Ռոհինկայի գաղթավայրը Ռոհինկայի գաղթավայրը 

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց աղօթել Պանկլատէշի Ռոհինկա գաղթավայրին մէջ բռնկուած հրդեհի զոհերուն ու վիրաւորներու համար

Ֆրանչիսկոս Պապին 25 մարտի թուիթը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 25 մարտին,Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, քահանայպաետական թուիթրեան կայքին վրայ հրապարակելով նոր թուիթ մը հրաւիրեց աղօթելու Պանկլատէշի Ռոհինկա գաղթավայրին մէջ բռնկուած հրդեհի զոհերու ու վնասուածներու համար։

Ունկնդրէ լուրը

Թուիթին մէջ Սրբազան Հայրը գրած է.

«Միասին աղօթենք Պանկլատէշի Ռոհինկա գաղթավայրի մէջ բռնկուած սարսափելի կրակի զոհերուն ու վիրաւորներուն համար, որուն զոհ եղան հազարաւոր անձեր։ Աղօթենք 20 հազար եղբայրներու եւ քոյրերու եւ շատ մը ընտանիքներուն համար, որոնք կորսնցուցին ինչ որ քիչ ունէին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2021, 09:02