Քահանայապետի գիրքը Քահանայապետի գիրքը 

Ֆրանչիսկոս Պապին "Fratelli tutti" շրջաբերականը կը հրապարակուի ռուսերէն լեզուով։

Ֆրանչիսկոս Պապի ռուսերէն լեզուով շրջաբերականը հրապարակած ու պատրաստուած է Մետինա տպագրատան կողմէ համագործակցութեամբ Մուսլիմ միջազգային համաժողովի գիտական բաժանմունքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին "Fratelli tutti" շրջաբերականը պիտի հրապարակուի Ռսերէն լեզուով։ Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ մարտ 3ին, Մոսկուայի Pokrovskie vorota» մշակութային կեդրոնին մէջ մամլոյ ասուիսի մը ընթացքին, որուն զրուցողներուն շարքին են, Ռուսիոյ դաշնակցութեան մահմետականներուն հոգեւորական տնօրէն, Մուֆթի շէյխ Ռավիլ Կաինութտին, Ռուսիոյ մօտ պապական նուիրակ, Արքեպիսկոպոս Ճովաննի Տանիելլօ, Մոսկուայի Մայր  Աստուծոյ թեմի արքեպիսկոպոս, գերապայծառ Փաուլօ Փեցի։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապի ռուսերէն լեզուով շրջաբերականը հրապարակած ու պատրաստուած է Մետինա տպագրատան կողմէ համագործակցութեամբ Մուսլիմ միջազգային համաժողովի գիտական բաժանմունքին, Ռուսիոյ մահմետականներու հոգեւորական տնօրէնութեան հսկողութեան տակ։

Fratelli tutti» շրջաբերական ռուսերն լեզուով հրապարակութիւնը սկիզբ կու տայ «միջազգային երկխօսութիւն» տիտղոսակիր հատորի շարքին, որուն նպատակն է զարգացնել գիտական ուսումը եւ խոկումը հինական հարցերուն, որոնք կը հային միջ դաւանական ներդաշնակութեան, ինչպէս նայեւ նպաստելու ժամանակից միջ կրօնական երկխօսութիւնը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2021, 12:08