Ֆիլիփինեան կղզեխումբի քրիստոնէացման 500 ամեակին առթիւ հանդիսաւոր պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ։

Եկեղեցին եւս ունի այս առաքելութիւնը։ Ան կանչուած չէ դատելու, այլ ընկալելու, կանչուած չէ պարտադրելու այլ սերմանելու, կանչուած չէ դատապարտելու այլ տանելու Քրիստոսը, որ փրկութիւն է
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 14 մարտ 2021-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ մատուցեց հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ նուիրուած Ֆիլիփինեան կղզեխումբի քրիստոնէացման 500 ամեակին, որուն ներկայ էր նաեւ Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչ Ֆիլիփինցի Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ եւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբէն կղերական դասի անդամներ եւ հաւատացեալներ։

Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ իր Միածին Որդին տուաւ

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ օրուան Աւետարանին վրայ, ուր նշուած է, որ «Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն մարդ՝ որ հաւատայ Անոր, չկորսուի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը»։ Ասիկա, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Աւետարանին սիրտն է , այնտեղ է մեր ուրախութեան հիմքը։ Աւետարանին պարունակութիւնը գաղափար մը չէ, այլ Յիսուսն է, Որդին, զոր Հայրը պարգեւեց, որպէսզի մենք կեանքը ունենաք», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու կեդրոնացաւ «այնքան սիրեց աշխարհը» եւ «տուաւ» բառերու վրայ։

 Աստուած մեզի նայեցաւ սիրով եւ այդ սիրոյն համար եկաւ մեր մէջ

«Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը», այս խօսքերը մեզ կ'օգնեն հասկնալու համար Աստուծոյ իսկական դիմագիծը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։ Աստուած մեզի նայեցաւ սիրով եւ այդ սիրոյն համար եկաւ մեր մէջ, մեզ փնտռելու այն վայրերուն մէջ ուր կորսուած էինք։ Յիսուսի մէջ է, որ Աստուած եկաւ մեզ վերականգնեցնելու, Անոր միջոցաւ լացաւ ու կրեց մեր արցունքները ու բուժեց մեր վէրքերը։ Անոր մէջ ցմիշտ օրհնեց մեր կանքը։ «Ով` որ հաւատայ Անոր պիտի չկորսուի» կը հաստատէ Աւետարանը։ Արդարեւ Յիսուսին միջոցաւ Աստուած արտասանեց մեր կեանքին վերաբերող վերջին խօսքը. «Դուն կորսուած չես, սիրուած ես։ Մշտապէս սիրուած ես»։

Աստուած արդարեւ գթասիրտ Հայր է

«Աստուած արդարեւ գթասիրտ հայր մըն է, որ կը ներգրաւուի մեր պատմութեան մէջ։ Մտահոգ Հայր մը, որ չի դատապարտեր այլ կը փրկէ իր սիրոյն ողջագուրումով», ըսաւ Քահանայապետը ու անդրադարձաւ երկրորդ բառին, Աստուած իր Որդին «տուաւ»։

Սէրը մշտապէս ինքզինք կը նուիրէ

Աստուած, ըսաւ Քահանայապետը, ինքզինք կու տայ ու մեզի կը պարգեւէ իր կեանքը։ Այն, որ կը սիրէ միշտ դուրս կու գայ ինքնիրմէն։ Սէրը մշտապէս ինքզինք կը նուիրէ, ինքզինք կը պարգեւէ։

Այս է սիրոյ զօրութիւնը։ Ան կը խորտակէ եսասիրութեան վահանակը, կը փշրէ մարդկային հաշուարկուած ապահովութիւններուն սահմանները, կը քանդէ պատերը եւ կը յաղթահարէ վախերը,  որպէսզի պարգեւ դառնայ։

Ասոր համար էր, որ Աստուած դուրս կու գայ ինքնիրմէ, որովհետեւ «շատ սիրեց»։ Անոր սէրը այնքան մեծ է, որ չի կրնար ինքզինք չի նուիրել մեզի։

Մենք յաճախ ուրախութիւնը կը փնտռենք այնտեղ ուր ան չկայ

«Որքան աւելով կը սիրենք այդքան աւելիով կարող կը դառնանք մենք մեզ պարգեւելու։ Ասիկա նաեւ մեր կեանքը հասկնալու բանալին է», յարեց Սրբազան Պապը, որ ապա հաստատեց թէ մեր ուրախութեան ակնաղբիւրը կը գտնուի այն իրականութեան մէջ, որ Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը որ իր Միածին Որդին պարգեւեց անոր եւ այս առընչութեամբ մտաբերեց մէկ շաբաթ առաջ Իրաք կատարած ճամբորդութիւնը ու Իրաքի նահատակ ժողովուրդին ուրախութիւնը։

«Մենք յաճախ ուրախութիւնը կը փնտռենք այնտեղ ուր ան չկայ, անհետացող պատրանքներուն մէջ, մեր ես-ի մեծութեան երազներուն մէջ բայց կեանքին փորձառութիւնը մեզի կը սորվեցնէ թէ իսկական ուրախութիւնը կը նշանակէ մենք մեզ սիրուած զգալ, մեր մօտ ունենալ մէկ մը, որ մեր երազները կը բաժնեկցի, որ երբ նաւաբեկութեան մատնուինք կու գայ մեզ փրկելու ու մեզ դէպի ապահով նաւահանգիստ առաջնորդելու», ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը որ խօսքը ուղղելով ներկաներուն մատնանշեց Ֆիլիփինեան կղզեխումբին  քրիստոնէացման 500 ամեակին։

Ֆիլիփինեան կղզեխումբին  քրիստոնէացման 500 ամեակին

«500 տարիներ անցան այն օրէն երբ Քրիստոնէական աւետիսը հասաւ ֆիլիփինեան կղզեխումբ» ըսաւ Սրբազան Պապը։ «Դուք ընդունեցաք Աւետարանի ուրախութիւնը։ Եւ այդ ուրախութիւնը ակնյայտ է ձեր ժողովուրդին մէջ, ձեր աչքերուն, ձեր դիմագիծերուն, ձեր երգերուն եւ ձեր աղօթքներուն մէջ։  Ձեզի կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել, այն ուրախութեան համար, որ դուք կը տանիք համայն աշխարհ եւ քրիստոնեայ հասարակութիւններուն», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա խրախուսեց զանոնք երբեք չի դադրեցնելու աւետարանութեան գործունէութիւնը։ Աստուծոյ մօտիկութեան աւետարանը կ'արտայայտուի եղբայրներու նկատմամբ սիրով, եւ Աստուծոյ իղձը այն է` որ ոչ մէկը կորսուի։

Եկեղեցին եւս ունի ինքզինք նուիրելու առաքելութիւնը

«Եթէ Աստուած մեզ այնքան կը սիրէ մինչեւ այն աստիճան, որ ինքզինք նուիրեց, Եկեղեցին եւս ունի այս առաքելութիւնը։ Ան կանչուած չէ դատելու, այլ ընկալելու, կանչուած չէ պարտադրելու այլ սերմանելու, կանչուած չէ դատապարտելու այլ տանելու Քրիստոսը, որ փրկութիւն է» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ այս է նաեւ Ֆիլիփինեան Եկեղեցւոյ հովուական խնամակալութեան ծրագիրը, առաքելական յանձնառումը, որ կը ներգրաւէ բոլորը ու կը հասնի բոլորին»։

Մի յուսալքուիք այս ճամբուն վրայէն քալելէ։ Մի վախնաք Աւետարանը հռչակելէ, ծառայելէ եւ սիրելէ։ Եւ ձեր ուրախութեամբ այնպէս ըրէք որ Եկեղեցւոյ մասին ալ ըսուի. «Անքան սիրեց աշխարհը» յանձնարարեց Նորին Սրբութիւնը քարոզի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2021, 10:38