Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Տեառնընդառաջի եւ կրօնաւորական կեանքի նուիրուած օրուան սուրբ պատարագին առթիւ։

«Համբերութիւնը հոգիի զօրութիւնն է, որ կարողութիւն կը շնորհէ մեր անձնական ու հասարակաց հարցերու ծանրութիւնը կրելու»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 2 փետրուարին, Տեառնդարաջի եւ կրօնաւորական կեանքի նուիրուած  օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Սուրբ Պետրոսի տաճարէն ներս։

Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ խօսքը կեդրոնացնելով Սիէմոն ծերունիին վրայ Սրբազան Հայրը  ընդգծեց, թէ Սիմէոն համբերատար մարդ էր, որ «ամբողջ  կեանքին ընթացքին իր սրտին մէջ ապրեցաւ համբերութիւնը եւ աղօթքի միջոցաւ սորվեցաւ, թէ Աստուած չյայտնուիր  տարօրինակ եղելութիւններուն, մէջ այլ  Իր գործը կը կատարէ մեր առօրեայ կեանքին մէջ, մեր փոքրիկ գործունէութիւններուն մէջ, որոնք կը կատարենք յարգելով Տիրոջ կամքը։»ըսաւ Սրաբազան հայրը ապա հարց տալով, թէ Սիմէոն ուրկէ սորվեցաւ համբերատար ըլլալ նշեց ,  թէ Սիմէոն համբերութիւնը ստացաւ աղօթքով մէջ Աստուծոյ ժողովուրդի կեանքով, որ միշտ Տէրը ողորմած ու գթասէր ճանչցաւ։

«Սիմէոնի համբերութիւնը, Աստուծոյ համբերութեան հայելին է։ Սիմէոն  Իր ժողովուրդին աղօթքէն եւ պատմութենէն սովեցաւ թէ Աստուած համբերատար է ։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւեցնելով «Համբերութիւնը տկարութեան նշան չէ, հոգիի զօրութիւնն է, որ կարողութիւնը կը շնորհէ մեր անձական ու հասարակաց հարցերու ծանրութիւնը կրելու  ուրիշին տարբերութիւնը ընկալելու ու  մեզ կը պահպանէ մեր ուղեւորութեան մէջ , երբ՝ ծուլութեան ու ձանձրոյթի թիրախ կը դառնանք։

Երեք վայրեր, ուր համբերութիւնը շօշափելի կը դառնայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ցոյց տուաւ երեք վայրեր, ուր համբերութիւնը շօշափելի կը դառնայ։

Առաջին, անձնական կեանքը։Կրօնաւորական կեանքի մէջ մխիթարութիւններու շարքին անպակաս չեն նաեւ յուսալքումները։ Ասոր համար պէտք է «համբերութիւն ունենալ մեր անձին հետ ու վստահութեամբ սպասել Աստուծոյ ժամանակն ու ձեւերը։ Աստուած հաւատարիմ է իր խոստումներուն։ Այս մէկը յիշելով, դարձեալ կը մտածեմնք մեր ուղերուութեան մասին եւ կը վերակենդանացնենք մեր երազները, առանց որ իյնանք մեր ներքին տխրութեան եւ անյուսութեան մէջ։

Երկրորդ վայրը հասարակաց կեանքը ։ Մարդկային յարաբերութիւնները, նամանաւանդ երբ կը կիսենք կեանքի ծրագիր մը կամ առաքելական գործունէութիւն մը որոնք ստէպ խաղաղարար չեն։  Շատ անգամ, պայքարներ կը ծնին եւ կարելի չէ անմիջապէս լուծումներ գտնել, պէտք չէ անմիջապէս կացութիւնն ու անձը դատել, հարկ է միշտ խաղաղութիւն փնտռել, եւ լաւագոյն ժամանակին սպասել, սիրոյ եւ ճշմարտութեան մէջ յստակացնելու համար։

Երրորդ վայրը, համբերութիւնը աշխարհին նկատմամբ։

Սիմէոն ու Աննան իրենց սիրտերուն մէջ մշակեցին մարգարէներու կողմէ հռչակուած յոյսը։ Անոնք համբերութեամբ սպասեցին լոյսը պատմութեան խաւարին ներքեւ։ Այս համբերութեան կարիքը ունինք, որպէսզի,  ողբիւ եւ գանգատին բանտարկեալներ չդառնանք

Համբերութիւնը մեզ կ՝օգնէ մեր աձերու նայելու, մեր հասարակութիւններուն եւ աշխարհի ողբերգութեամբ։

Չէ կարելի անշարժ մնալ, անցեալի կարօտանքի ներքեւ կամ ալ սահմանափակուիլ միւենոյն բաները կրկնելով։ Կարիքը ունինք քաջարի համբերութեամբ ընթանալու, բացայտելու նոր ուղիներ եւ որոնել այն ինչ որ սուրբ Հոգին մեզի կ՝առաջարկէ։ 

«Խոկանք Աստուծոյ համբերութեան մասին, եւ հայցենք Սիմէոնի վստահելի համբերութիւնը, որպէսզի մեր աչքերը եւս կարենան տեսնել փրկութեան լոյսն ու զայն համայն աշխարհին փոխանցենք։» Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/02/2021, 18:40