Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Սան Մարինօ Հանրապետութեան հրամանատարները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Սան Մարինօ Հանրապետութեան հրամանատարները 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սան Մարինօ հանրապետութեան հրամանատարները։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է հանդիպումները տեղի ունեցած են սիրալիր մթնոլորտի մէջ որուն ընթացքին գոհունակութեամբ արտայայտուած են Սուրբ Աթոռի եւ Սան Մարինօ հանրապետութեան միջեւ գոյացած բարի յարաբերութեան գծով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 15 մարտին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր առաւօտեան, առաքելական պալատին իր գրասենեակէն ներս ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունեց Սան Մարինօ Հանրապետութեան հրամանատարներ, յանձին տիար Ալեսանտրօ Քարտելլի եւ Միրքօ Տոլչինի։

Ունկնդրէ լուրը

Հրամանատարները ապա հանդիպեցան Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ պետութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար, գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է հանդիպումները տեղի ունեցած են սիրալիր մթնոլորտի մէջ որուն ընթացքին  գոհունակութեամբ արտայայտուած են Սուրբ Աթոռի եւ Սան Մարինօ հանրապետութեան միջեւ գոյացած բարի յարաբերութեան գծով։ 

Քննարկուած են երկուստեք հետաքրքրող հարցեր, միջազգային գետնի վրայ ինչպէս նաեւ Եւրոպայի հետ յարաբերութեան հայող , որոնց շարքին առողջապահական շտապը, Հանրապետութեան մէջ ժամանակից պատուաստանիւթի յայտագիրի, ինչպէս նաեւ ընտանիքի քաղաքականութեան եւ ծննդաբերութեան զօրակցութեան հայող նիւթեր եւ  մարդկային օգնութեան եւ գաղթականութեան նիւթեր։     

Երկու կողմերը հաստատեցին շարունակելու համագործակցութեան կառուցողական կամքը, երկողմանի եւ միջազգային հասարկաութեան միջավայրէն ներքեւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/03/2021, 13:51