Գիրքին կողքի լուսանկարը Գիրքին կողքի լուսանկարը 

Ֆրանչիսկոս Պապ .«Չէ կարելի շարունակել զէնք պատրաստել՝ կեանքեր փրկելու փոխարէն»։

«Աստուած եւ գալիք աշխարհը», վերնագիրով նոր գիրք մը, ֆրանչիսկոս Պապին հարցազրոյցը պարունակող Տոմենիքօ Ակասօ լրագրողին հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 16 մարտին լոյս կը տեսնէ «Աստուած եւ գալիք աշխարհը» վերնագիրով, Տոմենիքօ Ակասօ հեղինակին նոր գիրքը, որուն մէջ պարունակուած է ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին լրագրողին հետ ունեցած հարցազրոյցը, համաճարակի առողջապահական տագնապի հետ կապուած հարցերուն վերաբերեալ։   

Ունկնդրէ լուրը

Համաճարակի տագնապի մէջ ներգրաւուած են համայն մարդկութիւնը։

Հարցազրոյցին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադառնալով համաճարակի համաշխարհային տագնապին նկատել կու տայ որ այդ տագնապին մէջ ներգրաւուած է համայն մարդկութիւնը։ Աշխարհի  ցաւն ու տառապանքը բախեցին մեր հասարակաց տան դռների ու  յափշտակեցին մեր մտածումներն,  յարձակելով մեր յայտագիրներու ու երազներուն վրայ։ Ոչ մէկը կրնայ ինքզինք հանդարտ զգալ, նշած է Սրբազան Հայրը աւեցնելով որ համաճարակը ահազանգ մըն է, որուն մասին մարդ արաrածը կանչուած է խոկալու։

Ժողովուրդներուն համերաշխ համակեցութիւնը Արարիչին հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նկատել կու տայ մարդկութեան փրկութեան ուղին կ՝անցնի զարգացման նոր տիպար մը վերարծարծելու միջոցա  ,որուն կեդրոն պէտք է ըլլայ ժողովուրդներուն համերաշխ համակեցութիւնը Արարիչին հետ։ Անհրաժեշտ է  յաւելեալ եւ ընդլայնուած իրաւունքներ տալ անոնց որոնք անպաշտպան են։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելով բնապահպանութեան մասին կը նշէ թէ եթէ այժմ անմիջապէս խնամք չտանինք երկրագունդին, անձնական եւ քաղաքական արմատական ընտրանքներով, ի վերջոյ մեր հասարակաց տունը, պատուհանէն մեզ դուրս պիտի  թափէ։ Պէտք չէ որ ժամանակ կորսնցնենք։ 

Վերականգնել հաւասար համաչափերով տնտեսականութիւն մը։

Տնտեսական հարցերու մասին խօսելով ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց թէ անհրաժեշտ է վերականգնել հաւասար համաչափերով տնտեսականութիւն մը, նուազեցնելով վարկը՝հասանելիութիւն ունեցող եւ չ՝ունեցողներու միջեւ։ Սահմանափակել զօրակցութիւնը, խաղաղութիւնն ու շրջակայ միջավայրը խաթարող ընկերակցութիւններուն, որոնք չեն նպաստեր բացառուածներուն, վերջիններուն ներառման, այլ կը խաթարեն հասարակաց բարիքը, աղտոտելով արարչագործութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց նաեւ որ ըլլայ իւրաքանչիւր անհատ ըլլայ որեւէ կառավարութիւն կանչուած է արմատախիլ ընել անտարբերութիւնը, կաշառակերութիւնը, եւ յանցագործութեամբ համակեցութիւնը։   

Անհրաժեշտ է արթննալ ու վերացնել ընկերային անարդարութիւնները։ Պատրաստել ապագան ու վաղը մարդկային եղբայրութեան ուսուցման, որուն մէջ այլընտրանք չկայ, որովհետեւ առանց միասնութեան տեսլականին, ապագայ պիտի չ՝ըլլայ ոչ մէկուն։

Ռումբերու կառուցումն ու վաճառականութիւնը կը հզօրացնէ մարդկային իրաւունքներուն բռնութիւնները։

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց թէ ռումբերու կառուցումն ու վաճառականութիւն կը սնանէ մարդկային իրաւունքներուն բռնութիւնները ինչպէս նաեւ կը խախտէ կայուն զարգացումը։ Կարիքը կայ միջազգային արդիւնաբեր քաղաքականութեան միջոցառումին։  Եղբայրաբար միացած, մարդկային էակները ի վիճակի են դիմագրաւելու հասարակաց խնդիրները։

Կանանց դերակատարութիւնը համաշխարհային տագնապի լուծման ծիրէս ներս։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ համաշխարհային տագնապէն ներս կանանց դերակատարութեան նշելով, որ կանայք՝ կարիքը ունին իրենց զաւակներուն կրթութեան օգնութեան, պէտք չէ որ կանայք մէկդի դրուին արհեստավարժութեան տեսանկիւնէն, կամ ալ գործի կորուստէն։ Անոնց ներկայութիւնը թանկարժէք է ընկերային վերանորոգումի գործընթացէն ներս։ 

Ինչ կը  հայի ծնողաց ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց որ զաւակներու հետ խաղաղի ժամանակի ընտրանքը  լաւագոյն ժամանակն է։ Խաղալով հօր ու մօր հետ, որդին կը սորվի մարդոց մէջ մնալու իմաստութիւնը, կ՝ըմբռնէ օրէնքներու հասկացողութիւնը ու զանոնք գործադրելու, յարգելու կարեւորութիւը։։

Աստուած մարդը ստեղծեց պատրաստակամ իմանալու ու աշխատելու ինչպէս նաեւ սիրելու։

Ի վերջոյ հարցազրոյցին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ կ՝անդրադառնայ համաճարակի տխուր երեւոյթէն ներս երիտասարդներուն ներկայ իրավիճակին, խրախուսելով որ երիտասարդները աշխատելով մեծ երազներու համար կրնան այդ երազների պաշտպանել, երազները յափշտակողներէն, յոռետեսներէն ու անարդարներէն։ 

Երիտասարդները պէտք չէ որ յուսահատին։Աստուած մարդը ստեղծեց պատրաստակամ իմանալու ու աշխատելու ինչպէս նաեւ սիրելու։

Երիտասարդները ունին զօրութիւնն ու. կարողութիւնը վերականգնելու Աստուծմէ իրենց վստահուած հիմնական պարտականութիւնները, դառնալու համար ճանաչումի, սիրոյ, եղբայրսիրութեան այր մարդիկ ու կիներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/03/2021, 11:36