Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պելճիքացիներու քահանայապետական վարժարանի անդամները։

Սուրբ Յովսէփգիտցաւ տեսնել Մարիամի եւ ՅԻսուսի մէջ ոչ միայն երիտասարդ հարս մը եւ մանուկ մը, անոնցմէջ միշտ տեսաւ Աստուծոյ արարքը, Աստուծոյ ներկայութիւն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 18 մարտին, Ֆրանչիսկսո Պապ ընդունեց քահանայապետական Պելճիքացիներու վարժարանի անդամները  վարժարանի հիմնադրութեան 175-րդ ամեակի առիթով։ 

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ Սրբազան Հայրը գրաւոր պատգամ մը յանձնեց ներկաներուն, որուն մէջ նախ յիշեց Սուրբ Յովսէփի տօնը, նշելով, որ այս տարի 2021 տարին նուիրուած է սուրբ Յովսէփին եւ Պելճիքացին վարժարանը ունի իբրեւ պաշտպան սուրբ Սուբր Յովսէփը։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց նեաւ որ Patris corde, առաքելական նամակին նիւթը հայրութիւնն է, որ գրեց յիշատակելու համար , սուրբ Յովսէփը Տիեզերական եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբ հռչակուելուն 150-րդ տարեդարձը

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Յովսէփի յատկութիւններուն վրայ։

Նորին Սրբութիւն ապա խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Յովսէփին վրայ նշելով որ Սուրբ Յովսէփը հայր մըն է որ կ՝ընկալէ ։ Ան յաղթեց դժուարութիւններուն ու ընկալեց Սուրբ Կոյս Մարիամը, հարսմ ու որդի, տարբեր ընտանեկան կեանքի տեսլականի համաձայն, որ ան կը կրնար փափաքէր։

Սուրբ Յովսէփի վարդապետ է, հոգեւորական կեանքի ու զատորոշումի, եւ կ՝րնանք զինք յիշել ազատուելու կարգ մը մտածումներէն որոնց մէջ շատ անգամ կը կորսուինք։

Սուրբ Յովսէփ հայր մըն որ կը պահպանէ։ Պահապան ըլլալը անոր կոչումին ու առաքելութեան էութիւնն է։ Պարտականութիւն մը որ սուրբ Յովսէփ ապրեցաւ լռութեան, հեզութեան եւ հաւատարմութեան մէջ, ապրեցաւ Աստուծոյ ապաւինելով , աստուծոյ ծրագիրներուն յանձնելով Սուրբ Յովսէփին համար պահպանել կը նշանակէ քնքշութեամբ սիրել անոնց որոնք իրեն վստահուած են, մտածելով անոնց բարիքն ու երջանկութիւնը, նախանձախնդրութեամբ։ 

Հովիւին կեցուածքն է որ երբեք չձգեր իր հօտը, ան հօտին առջեւ կը բանայ դուռը, եւ քաջալերէ յետին գտնուողները։ 

Սուրբ Յովսէփ ունի մարգարէական հայեացք

Երբ որ հովիւը կը սիրէ եւ կը ճանչնար իր հօտը, ան ծառայ կը դառնայ բոլորին եւ կը գործէ փրկելու համար բոլորը, ինչպէս գրեց սուրբ Պօղոսը։ Հովիւը երբեք կեդրոն չի զտեղեր իր անձը եւ իր գաղափարները սակայն բարիքը անոնց որոնց կանչուած է պահպանելու։

Վերջապէս Սուրբ Յովսէփը հայր մըն է որ կ՝երազէ։ Մարդ մը կը որ ունի մարգարէական հայեացք, կարող ճանչնալու Աստուծոյ ծրագիրը հոն ուր ուրիշները չեն տեսներ։ Սուրբ Յովսէփ գիտցաւ տեսնել Մարիամի եւ ՅԻսուսի մէջ ոչ միայն երիտասարդ հարս մը եւ մանուկ մը, անոնց մէջ միշտ տեսաւ Աստուծոյ արարքը, Աստուծոյ ներկայութիւն։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր պատգամը, հրաւիրելով ներկաները աղօթքի մէջ բացայայտելու սուրբ Յովսէփի առաքելութիւն որ հեզ է Աստուծոյ կամքին, հեզ հեղինակ է , հնազանդ եւ ստեղծագործ ծառայ։  Ան քաջալերեց նաեւ իրենց կոչումը զետեղեն սուրբ Յովսէփին վերարկուին տակ ու անորմէ սորվիլ հայրութեան արուեստը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2021, 13:01