Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Ժողովուրդին մէջ արմատացած քաղաքականութիւն» միջազգային ձեռնարկին առթիւ Քահանայապետին լսատեսողական պատգամը։

Հարկաւոր է բոլոր անհատներուն երաշխաւորել կեանք մը, որ արժանի ըլլայ կոչուելու մարդկային, կեանք` որ կարող ըլլայ մշակել առաքինութիւնները ու կերտել նոր կապեր» յարեց Սրբազան Պապը մատնանշելով, որ Քաղաքականութիւնը պէտք է հասկցուի որպէս ծառայութիւն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 15 ապրիլ 2021ին կայացած «Ժողովուրդին մէջ արմատացած քաղաքականութիւն» նիւթով միջազգային ձեռնարկին առթիւ, որ կազմակերպուած է Լոնտոնի Աստուածաբանութեան եւ Հասարակութեան Կեդրոնի կողմէ, զոր ներշնչում քաղած է Քահանայապետին «Դարձեալ երազենք» խորագիրով գիրքէն ու յատկապէս այդ հատորին մէջ պարունակուած ժողովրդական շարժումներու մասին ու այդ շարժումներու թիկունք կանգնող կազմակերպութիւններու մասին գաղափարներէն, Սրբազան Պապը լսատեսողական պատգամ մը ուղղեց հաւաքի մասնակիցներուն գնահատելով ձեռնարկը ու շեշտը դնելով այն կազմակերպութիւններուն վրայ, որոնք զօրավիգ են ժողովուրդին ու անոր «հողի, երդիքի եւ աշխատանքի» ի սպաս մղած պայքարին։

Ժողովուրդին մէջ արմատացած եղբայրութեան քաղաքականութիւն

«Աղքատութիւնն ու աշխատանքի շուկայէն բացառութիւնը, որոնք յառաջ եկան մեր այս օրերուն ապրած համաճարակէն աւելի հրատապ եւ անհրաժեշտ դարձուցին ձեր գործունէութիւնը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ «այսօրուայ հանդիպումի իսկական նպատակն է` «ցոյց տալ թէ ժողովրդապաշտութեան (փոփուլիզմի) վերելքի իսկական պատասխանը անհատականութիւնը չէ այլ ժողովուրդին մէջ արմատացած եղբայրութեան քաղաքականութիւնն է»։

«Հարկաւոր է բոլոր անհատներուն երաշխաւորել կեանք մը, որ արժանի ըլլայ կոչուելու մարդկային, կեանք` որ կարող ըլլայ մշակել առաքինութիւնները ու կերտել նոր կապեր» յարեց հուսկ Սրբազան Պապը մատնանշելով, որ Քաղաքականութիւնը պէտք է հասկցուի որպէս ծառայութիւն։

Ի նպաստ ժողովուրդին ու անոր դերակատարութեամբ քաղաքականութիւն

Քաղաքականութիւն մը` որ ոչ միայն ըլլայ ի նպաստ ժողովուրդին, այլ նաեւ կազմուած ըլլայ ժողովուրդին հետ, արմատացած անոր հասարակութիւններուն եւ արժէքներուն մէջ։

Մինչ, դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը, «ժողովրդապաշտական» շարժումները կը հետեւին այլ մէկ նշանաբանի «Ամէն ինչ ժողովուրդին, ոչ մէկ բան ժողովուրդին հետ», որ է, նկատել տուաւ ան, քաղաքականութեան հայրաբանութիւն, որմէ ի յայտ կու գայ տեսլական մը, ուր ժողովուրդը դերակատար մը չէ այլ գաղափարախօսութեան մը պարտականը։

Չարհարահել ժողովուրդը

Երբ ժողովուրդը անտեսուած է, անորմէ չի խլուիր միայն նիւթական բարեկեցութիւնը այլ նաեւ գործելու արժանապատուութիւնը, իր սեփական պատմութեան դերակատար ըլլալը, եւ իր արժէքներով, մշակոյթով ստեղծագործութեամբ ու պտղաբերութեամբ արտայայտուելու կարելիութիւնը։

Ասոր համար է, որ «Եկեղեցւոյ համար անկարելի է իրարմէ բաժնել ընկերային արդարութեան խթանումը ժողովուրդի մը արժէքներէն ու մշակոյթի ճանաչումէն» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը անդրադառնալով ժողովականներու «ժողովուրդին կողքին քալելու» գործունէութեան ու անոնց յատուկ առաքելութեան` քալելու ժողովուրդին հետ, որպէս Հովիւներ, քաջութիւնը ունենալով քալելու անոնց առջեւէն` ցոյց տալու համար ճանապարհը, քալելու անոնց հետ, զգալու համար անոնց ապրումը ու քալելու ժողովուրդին ետեւէն` օգնելու համար անոնք որոնք ետ մնացած են։

Երբ Եկեղեցին անտեսէ աղքատները կը դադրի Յիսուսին Եկեղեցին ըլլալէ

Սրբազան Պապը հուսկ հրաւիրեց աշխարհի բոլոր եկեղեցական թեմերը թիկունք կանգնելու ժողովրդային շարժումներուն հաստատելով, որ «եթէ Եկեղեցին կ՛անտեսէ աղքատները կը դադրի Յիսուսին Եկեղեցին ըլլալէն»։

«Նոյնպէս Քաղաքականութիւն մը, որ կ՛անտեսէ աղքատները չի կրնար խթանել հասարակաց բարիքը։ Քաղաքականութիւն մը, որ կ՛անտեսէ արուարձանները երբեք պիտի չի գիտնայ հասկնալ կեդրոնը եւ աղքատները անտեսելու մէկ ձեւը անոնց մշակոյթը եւ հոգեւոր արժէքները թերագնահատել է» յարեց Քահանայապետը հաստատելով, որ «ժողովրդական մշակոյթը արհամարհելը սկիզբն է իշխանութեան չարաշահումին»։

Միշտ ժողովուրդներու ծառայութեան ի սպաս

Ասոր համար ըսաւ հուսկ Քահանայապետը կարևոր է, որ հաւատքի համայնքները հանդիպին, ծանօթանան և աշխատին «մարդոց համար և անոնց հետ», Ան ապա աւլեցուց, որ Իր եղբօր և Աւագ իմամ Ահմատ Ալ-Թայիպի հետ միասին «մենք ստանձնեցինք» երկխօսութեան մշակոյթը որպէս ուղի, ընդհանուր համագործակցութիւնը ՝ որպէս վարք և փոխադարձ գիտելիքները ՝ որպէս մեթոդ և չափանիշ (5): Միշտ ժողովուրդներու ծառայութեան ի սպաս»:

«Այժմ աւելի քան երբեք սիրելի բարեկամներ պէտք է կառուցենք ապագայ մը սկսելով ստորոտէն, ժողովրդին հետ քաղաքականութիւնէն որ արմատացած ըլլայ ժողովուրդին մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով պատգամը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2021, 17:28