Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Ֆրանչիսկեան զօրակցութեան կեդրոն»էն պատուիրակութիւն մը։

Աստուած հայր է որ կը պաշտպանէ, կը զարգացնէ իւրաքանչիւր որդիի արժանապատւութիւնը ու կը հրաւիրէ կառուցելու մարդկային, ընկերային տնտեսական պայմաններ նեցուկ կագնելով աղքատներուն, լքուածներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, մարտ 1ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճէն ներս ընդունեց Ֆիրէնցէ քաղաքէն  «Ֆրանչիսկեաններու աջակցութեան կեդրոն»ին պատուիրակութիւն մը։ 

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյնի խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց վերոնշեալ կեդրոնի անդամներուն մատուցած ծառայութիւնը դժուար պայմաններուն մէջ գտնուող անձերուն, ընտանիքներուն,տարեցներու, հաշմանդամներուն։

Աստուծոյ Արքայութիւնը սերմանողներ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընկերակցութեան անդամները նկատելով Աստուծոյ Արքայութիւնը սերմանողներ նշեց, որ «Յիսուս աշխարհ գալով ու Աստուծոյ արքայութիւնը հռչակելով, գթութեամբ մօտեցաւ մարդկային վէրքերուն ու նեցուկ եղաւ աղքատներուն, գաղթականներուն, լքուածներուն։

Աստուած բարեգութ հայր է 

«Յիսուս մեզի բացայայտեց Աստուծոյ սիրտը. Աստուած հայր է կը պաշտպանէ, կը զարգացնէ ամէն մէկ զաւկի արժանապատւութիւնը ու մեզ կը հրաւիրէ կառուցելու մարդկային, ընկերային տնտեսական պայմաններ, որպէսզի ոչ մէկը բացառուի կամ ոտնակոխուին անոր հիմնական իրաւունքները ու ոչ մէկը տառապի նիւթական հացէն կամ ալ մենակութենէն։»ըսաւ Սրբազան Հայրը։

 Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիի լուսաւոր վկայութիւնը

Ան ապա դիտել տուաւ, որ զօրակցութեան կեդրոնի անդամները իրենց բարեսիրական աշխատանքները ներշնչուած են Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիի լուսաւոր վկայութենէն, որ ապրեցաւ ու գործեց տիեզերական եղբայրութիւն ու ամէն տեղ խաղաղութիւն սերմանեց քալելով աղքատներուն, լքուածներուն, հիւանդներուն հետ։

«Որոնելով հետեւիլ Սուրբի օրինակին, դուք քառասուն տարիէ ի վեր կը շարունակէք ծառայել, որ յոյսի շօշափելի նշան է, ինչպէս նաեւ հակասութեան նշան քաղաքային կեանքի մէջ, ուր շատեր մինակ են իրենց աղքատութեամբ ու տառապանքով։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց քաջալերելով ընկերակցութեան անդամները յառաջ ընթանալու իրենց աշխատանքին մէջ, ապա Տիրոջ զօրակցութիւնը հայցեց բոլորին համար խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2021, 12:30