Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը Աստուծոյ ծառայ Խօսէ Կրէկորիօ Հերնանտեզի երանացման արարողութեան առիթով։

Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց որ Տոքթոր Հերնանտեզի երանացումը յատուկ օրհնութիւն է Վենեզուելային համար ու հրաւէր է մէկը միւսին զօրակցելու, միասնաբար գործելու հասարակաց բարիքի ի խնդիր, որպէսզի երկիրը վերածնի ու վերակենդանանայ համաճարակի աւարտէն ետք։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Աստուծոյ ծառայ Խօսէ Կրէկորիօ Հերնանտեզ Չիսներոսի երանացման արարողութեան առիթով, ուրբաթ, 30 ապրիլին, ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց, որուն սկիզը իր ուրախութիւնը յայտնեց այն առումով որ Ժողովուրդի բժիշկը այժմ կը գտնուի Աստուծոյ մօտ ու Քորմոթօ Տիրամօր հետ կը բարեխօսէ իր ազգակիցներուն համար։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ բժիշկ Խոսէն Քրիստոսի հաւատարիմ առաքեալն է, որ աւետարանը ապրեցաւ իր կեանքին մէջ, ամէն օր սուրբ Պատարագի մասնակցեցաւ, աղօթեց ու հաւատաց յաւիտենական կեանքին, որպէս իմաստութեան, գիտութեան, ծառայութեան ու առողջապահութեան ծառայութեան մարդ։ Աստուծոյ ծառայ Խօսէն իբրեւ բարի սամարացի, օրինակ է սրբութեան, անձնառու է կեանքի պաշտպանութեան, պատմութեան մարտահրաւէրներուն, ու եղբայրսիրութեան տիպար առանց բացառելու ոչ մէկը։

Աստուծոյ ծառայ Խօսէ Հերնանեզի իւրայատկութիւնները։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ երանելիին անձնաւորութեան յատկութիւններուն մասին, որոնց շարքին նշեց անձնուիրումը, ծառայութիւնը, որ սորվեսաւ Յիսուսի վերջին ընթրիքէն, ուր լուաց լ աշակերտներուն ոտքերը, նաեւ Յուդային ոտքերը, գիտնալով հանդերձ որ դաւաճան  մըն էր։ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով, որ Յիսուս այս պահուն կը խնդրէ որ մէկը միւսին ոտքերը լուայ, հեզ դառնայ ու մէկը միւսին սիրէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ շատ անգամ կը մտածենք, թէ ոչ մէկը կարիքը ունի օգնութեան ու ներողամտութեան, հաստատելով թէ դա Աստուծոյ ծառայ Խոսէի ուղեւորութիւնը չէ, որ մեզի սորվեցուց, այլ անոր իսկական ուղեւորութիւնն է ծառայութիւնը, ունկնդրութիւնն ներողամտութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ Համաճարակի ներկայ դժուար կացութեան նշելով, որ երանացման արարողութիւնը տեղի կ՝ունենայ համաճարակի դժուար ու տխուր պայմաններու ներքոյ, ապահովցնելով իր մօտիկութիւնը բոլոր հաւատացեալներուն, որոնք համաքաղաքացիներն են նոր երանելիին։

Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց որ Տոքթոր Հերնանտեզի երանացումը յատուկ օրհնութիւն է Վենեզուելային, ու հրաւէր է մէկը միւսին զօրակցելու, միասնաբար դրսեւորելու համար հասարակաց բարիքը, որպէսզի երկիրը վերածնի ու վերակենդանանայ համաճարակի աւարտէն ետք։

Հետեւիլ Աստուծոյ ծառային օրինակին

Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց, որ Վենեզուելլացիները Տոքթոր Խոսէին օրինակին հետեւելով, մէկը միւսին օգնէ՝ իբրեւ եղբայրներ։ Ան ապա մաղթեց որ հանրային հաստատութիւնները, անվտանգութիւն եւ վստահութիւն հաստատեն բոլորին միջեւ ու երկիրը դառնայ մարդկային զարգացան ու համակեցութեան հնարաւորութեան երկիր։։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց ազգային միութեան ուղեւորութիւն մը Վենեզուելայի բարիքին համար, ապահովեցնելով իր աղօթքը, որպէսզի ոչ մէկ իրողութիւն այդ միութեան ուղեւորութեան արգելք հանդիսանայ
Սրբազան Պապը եզրափակեց իր պատգամը յայտնելով, որ կը փափաքի Վենեզուելլան այցելել ապա իր աղօթքը ապացուցեցուց Քարոմօ Տիրամօր ու Երանելի Կրէկորիօ Հերնանետզի բոլորին դիտաւորութեան համար։

Խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց յառաջ ընթանալ հետեւելով Աստուծոյ ծառայ Խօսէ Կրէկորիոյին օրինակին ու շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2021, 16:00