«Աղօթել առօրեայ կեանքին մէջ» Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 10 Փետրուարի հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Չկայ աւելի սքանչելի օր մը մեր կեանքին մէջ քան այսօրը՝ որ կ՛ապրինք եւ աղօթքն է, որ զայն կը դարձնէ շնորհք, առ աւելին մեզ կը բարեփոխէ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, անցեալ խորհրդածութեան ընթացքին տեսանք թէ ինչպէս քրիստոնէական աղօթքը խարսխուած է ծիսակատարութեան մէջ։ Այսօր լուսարձակի տակ պիտի դնենք թէ ինչպէս ան ծիսակատարութեան ընդմէջէն կը վերադառնայ առօրեայի կեանքին մէջ՝ ճանապարհներու վրայ , գրասենեակներու մէջ ու փոխադրամիջոցներու վրայ, ուր կը շարունակուի Աստուծոյ հետ երկխօսութիւնը։ Ան, որ կ՛աղօթէ կը նմանի սիրահարին, որ ուր ալ գտնուի իր սրտին մէջ կը կրէ սիրած անձը»։ Նորին Սրբութիւն՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այս խօսքերով սկիզբ տուաւ 10 փետրուարի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան, զոր առաքելական պալատի մատենադարանէն ներկայացուց ուղիղ եթերի միջոցաւ, շարունակելով խօսիլ աղօթքի մասին ու այս անգամ որպէս նիւթ ընտրելով առօրեայ կեանքին մէջ աղօթքը։

Աստուծոյ հետ երկխօսութիւնը

Ամէն բանի եզրակացութիւնը Աստուծոյ հետ երկխօսութեան մէջ է, ամէն մէկ ուրախութիւն կը դառնայ փառաբանութեան պատճառ, ամէն մէկ փորձանք  առիթ է օգնութիւն հայցելու եւ ամէն մէկ մտածում կարող է  ներծծուած ըլլալ աղօթքին մէջ։ Աղօթքը արդարեւ մշտապէս կենդանի է, նման խարոյկի կրակին։

Աղօթքը մարդկային սիրտին կը փոխանցէ անյաղթ յոյս մը

Քրիստոսին ճանաչումը մեզի վստահութիւն կու տայ թէ այնտեղ ուր մեր աչքերը ու մեր մտքին աչքերը չեն կարող տեսնել, կայ ոչ թէ ոչնչութիւն, այլ մէկ մը, որ մեզ կը սպասէ, կայ անհուն շնորհք։ Քրիստոնէական աղօթքը մարդկային սիրտին կը փոխանցէ անյաղթ յոյս մը եւ Աստուծոյ սէրը կարող է բարիի վերածել որեւէ փորձանք, որուն կը հանդիպինք մեր ուղեւորութեան ընթացքին։

Քրիստոնէականին մէջ նշուած է (2659) «Մեզի կը սորվեցնեն որոշ պահերուն աղօթել, ըլլայ ունկնդրելով Տիրոջ Խօսքը, ըլլայ մասնակցելով Անոր զատկական խորհուրդին. Սակայն ամէն ատեն եւ ամէնօրեայ դէպքերուն մէջ է, որ Տիրոջ հոգին մեզի կը շնորհուի աղօթքը բխեցնելու համար մեր մէջ…ժամանակը Հօր ձեռքերուն մէջ է, մենք ներկայի մէջ է, որ Անոր կը հանդիպինք, ոչ երէկ, ոչ վաղը, այլ այսօր։ «Այսօր եթէ լսէք Անոր ձայնը. Մի կարծրացնէք ձեր սրտերը (Սղմ 94.8)

Աղօթել առօրեային մէջ, արժեւորել ներկան

Չկայ արդարեւ աւելի սքանչելի օր մը մեր կեանքին մէջ քան այսօրը՝ որ կ՛ապրինք։ Մարդիկ, որոնք կ՛ապրին մտածելով միայն պագային եւ չեն  ընկալեր այսօրը այնպէս ինչպէս որ է, մարդիկ են, որոնք կ՛ապրին եւեւակայութեան մէջ, չեն գիտեր ընկալել իրականի շօշափելիութիւնը։ Այսօրը իրական է, այսօրը շօշափելի է, եւ աղօթքը կը կատարուի այսօրուայ մէջ։ Յիսուս մեզի կու գայ այսօր, մեր ապրած այսօրին մէջ։  Եւ աղօթքն է, որ այսօրը կը դարձնէ շնորհք, առ աւելին մեզ կը բարեփոխէ։ Շատ անգամ մեզի կը թուի թէ մենք չենք, որ կ՛ապրինք այլ շնորհքն է, որ կ՛ապրի եւ կը գործէ մեր մէջ, աղօթքի միջոցաւ։ 

Ամէն սկսող օր մը, եթէ ընկալուած է աղօթքով, անոր կ՛ուղեկցի քաջութիւնը դիմագրաւելու համար դժուարութիւնները, որոնք խոչընդոտ ըլլալէ կը դադրին ու կը դառնան Աստուծոյ կոչեր,  առիթներ՝ անոր հետ հանդիպելու համար: Երբ մէկը առաջնորդուած է Տիրոջմէ, ինքզինք աւելի քաջ, աւելի ազատ եւ աւելի ուրախ կը զգայ։

Աղօթենք բոլորի համար, նոյնիսկ թշնամիներուն համար

Աղօթենք ուրեմն ամէն ինչի եւ բոլորի համար։ Աղօթենք մեր սիրելիներուն համար ու նաեւ անոնց համար որոնք չենք ճանչնար, աղօթենք նոյնիսկ մեր թշնամիներուն համար, ինչպէս յաճախ մեզ կը հրաւիրէ Սուրբ Գիրգը։ Որովհետեւ աղօթքը մեզ կը տրամադրէ յորդառատ սիրոյ։

Աղօթենք յատկապէս ապերջանիկ մարդոց համար։ Աղօթքը հրաշքներ կ՛իրագործէ, որովհետեւ մեզ կ՛օգնէ աւելի լաւ սիրելու միւսները հակառակ անոնց սխալներուն եւ անոնց մեղքերուն։

Անձը միշտ աւելի արժէքաւոր ու կարեւոր է արարքներէն եւ Յիսուս չի դատեց աշխարհը այլ փրկեց զայն։ Պէտք է սիրել բոլորը եւ իւրաքանչիւրը աղօթքին մէջ յիշելով, որ բոլորս ալ մեղաւորներ ենք ու միեւնոյն ատեն Աստուծմէ սիրուած՝ մի առ մի։

Եւ աշխարհը սիրելով այսպէս, քնքշութեամբ, կը բացայայտենք թէ ամէն մէկ օր եւ ամէն բան իր մէջ կը կրէ Աստուծոյ խորհուրդէն բեկոր մը։

Աղօթել ամէն մէկ օրուան եւ իւրաքանչիւր վայրկեանի դէպքերուն մէջ 

Քրիստոնէականը կը յիշեցնէ թէ «Աղօթել ամէն մէկ օրուան եւ իւրաքանչիւր վայրկեանի դէպքերուն մէջ Արքայութեան գաղտնիքներէն մէկն է, որ յայտնուած է միայն «մանուկներուն», Քրիստոսի ծառաներուն, երանութիւններու աղքատներուն։ Արդար եւ բարի է աղօթել, որպէսզի արդարութեան եւ խաղաղութեան Արքայութեան գալուստը ազդէ պատմութեան ընթացքին վրայ։  Բայց նոյնքան կարեւոր է առօրեայ խոնարհ կացութիւնները աղօթքով շաղել։ Աղօթքի բոլոր ձեւերը կրնան դառնալ այն թթխմորը, որուն Տէրը կը բաղդատէ Արքայութիւնը (2660)։

Մենք փխրուն արարածներ ենք սակայն աղօթել գիտենք, այս է մեր ամենամեծ արժանապատուութիւնը։ Եւ երբ աղօթք մը կը կատարուի Յիսուսի սրտին համաձայն անիկայ հրաշքներ կ՛ընդունի։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/02/2021, 09:33