«Ընտանիք` սիրոյ ուրախութիւն տարին» «Ընտանիք` սիրոյ ուրախութիւն տարին»  

«Սիրոյ ուրախութիւնը» յորդորագիրի հրատարակութեան հինգերորդ տարեդարձը. «Ընտանիքը եղբայրութեան թթխմոր»։

Սրբազան Պապը խրախուսած է վերահաստատելու ամուսնութեան արժէքը, «որպէս Աստուծոյ ծրագիր, որպէս պտուղ Անոր շնորհքին եւ որպէս կոչ՝ ապրելու ամբողջութեամբ, հաւատարմութեամբ եւ ձրիութեամբ» այնպէս որ անոնք ւ դառնան ընկերութեան համար եղբայրութեան եւ սիրոյ թթխմոր»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգ տարիներ առաջ` 8 ապրիլ 2016-ին, ի լոյս կ՛ընծայուէր Ֆրանչսիկոս Պապին ընտանիքի սիրոյ մասին` «Amoris laetitia – Սիրոյ ուրախութիւնը» խորագիր կրող, ընտանիքին նուիրուած յետ-սիւնհոդոսական յորդորագիրը։

Ընտանիք սիրոյ ուրախութիւն տարի

«Ընտանիքի ուրախութիւնը» յորդորագիրին հրապարակման հինգերորդ տարեդարձին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը անցեալ դեկտեմբերին որոշում կայացուցած էր հռչակել «Ընտանիք` սիրոյ ուրախութիւն տարին» որ սկիզբ առաւ անցեալ 19 Մարտին, Սուրբ Յովսէփի տօնին օրը ու պիտի աւարտի 2022 թուականի Յունիսի վեցին` Ընտանիքներու Համաշխարհային 10-րդ հաւաքին օրը։

Ընտանիքին նուիրուած տարւոյն ներկայացումին առթիւ իր ունեցած ելոյթին մէջ Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի Ժողովի կառավարիչը Կարդինալ Քեվին Ֆարրել յայտնած էր, թէ «Ընտանիքը սիրոյ ուրախութիւն տարին թանկարժէք առիթ մըն է հասունցնելու համար Ընտանիքին նուիրուած սիւնհոդոսին ուղեւորութեան արդիւնքները» մատնանշելով, թէ այս տարին առիթ կը հանդիսանայ նաեւ «աւելի լաւ կերպով ներկայացնելու «Amoris Laetitia» յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրը», ու առիթ է յատկապէս «ընտանիքներուն մօտ ըլլալու ու անոնց հետ միասին քալելու»։

Ընտանիքները դերակատարներ

«Ընտանիքները լի են ուժականութեամբ եւ պարգեւներով, ըլլայ համայն ընկերութեան համար ըլլայ Եկեղեցւոյ համար, որուն հետեւանքով պէտք է` որ ընտանիքները նկատի առնուին եւ գործնականապէս ներգրաւուին որպէս դերակատարներ հովուական ծառայութեան ծիրէն ներս» ըսած էր միշտ այդ առթիւ Կարդինալ Ֆարրրել։

Նշենք թէ Յորդորագիրը կազմուած է 9 գլուխներէ, ստորաբաժանուած 325 թիւերով եւ 391 ծանօթագրումներով եւ Սուրբ Ընտանիքին նուիրուած եզրափակիչ աղօթքէ մը։

Ինը գլուխներու ընթերն են` Նախաբանը` ներշնչուած Սուրբ Գրային ընթերցումներէն, ապա Ընտանիքի այժմէական իրավիճակը (Բ)­, հուսկ ընտանիքը Եկեղեցւոյ վարդապետութեան լոյսին տակ (Գ)։ Չորրորդ գլուխին մէջ կը խօսուի Ամուսնութեան սիրոյ մասին որ պտղաբեր կը դառնայ ընտանիքի կազմութեան մէջ (Ե), սոյն նիւթը կեդրոնական տեղ կը գրաւէ յորդորագիրին մէջ։ Յաջորդ գլուխներուն մէջ Նորին Սրբութիւնը կը ներկայացնէ հովուական ուղեցոյց մը` կազմելու համար հաստատ եւ պտղաբեր ընտանիքներ, Աստուծոյ ծրագրին համաձայն (Զ ), ինչպէս նաեւ ամրապնդելու զաւակներու դաստիարակութիւնը (Է)։ Ութերորդ գլուխը հրաւէր մըն է Ողորմութեան եւ հովուական խնամակալութեան, ի տես այն կացութիւններուն, որոնք ամբողջութեամբ չեն համապատասխաներ Տիրոջ առաջարկներուն, մինչ իններորդ գլուխը յատկացուած է ընտանիքի հոգեւորութեան։

Քահաանայապետին պատգամը

«Ընտանիք` սիրոյ ուրախութիւն» տարիին առթիւ 19 Մարտ 2021-ին ուղղած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւէր ուղղեց պաշտպանելու ընտանիքը անոր գեղեցկութիւնը ապականող բաներէն։

Ան հրաւիրեց «ընկերանալ, ունկնդրել, եւ օրհնել ընտրանքներուն ուղեւորութիւնը» ամուսնացեալներուն ըսելու համար, որ Եկեղեցին իրենց հետն է եւ կ՛ուզէ անոնց օգնել «պահպանելու համար անոնց ընկալած պարգեւը»։

Սրբազան Պապը խրախուսած էր ապա վերահաստատելու ամուսնութեան արժէքը, «որպէս Աստուծոյ ծրագիր, որպէս պտուղ Անոր շնորհքին եւ որպէս կոչ՝ ապրելու ամբողջութեամբ, հաւատարմութեամբ եւ ձրիութեամբ» այնպէս որ անոնք ւ դառնան ընկերութեան համար եղբայրութեան եւ սիրոյ թթխմոր»։

Թիկունք կանգնիլ  ընտանիքին 

Քահանայապետը հայեացքը սեւեռելով այժմէական իրականութեան վրայ, որուն մէջ համաճարակը՝ «հոգեբանական, ու նաև տնտեսական և առողջական բազում խնդիրներ» յառաջացուց, հաստատեց թէ ընտանեկան յարաբերութիւնները կը մնան «ամենահաստատուն ուղենիշը, ամենաուժեղ աջակցութիւնը, մարդկային և ընկերային համայն համայնքի կայունութեան անփոխարինելի կայազօրը»:

«Թիկունք կանգնինք ուրեմն ընտանիքին» կոչ ուղղեց Սրբազան Պապը, Պաշտպանենք զայն այն բաներէն, որոնք կը վտանգեն անոր գեղեցկութիւնը։ Հիացումով մօտենանք այս սիրոյ խորհուրդին, հայեցողութեամբ և քնքշութեամբ։ Ապա յանձնառու ըլլանք պաշտպանելու անոր արժէքաւոր եւ նուրբ կապերը, զաւակներ, ծնողք, մեծ հայրիկ ու մեծ մայրիկներ։ Այս կապերը անհրաժեշտ են ապրելու և լաւ ապրելու համար, որպէսզի մարդկութիւնը դարձնենք աւելի եղբայրական»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/04/2021, 10:01