ՄԵծ Պահքը՝ ապաշխարութեան ժամանակ ՄԵծ Պահքը՝ ապաշխարութեան ժամանակ 

«Քառասնորդացի ժամանակը յոյսի ժամանակ է» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

«Աստուծոյ ներումը թոյլ կու տայ եղբայրութեան Զատիկը ապրիլ նաեւ մեր խօսքերու եւ գործերու միջոցաւ»:

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

«Քառասնորդացի ժամանակը եղած է յուսալու համար, մեր հայեացքը դարձեալ վերասեւեռելու Աստուծոյ համբերութեան վրայ։ Հաշտութեան մէջ յոյս է, որուն մեզ գորովով կը խրախուսէ Սուրբ Պօղոսը «Թոյլ տուէք հաշտուիլ Աստուծոյ հետ» (Բ Կորընթաց. 5, 20)»։

Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ 18 փետրուարին գրառումը Քահանայապետական թուիթըրեան կայքին վրայ, որուն պարունակութիւնը քաղուած է Նորին Սրբութեան 2021-ի քառասնորդացի պատգամէն, ուր ան ի մէջ այլոց կը գրէ թէ «Տագնապալի այս օրերուն, երբ ամէն բան անկայուն եւ անորոշ կը թուի՝ յոյսի մասին խօսիլը դիւրին չէ, թէեւ Մեծ պահքը ինքնին յոյսի շրջան է, երբ կրկին կը դառնանք դէպի Աստուած, որ համբերութեամբ  կը շարունակէ հոգ տանիլ իր ստեղծած էակներուն, որոնց նկատմամբ, շատ յաճախ, մենք վատ վերաբերմունք կը դրսեւորենք (հմմտ. Laudatio Si’, 32-33; 43-44)» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ աւելցնելով որ «Աստուծոյ ներումը թոյլ կու տայ եղբայրութեան Զատիկը ապրիլ նաեւ մեր խօսքերու  եւ գործերու միջոցաւ»:

«Մարդկանց յոյս պարգեւելու համար, երբեմն բաւական է պարզապէս ըլլալ «բարի անձ, որ մէկ կողմ կը թողու սեփական հոգերն ու անհանգստութիւնները եւ ուրիշներու նկատմամբ հոգածութիւն ցուցաբերել, ժպիտ նուիրել, խրախուսանքի խօսք մը ըսել կարելի դարձնելու համար ունկնդրութեան տարածք մը, երբ աշխարհին մէջ կը տիրէ համընդհանուր անտարբերութիւն » (Fratelli Tutti՝ 224)» կը կարդանք Ֆրանչիսկոս Պապին 2021-ի Մեծ Պահքին նուիրուած  պատգամին մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/02/2021, 13:30