Քահանայապետը պիտի գլխաւորէ Սուրբ Հաղորդութեան ապա Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօներու առթիւ պատարագները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քահանայապետական Ծիսական արարողութիւններու գրասենեակին հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի յառաջիկայ յունիս ամսուայ ընթացքին պիտի գլխաւորէ երկու կարեւոր արարողութիւններ. Առաջինը` Կիրակի 6 յունիսին` Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնի առթիւ Սուրբ Պատարագը որ նախատեսուած է երեկոյեան 5.30-ին Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ: Պատարագին պիտի յաջորդէ Սուրբ Հաղորդութեան թափօրը, որ մեկնելով Սուրբ Պետրոսէն պիտի աւարտի Վատիկանի «Թէութոնիքօ» անուամբ գերեզմանատան մէջ, ուր տեղի պիտի ունենայ նաեւ Սուրբ հաղորդութեան օրհնութիւնը։

Նշենք թէ սոյն պատարագը աւանդութեան համաձայն կը կատարուէր Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Մայր տաճարին մէջ, որուն կը յաջորդէր Սուրբ Հաղորդութեան թափօրը, որ կ՛երկարէր Մերուլանա պողոտայի վրայ ու կը հասնէր մինչեւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար, թէեւ վերջին տարիներուն Ֆրանչիսկոս Պապը նախընտրած էր այս մէկը կատարել Հռոմի ժողովրդական այլ ժողովրդապետութիւններէն մէկուն մէջ։ Ամենայնդէպս առողջապահական ճգնաժամի պատճառաւ այս տարի եւս այս տօնը պիտի կատարուի Վատիկանի մէջ։

Երկրորդ ծիսական արարողութիւնը նախատեսուած է 29 Յունիսին, Հռոմի պաշտպան սուրբեր` Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին օրը։ Ֆրանչիսկոս Պապը առաւօտեան 9.30-ին Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցէ Սուրբ Պատարագ եւ աւանդութեան համաձայն այդ առթիւ պիտի օրհնէ նաեւ եկեղեցւոյ հաղորդութիւնը խորհրդանշող եմիփորոնները։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2021, 09:51