Նատիա Տէ Մունարի Նատիա Տէ Մունարի 

Փերուի մէջ սպաննուած իտալացի միսիոնարուհիին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը. Քահանայապետը. «Չարդարացուած բռնութիւն».

Քահանայապետը հեռագիրով մը յայտնեց իր մօտիկութիւնը յիշելով նաեւ բոլոր միսիոնարները որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին մինչ կը մատուցէին իրենց Աւետարանական ծառայութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 28 ապրիլին Քիմպոթէ թեմին արքեպիսկոպոս գերապայծառ Անկել Ֆրանսիսքօ Պիորնօ, թեմի «Asunción de la Virgen Maria» եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Նատիա Տէ Մունարի` իտալացի կամաւորուհիին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, աշխարհական միսիոնարուհին որ մահացաւ անցեալ շաբաթ օր, անցեալ երեքշաբթիէն չորեքշաբթի երկարող գիշերուան ընթացքին թիրախ դառնալէ ետք յարձակումի մը, իր իսկ հիմնած եւ կառավարած «Մամմա Միա» կրթական համալիրէն ներս։

50 ամեայ կամաւորուհին բացի վերոնշեալ կրթական կեդրոնէն կը կառավարէր նաեւ այլ հինգ մանկապարտէզներ ու նախակրթական դպրոց մը ծառայութիւն մատուցելով Նուէվօ Քիմպոթէ տնակային քաղաքի 500 աղքատ մանուկներուն։

Քահանայապետին հեռագիրը

Յուղարկաւորութեան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրով մը իր վճռակամ դատապարտումը արտայայտեց «այս նոր եւ չարդարացուած բռնութեան արարքին» համար, «որ կ՛աւելնայ այն բազմաթիւ արարքներուն. որոնց ընթացքին իրենց կեանքը կորսնցուցին միսիոնարներ մինչ անձնանուիրումով իրենց ծառայութիւնը կը մատուցէին Աւետարանին եւ աւելիով խոցելի ու անպաշտպան անձերուն» կը նշէ Սրբազան Պապը իր հայրական մօտիկութիւնը արտայայտելով Նատիայի ծնողաց, ընտանեկան պարագաներուն, բարեկամներուն ու ծանօթներուն. ապահովեցնելով նաեւ իր աղօթքները եւ առաքելական օրհնութիւնները.

Յուղարկաւորութիւնէն ետք Նատիային դիակը պիտի փոխադրուի Իտալիա` անոր ծննդավայր Սքիօ քաղաք։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2021, 10:21