Արժոյթի միջազգային հիմնադրամ Արժոյթի միջազգային հիմնադրամ 

ֆրանչիսկոս Պապ. «Համերաշխութեան աշխարհ կառուցելը պատմութիւն կերտելու միջոց է։»

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը համաշխարհային դրամատան եւ արժոյթի միջազգային հիմնադրամին գարնանային հանդիպումներուն առիթով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը նամակ մը յղեց համաշխարհային դրամատան եւ արժոյթի միջազգային հիմնարկի՝ 2021 թուականի գարնանային հանդիպումներուն առիթով։

Ունկնդրէ լուրը

Նամակին մէջ Սրբազան Հայր յիշեալ միջազգային կազմակերպութիւններու մաղթեց, որ մարդկութեան ապագան ունենայ տնտեսականութիւն մը, ուր կեդրոնական տեղ կը գրաւեն հասարակաց բարիքը, խոցելիները, մեկուսացեալները ու այս նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ նկատեց մտածել նոր ստեղծարար եւ ներգրաւական ձեւեր՝ ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական շրջագիծերէն ներս, ցարդ սկսելով համաճարակին դէմ, արդարութեամբ ֆինասաւորուած զօրակցութեան պատուաստանիւթով։

Զարգացնել հանդիպումի մշակոյթը

Սրբազան Հայը ապա յորդորեց, որ շուկայական օրէնքը չգերիշխէ սիրոյ առողջապահութեան օրէնքին վրայ մաղթեց, որ յիշեալ կազմակերպութիւններուն հանդիպումներուն աշխատանքներուն մէջ լուծումներ գտնուին բոլորին բարիքը վերականգնելու համար։ Ան անհրաժեշտ նկատեց հանդիպումի մշակոյթի զարգացումը, ուր բոլորին ձայնը հասանելի է եւ ուր բարգաւաճումն ու բարի յարաբերութիւնները հասանելի են բոլորին։  Նորին Սրբութիւն Հրաւիրեց չ՝անտեսել բնապահպանութեան վարկը, որուն պատճառն է բնապահպանութեան անկումը՝ մարդ արարածին եւ կենսաբազմազանութեան պակասին հետեւանքով։ Յորդորեց հաշուի առնել բնահպանողական վարկը անոր հաշիւը վճարեմ զարգացած երկիրները՝ օգնելով աղքատ երկիրները՝ գործադրելու քաղաքականութիւն եւ ծրագիրներ կայուն զարգացումի ի սպաս։

Տնտեսութեան նպատակը հասարակաց բարիքը

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ ,որ տնտեսական կեանքի նպատակը պէտք է ըլլայ տիեզերական հասարակաց բարիքը նշելով, որ անհրաժեշտ է աճիլ եւ մտածել համայնքային առումով։ Պէտք է պայքարիլ աղքատութեան պատճառներու դէմ՝ անհաւասարութեան, աշխատանքի պակասին, ընկերային իրաւունքներու մերժումի դէմ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց մաղթելով որ 2021 թուականի համաշխարհային դրամատան եւ արժոյթի միջազգային հիմնադրամին գարնանայիմ հանդիպումներու աշխատանքը արդիւնաւոր դառնան ու տնտեսութիւնը ծառայէ հասարակաց բարիքինն, խոցելիներուն եւ բացառուածներուն։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/04/2021, 13:36