Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին դէմ մահափորձի 40 ամեակը

Ֆրանչիսկոս Պապին Լեհ հաւատացեալներուն ուղղած ողջոյնի խօսքը հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 12 մայիսին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, ողջունելով ունկնդրութեան ներկայ գտնուող հաւատացեալները ֆրանչիսկոս Պապ Լեհ հաւատացեալներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ  նշեց որ վաղը ծիսականտօնն է ֆաթիմային Տիրամօր եւ կը յիշատակուի սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ի դէմ մահափորձի 40 ամեակը։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց, որ Սուրբ ՅՊԲ ինք անձամբ միշտ ընդգծած է, որ իր կեանքը կը պարտի Ֆաթիմայի Տիրամօր,  եղելութիւն մը որ մեզի գիտակից կը դարձնէ որ մեր կեանքն ու աշխարհի պատմութիւնը Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ են։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։ Ան ապա ն ու համայն Սուրբ Կոյս Մարիամին անարատ սիրտին յաձնենց եկեղեցին ու համայն աշխարհը։

Ֆրանչիսկոս Պապ լեհ հաւատացեալներէն խնդրեց նաեւ որ աղօթեն աշխարհի խաղաղութեան, համաճարակի աւարտի ու հոգիին ապաշխարութեան համար, շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2021, 10:10