Մայրամուտին նաւուն մէջ նստած երջանիկ մարդու մը լուսանկար Մայրամուտին նաւուն մէջ նստած երջանիկ մարդու մը լուսանկար 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Երկիր մոլորակի միջազգային օրուան» առթիւ՝ «Վերականգնել յարաբերութիւնը արարչութեան հետ»։

Այս տարուան միջազգային օրը առաւել քան երբեք կ՚ուժեղացնէ իր կոչը բոլոր ազգերուն, մասնաւորապէս ճարտարարուեստով յառաջադէմ երկիրներուն, որդեգրելու միասնական կեցուածք մը՝ կասեցնելու համար մեր մոլորակի հումքերու չարաշահումը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Restore Our Earth» տիտղոսի տակ ամբողջ աշխարհը կը յիշէ «Երկիր Մոլորակի Միջազգային Օրը»։ Միջազգային հասարակութեան նպատակն է վերականգնել կայուն յարաբերութիւն մը արարչութեան հանդէպ։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը բազմիցս անդրադարձած է այս հրատապ խնդրին եւ ի մասնաւորի իր երկու շրջաբերականներով՝ «Գովեալ ըլլաս» եւ  fratelli tutti «Բոլորը եղբայրներ»։ Այսօրուան իր թուիթին մէջ ան կը յորդորէ վերականգնել դրական կապ մը Արարիչին, ընկերոջ եւ արարչութեան հետ։

Ունկնդրէ լուրը

«Խզած ենք այն կապերը, որոնք մեզ կը միացնէին Արարիչին, մարդկային էակներու եւ արարչութեան հետ։ Կարիքն ունինք բուժելու այս վնասուած յարաբերութիւնները, որոնք էական են պահելու մեզ եւ կեանքի յաւիտենական հիւսուածքը» կը գրէ Սրբազան Հայրը իր Թուիթին մէջ։ Ան կ՚ընդգծէ մարդ արարածի պատասխանատուութիւնը բնութեան հանդէպ

Այս տարուան միջազգային օրը առաւել քան երբեք կ՚ուժեղացնէ իր կոչը բոլոր ազգերուն, մասնաւորապէս ճարտարարուեստով յառաջադէմ երկիրներուն, որդեգրելու միասնական կեցուածք մը՝ կասեցնելու համար մեր մոլորակի հումքերու չարաշահումը։

Միջազգային օրուան միջոցառումներուն պիտի մասնակցին 40 երկիրներու ղեկավարներ։ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն տրամադիր է ԱՄՆը կրկին ներգրաւելու 2015 թուականի Փարիզեան Համաձայնութեան մէջ, որմէ Ուաշինկթոնը քաշուած էր 2018 թուականին։ Յիշեալ միջոցառումները կերպով մը պատրաստութիւն են տարւոյս 1-12 նոյեմբերին Սկովտիայի Կլասկո քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք համագումարին, ուր պիտի քննարկուի կլիմայական փոփոխութիւններու խնդիրը։

Բացասական բոլոր հետեւանքները իրենց ազդեցութիւնը կը թողուն յատկապէս ամենէն աղքատներուն եւ դիւրաբեկ անհատներուն ու ժողովուրդներուն վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ միշտ մաղթած է որ կազմուի զինակցութիւն մը մարդ արարածի եւ բնութեան միջեւ՝ շեշտելով «համապարփակ բնատնտեսութեան» մը վրայ, որ արդ լայնապէս ծանօթ է «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականէն։ Սրբազան Պապը շատ անգամ յիշած էր թէ բացասական բոլոր հետեւանքները իրենց ազդեցութիւնը կը թողուն յատկապէս ամենէն աղքատներուն եւ դիւրաբեկ անհատներուն ու ժողովուրդներուն վրայ։ Ան միշտ կոչ ուղղած է պատասխանատու կեցուածք ցուցաբերելու՝ հաւաքական եւ զօրակցային յանձնառութեամբ խթանելու հոգատարութեան մշակոյթ մը, որուն կենդրոնը ըլլայ մարդկային արժանապատուութիւնը եւ հասարակաց բարիքը։ Սրբազան Հօր համար առաջնահերթ մտահոգութիւններ են՝ արդարութիւն, հաւասարութիւն եւ ապահովութիւն։

Միջազգային հասարակութեան առաջադրած նպատակներուն հասնելու համար կարեւոր կէտեր են կազերու արտանետումի, ջերոցային ազդեցութեան եւ հումքերու տրամաբանական օգտագործման հարցերը։ Այս ուղղութեամբ Վատիկանը նպատակադրած է մինչեւ 2050 թուական զերոյի վերածել արտանետումները եւ կատարել բարելաւումներ խնդրոյ առարկայ բոլոր բնագաւառներու մէջ։

Կարենալ հասնելու առաջադիր նպատակներուն՝ Ֆրանչիսկոս Պապ կը պահանջէ դաստիարակում մը, ուր առաջնահերթութիւն կը տրուի հասարակաց բարիքներու խնամքին։ Սրբազան Պապը կը խնդրէ չկորզել նոր սերունդներէն լաւագոյն ապագայի մը յոյսը։


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/04/2021, 14:27