'Amoris laetitia Ընտանիքի տարի 'Amoris laetitia Ընտանիքի տարի 

ֆրանչիսկոս Պապ. «Ընտանիքը ընտրել որպէս Եկեղեցւոյ և հասարակութեան ուշադրութեան կենտրոն»։

Կ՛աղօթեմ, որպէսզի իւրաքանչիւր ընտանիք իր սեփական տան մէջ կարողանայ զգալ Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքին կենդանի ներկայութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

14 Մարտի Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը ուղղելով հրապարակը համախմբուած ուխտաւորներուն, ի մէջ այլոց յիշեց՝ թէ յառաջիկայ ուրբաթ՝ 19 Մարտին տօնն է Սուրբ Յովսէփին, որուն առթիւ սկիզբ կ՛առնէ «Amoris laetitia» ընտանիքի տարին, «յատուկ տարի մը աճելու համար ընտանեկան սիրոյ մէջ» ըսաւ Քահանայապետը։

«Կը հրաւիրեմ նորոգուած ու ստեղծագործ հովուական սլացքի մը, որպէսզի ընտանիքը դառնայ եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան ուշադրութեան կեդրոն։ Կ՛աղօթեմ, որպէսզի իւրաքանչիւր ընտանիք իր սեփական տան մէջ կարողանայ զգալ Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքին կենդանի ներկայութիւնը, որ մեր փոքրիկ տնային հասարակութիւնները կը լիացնէ անկեղծ եւ վեհանձն սիրով, աղբիւր ուրախութեան հակառակ դժուարութիւններուն ու փորձանքներուն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ապա ողջունեց հրապարակին վրայ ներկայ գտնուող ուխտաւորները յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղելով Ֆիլիփինցիներւն, որոնք, ըսաւ Քահանայապետը, կը տօնախմբեն Ֆիլիփինեան կղզեխումբի քրիտոնէացման 500 ամեակը։

«Շնորհաւորութիւններ, յառաջ ընթացէք Աւետարանի ուրախութեամբ»,  ըսաւ Սրբազան Պապը հուսկ բարի կիրակի մաղթեց բոլորին եւ ինչպէս միշտ խնդրեց, որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2021, 13:56