Գերապայծառ Արթուր Ռոշ Գերապայծառ Արթուր Ռոշ 

Գերապայծառ Արթուր Ռոշ նշանակուեցաւ Աստուածային պաշտամունքի ժողովի կառավարիչ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Աստուածային պաշտամունքի ժողովի կառավարիչ նշանակեց գերապայծառ Արթուր Ռոշը, որ մինչեւ օրս կը վարէր ժողովին քարտուղարի պաշտօնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 27 մայիս 2021-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրամանով Աստուածային Պաշտամունքի եւ խորհուրդներու մատակարարման ժողովը ունեցաւ իր նոր անձնակազմը, սկսեալ կառավարիչէն` 72 ամեայ անգլիացի գերապայծառ Ռոշ Արթուրը, որ կը յաջորդէ Կարդինալ Ռոպէր Սարային եւ որ 2012էն ի վեր կը վարէր Ժողովի քարտուղարի պաշտօնը։

Նոր Կառավարիչը իր աստուածաբանական ուսումները աւարտած է Սպանիայի Վալլապոյլտ «St. Alban’s College» Քոմիլլասի Քահանայապետական համալսարանին մէջ։ Քահանայ ձեռնադրուած է 1975-ին։ 1996-ին կը դառնայ Անգլիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի քարտուղար։ 2001-ին Սուրբ Յովհանէս Պօղոս Բ զինք կը նշանակէ Ուեսթմինսթերի օգնական եպիսկոպոս։ 2004-ի ապրիլին կ՛անուանուի Լիտս թեմի եպիսկոպոս եւ 2012-էն ասդին կը ծառայէ Վատիկանի Աստուածային Պաշտամունքի եւ խորհուրդներու մատակարարման ժողովէն ներս։

Քահանայապետը ապա գերապայծառ Ռոշի թափուր թողած քարտուղարի պաշտօնը յանձնեց Ֆրանչիսկեան միաբան Թորթոնայի եպիսկոպոս Վիթթորիօ Ֆրանչեսքօ Վիոլային եւ որպէս ենթաքարտուղար նշանակեց գերապայծառ Աուրելիօ Կարսիա Մարչիասը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2021, 12:30