Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումի յատկանիշերը խոնարհութիւնն ու նուիրումն են». Ֆրանչիսկոս Պապ

Ացիոնէ Քաթթոլիքա» Իտալական բանուորական շարժումի Ազգային Խորհուրդի անդամները Պապին մօտ, ընկերակցութեան 17-րդ ազգային ընդհանուր հաւաքին առիթով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 30 ապրիլ 2021-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի առաքելական պալատէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց «Ացիոնէ Քաթթոլիքա» Իտալական բանուորական շարժումի ներկայացուցիչներուն, շարժումի 17րդ ազգային ընդհանուր հաւաքին առիթով։

Այս առթիւ ներկաներուն ուղղած իր ճառին մէջ Սրբազան Պապը իր խօսքը կեդրոնացուց Իտալական Ացիոնէ Քաթթոլիքայի պարտականութիւններուն վրայ մեկնաբանելով երեք բառեր. շարժում, կաթողիկէ եւ իտալական։

Շարժում 

Աւետարանը, ըսաւ Սրբազան Պապը մեզի կը հաւաստիացնէ, որ շարժումը կը պատկանի Տիրոջ, Ան ունի անոր բացառիկ իրաւունքը, քալելով «գաղտնի կերպով» մեր պատմութեան մէջ։ «Այս մէկը յիշելը մեզի թոյլ կու տայ չի մոռնալու այն փաստը թէ Հոգին է առաքելութեան աղբիւրը, Անոր ներկայութիւնը առաքելութեան պատճառն է։ Ու թէ պատմութիւնը առաջնորդուած է Տիրոջ սէրէն ու մենք անոր համ-դերակատարներն ենք», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով հուսկ համաճարակին, որ օդ հանեց բազմաթև ծրագիրներ ու իւրաքանչիւրս դրաւ անսպասելի իրականութեան դիմաց։

ՀՆազանդիլ Սուրբ Հոգիին

«Ընդունիլ այս անսպասելի բաները կը նշանակէ հնազանդիլ Սուրբ Հոգիին ու մասնաւորապէս հաւատարիմ ըլլալ մեր ժամանակներու մարդոց ու կիներուն» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հրաւիրելով ներկաները սերտ կապ հաստատել ընդմէջ Խօսքին ու ապրուած կեանքին, ապա հաստատեց թէ Ացիոնէ Քաթթոլիքայի առաջնական շարժումը պէտք է ըլլայ ձրիութիւնը, որ անձնանուիրումի հասուն պտուղն է ու կը պահանջէ նուիրուիլ հասարակութեան ստանձնելով Աւետելու պատասխանատուութիւնը։

Խոնարհութիւնը

«Իսկ շարժումի երկրորդ յատկանիշը խոնարհութիւնն է» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով, որ Եկեղեցին երախտապարտ է շարժումին որովհետեւ անոր ներկայութիւնը յաճախ անաղմուկ է, բայց կը մնայ հաւատարիմ, վեհանձն ու պատասխանատու ներկայութիւն։

«Խոնարհութիւնն ու հեզութիւնը ձեր ծառայութիւնը ապրելու բանալիներն են» աւելցուց Քահանայապետը քաջալերելով զանոնք յարատեւելու «Evangelii gaudium – Աւետարանի Ուրախութիւն» Քահանայապետական յորդորագիրին գծած ճանապարհին վրայ։

Կաթողիկէ

Անդրադառնալով հուսկ «Կաթողիկէ» բառին., Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ այդ բառը կը բնորոշէ անոնց ինքնութիւնը, այսինքն թէ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը սահման չունի։

Ըլլալ բոլորի հետ եւ բոլորի համար

«Դուք ալ Յիսուսին նման պէտք էք ըլլալ բոլորին հետ եւ բոլորին համար» ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով, որ «Կաթողիկէ բառը կարելի է թարգմանել որպէս մերձակից ըլլալ»։

«Համաճարակին այս ժամանակը մեզմէ պահանջեց հեռաւորութիւն հաստատել անձերու միջեւ աւելի ակնյայտ դարձնելով եղբայրական մօտիկութեան արժէքը։ Դուք ձեր ընկերակցութեան գործունէութեամբ կը վկայէք որ հեռաւորութիւնը չի կրնար երբեք դառնալ անտարբերութիւն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով, թէ իրենք որպէս աշխարհականներ կարող են օգնել Եկեղեցին ու համայն ընկերութիւնը միասին վերամտածելու թէ Ի՞նչ տեսակ մարդկայնութիւն մը կ՛ուզենք դառնալ, ի՞նչ տեսակ երկրագունդի մէջ կ՛ուզենք ապրիլ, եւ ի՞նչպիսի աշխարհ մը կ՛ուզենք կառուցել։

Դաս քաղել համաճարակէն

Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը յանձնարարեց դաս քաղել համաճարակի փորձառութենէն ու ամենէ առաջ անսալ մարդկային եւ ընկերային տառապանքին «յատկապէս անոնց, որոնք աւելիով պիտի վճարեն համաճարակին սուղ գինը, մանուկները, երիտասարդներն ու տարեցները ու բոլոր անոնք` որոնք կը փորձարկեն առանձնութիւնն ու դիւրաբեկութիւնը» ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը։

Իտալական

Վերջին բառը որուն մասին խորհրդածեց Սրբազան Քահանայապետը «Իտալական» բառը եղաւ, ուր ան մատնանշեց թէ ընկերակցութիւնը ներառուած է իտալական պատմութեան մէջ ու իտալիոյ եկեղեցիին թիկունք կը կանգնի որպէսզի ան յոյս արտադրէ համայն երկիրն համար։

Այս ծիրէն ներս Քահանայապետը շեշտը դրաւ «երկխօսութեան» եկեղեցի մը ըլլալու հարկաւորութեան վրայ, «եկեղեցի մը որ կ՛ունկնդրէ Հոգիին ձայնը, որ մեզի կը հասնի երկրին ու աղքատներու ճիչի ընդմէջէն» ըսաւ Ան ու անդրադարձաւ սիւնհոդոսական եկեղեցի մը ըլլալու մասին, որ կը նշանակէ քալել միասին Տիրոջ ետեւէն ու դէպի մարդիկը։

Աշխարհականներու կարեւոր դերակատարութիւնը

Քահանայապետը հուսկ ակնարկեց ընկերակցութեան աշխարհական բնոյթին այս մէկը նկատելով առաւելութիւն մը հուսկ խօսքը եզրափակեց ներկաներուն մաղթելով բարի աշխատանք ու յոյս յայտնելով որ այդ աշխատանքները հասունցնեն այն գիտակցութիւնը թէ Եկեղեցւոյ մէջ աշխարհականներուն ձայնը պէտք է ունկնդրուի աւելի մեծ համոզումով։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց բոլորին շնորհելով առաքելական օրհնութիւնները եւ ինչպէս միշտ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար, որովհետեւ ըսաւ Ան «այս աշխատանքը երբեք դիւրին չէ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2021, 12:40