Ավիլացի Սրբուհի Թերեզա Ավիլացի Սրբուհի Թերեզա  

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ավիլայի Սրբուհի Թերեզա եկեղեցւոյ եւ ընկերութենէն ներս կիներու դերակատարութեան տիպար։»

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Ավիլայի Սրբուհի Թերեզա եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակման 50-րդ տարեդարձին առիթով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ավիլայի Սրբուհի Թերեզա, եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակուելուն 50-րդ տարեդարձին առիթով, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պատգամ մը յղեց Ավիլայի թեմի եպիսկոպոս գերապայծառ Ժիլ Թամային, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ Սրբուհիին ուսուցումը քաջալերանք է բոլոր անոնց որոնք կը պայքարին պատնէշներուն ընդդէմ ՝ըլլայ գոյութենական, ըլլայ ֆիզիկական կամ մշակութային պատնէշներու դէմ։

Ունկնդրէ լուրը

Առաջին կինը հռչակուած եկեղեցւոյ վարդապետ

Սրբուհին Թերեզան իգական սեռէն առաջին կինն է, որ եկեղեցւոյ վարդապետ կը հռչակուի, Սուրբ Պօղոս Զ Պապին օրով, 27 սեպտեմբեր 1970ին։

Եկեղեցւոյ վարդապետ Հռչակման 50 տարուան առիթով, Ավիլայի մէջ գտնուող Սրբուհի թերզային նուիրուած համալսարանը կազմակերպած է միջազգային համաժողով մը ունենալով իբրեւ տիտղոս «բացառիկ կին» վերագրուած Մոնթինի Պապին կողմէ։

1515 թուականի ծնած եւ 1582 թուականի վախճանած Սրբհուհի Տավիլային մասին գրած պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ Յիսուսի վառած կրակը կը շարունակէ փայլիլ այս աշխարհին մէջ, որ կարօտը ունի քաջարի վկաներու, որոնք կարող են պայքարիլ որեւէ պատնէշի դէմ, ըլլայ ֆիզիկական ըլլայ մշակութային կամ գոյութենական պատնէշներու դէմ ։

Սրբուհի Թերեզան կը շարունակէ օգտակար դառնալ իր գրութիւններուն շնորհիւ

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամի մէջ նշեց, թէ Սրբուհին կը շարունակէ խօսիլ իր գրութիւններուն շնորհիւ, անոր պատգամը տիպար է բոլորին, նամանաւանդ անոնց, որոնք կանչուած են կրօնաւորական կեանքին։

Սրբուհին թերեզան ունենալ իբրեւ բարեկամուհի, ընկերուհի եւ առաջնորդ, մեր երկրաւոր ուխտագնացութեան մէջ  անվտանգութեան ու հանգստութեան պարգեւ է։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտած է յիշեցնելով, որ Սրբուհի  թերեզան ջերմեռանդ էր Սուրբ Յովսէփին, քաջալերելով խորացնել անոր ուսուցումն ու պատգամը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2021, 19:08