Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ազհար աւագ իմամը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ազհար աւագ իմամը 

Ալ Ազհարի Աւագ իմամ Ահմատ Թիպի Թուիթը, Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք ժամանումին առիթով։

Աւագ իմամը իր թուիթին մէջ մաղթեց որ Ֆրանչիսկոս Պապին ճամբորդութիւն հասնի ցանակալի արդիւնքներու։

Ուրբաթ, 5 մարտին, Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք ժամանումի առիթով, թուիթերեան կայքին վրայ գրառում կատարեց Ազհարի աւագ իմամ Ահմատ Թիպը ։ Թուիթին մէջ աւագ Իմամu գրած է 

«Իմ եղբօրս Քահանայապետին Իրաք պատմական եւ յանդուգն այցելութիւնը իր մէջ խաղաղութեան ու զօրակցութեան պատգամ կը պարունակէ համայն Իրաքի ժողովուրդին։Կ՝աղօթեմ Ամենակալ Աստուծոյ որ անոր յաջողութիւն շնորհէ ու անոր ճամբորդութիւնը հասնի ցանկալի արդիւնքներուն,շարունակելու համար մարդկային եղբայրութեան ուղիին վրայ։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2021, 14:27