Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի ճառը Վատիկան քաղաքի դատարանի դատական տարուան բացումին առիթով։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց չվախնալ աղօթքի առատ ժամանակ տրամադրելէ, նկատել տալով որ աղօթքի միջոցաւ կը քաղենք ներքին խաղաղութիւն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 27 մարտին, Վատիկանի «Օրհնութիւն» անուան դահլիճէն ներս բացումը կատարուեցաւ Վատիկան քաղաքի դատարանի դատական տարուան, նախագահութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքի մէջ Սրբազան Հայրը ողջունեց արարողութեան ներկայ գտնուող հիւրերը որոնց շարքին էր նաեւ Իտալիոյ հանրապետութեան վարչապետ, տիար Մարիօ Տրակին։

Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ յիշեց եկեղեցւոյ պարտականութիւնը ստացուած Քրիստոսէն որ է կատարել ճշմարտութեան զօրակցութեան առաքելութիւնը եւ եկեղեցւոյ օրինակով տարածել հեզութիւն եւ համերաշխութիւն հետեւելով Աստուծոյ օրինակին՝ մօտիկութեան եւ քնքշութեան։

Այս կատարելով եկեղեցին կը մտնէ պատմութեան մէջ որ տեղ կը ստեղծէ ժողովուրդներու եւ մարդոց միջեւ հանդիպումին զանոնք առաջնորդելով խօսքով ,խորհուրդներով եւ շնորհքով  կեանքի օրինակներով դէպի հաւատք, ազատութիւն եւ Քրիստոսի խաղաղութիւն։

Ֆրանչիկոս Պապ շնորհաւորեց դատարանի դատական տարուան բացումը ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնեց տարուած աշխատաքներուն համար, որոնք կը նպաստեն ընկերային եւ միջ անձնական յարաբերութիւններուն կարգին, որ իր հաւասարակշռութիւնը կը գտնէ արդարադատութեան իրականացումին մէջ։

Նորին Սրբութիւն անդրադարձաւ դատարանէն ներս տեղի ունեած բարեկարգումներուն նկատելով տալով, թէ անոնք աւելի արդիւնբաեր կը դառնան յաւելեալ բարեփոխումներով՝ քրէական մարզէն ներս, յատկապէս ֆինանսական յանցագործութիւնները հակազդէլու նպատակաւ, յորդորելով օրէնքներու միջոցաւ, ներմուծել եւ գտնել համագործակցութեան նոր ձեւեր, միջազգային գետնին վրայ։

Չվախնալ աղօթքի առատ ժամանակ տրամադրելէ

ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց որ Վատիկանի պետութենէն ներս ձեռնարկուած նախաձեռնութիւնները, մանաւանդ տնտեսական եւ ֆինանսական մարզէն ներս միշտ ներշնչուած ըլլան եկեղեցական կեանքի սկզբունքներէն։

Ան ապա դատական համակարգէն ներս հրամայական նկատեց եկեղեցւոյ բոլոր անդամներուն միջեւ հաւասարութիւնը, անոնց հաւասար արժանապատւութիւնն ու կեցուածքը, առանց նկատի առնելու ժամանակին ընթացքին եկեղեցւոյ կառուցման պարտականութենէ ներս ստացուած արտօնութիւնները։Այս կատարելու համար անհրաժեշտ է զօրաւոր հաւատք եւ վարքագծի եւ գործողութիւններուն յարատեւութիւն։ ըսաւ Սրբազան Հարրը հրաւիրելով  շօշափելի ու հաւատաւոր կերպով վկայելու եկեղեցւոյ առաքելութիւնը բնութագրող պարտականութիւնները, որոնք կը կայանան միջազգային հասարակութեան ներքոյ եկեղեցւոյ աղն ու լոյսը դառնալու մէջ աշխարհի ժամանակակից տագնապալից օրերուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց գործել արդարութեան նպատակաւ ու չվախնալ աղօթքի առատ ժամանակ տրամադրելէ, նկատել տալով որ աղօթքի միջոցաւ կը քաղենք Աստուծմէ,  Աստուծոյ խօսքէն ներքին խաղաղութիւն որ կը  թոյլատրէ մեր պարտականութիւնները կատարել մեծահոգութեամբ, արդարութեամբ եւ հեռատեսութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց մաղթելով բոլորին բարի աշխատանք եկեղեցւոյ արդարադատութեան ծառայութենէն ներս ապա փոխանցելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2021, 11:09