Օրթոտոքս  Մետրոպոլիտ Փոլիքարփոս Սթավրոփուլոս Օրթոտոքս Մետրոպոլիտ Փոլիքարփոս Սթավրոփուլոս 

Քահանայապետին պատգամը Իտալիոյ մէջ օրթոտոքս եկեղեցւոյ նորանշանակ Մետրոպոլիտ՝ Փոլիքարփոսին

Վենետիկի մէջ կայացած արարողութեամբ Իտալիայի մէջ օրթոտոքս եկեղեցւոյ մետրոպոլիտը և Հարաւային Եւրոպայի էկզարխը ստանձնեց իր պաշտօնը: Քահանայապետը պատգամին մէջ ընդգծեց համամիութեան կարեւորութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կը միանամ ձեզի, կղերական դասին եւ հաւատացեալներուն Հօրմէ՝ ամէն բարքի աղբիւրէն հայցելու համար երկնային յորդառատ օրինութիւններ, ձեր անձին եւ ձեր առաքելութեան համար»։ Այս կը կարդանք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մէկ հեռագիրին մէջ, զոր Ան ուղղեց Մետրոպոլիտ Փոլիքարփոս Սթավրոփուլոսին, Իտալիայի մէջ ուղղափառ եկեղեցւոյ նոր մետրոպոլիտը և Հարաւային Եւրոպայի էկզարխ, անոր գահակալութեան առթիւ, որ տեղի ունեցաւ 11 մարտի առաւօտեան Վենետիկի Յոյներու Սուրբ Գէորգ անուամբ Եկեղեցւոյ մէջ։

«Կը մաղթեմ որ միասին, կաթողիկէներ եւ օրթոտոքսներ, կը կարողանանք վեհանձնութեամբ յանձնառու ըլլալ աղքատներու ծառայութեան ի սպաս, մասնաւորապէս համաճարակի այս ժամանակներուն, Աստուծոյ օգնութեամբ փոխակերպելով մեզ միացնող հաղորդութիւնը տեսանելի լիակատար միութեան» մաղթանք կը յայտնէ Ֆրանչիսկոս Պապը վերոնշեալ հեռագիրին մէջ։

Գերապայծառ Փոլիքարփոսը յաջորդն է Մետրոպոլիտ Զերվոս Կէննատիոսին որ անցեալ 2020-ի Հոկտեմբերին վերադարձաւ առ Հայր։ Փոլիքարփոս Մետրոպոլիտին ընտրութիւնը կայացաւ անցեալ 14 Յունուարին Իտալիոյ մէջ օրթոտոքս եկեղեցւոյ Սինոտի կողմէ, որ կը հպատակի Կ. Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարքութեան։

Գահակալութեան արարողութեան ի մէջ այլոց ներկայ գտնուեցաւ Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Քահանայապետական խորհուրդի քարտուղար գերապայծառ Պրայան Ֆարրելը, որ իր հետ տարաւ Քահանայապետին բարեմաղթական հեռագիրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2021, 08:20