Գիւղական աշխարհ Գիւղական աշխարհ 

Գերապայծառ Կալլակէրի ստորագրութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը հատիկաընդեղէններու համաշխարհային օրուան առթիւ։

«Կերակրենք բոլորը առողջ կերպով, որպէսզի բոլորն ալ ունենան միեւնոյն հնարաւորութիւնները ու կարողանանք կառուցել ներառող եւ արդար աշխարհ մը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

12 Փետրուարին նշուեցաւ Հատիկաընդեղէնի համաշխարհային օրը, որուն առթիւ Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղարը՝ Գերապայծառ Փոլ Կալլակէր յատուկ պատգամ մը ուղղեց FAO- ին, յանուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, որուն մէջ յիշեցուց , որ ոսպը, լոբին, ոլոռը և աքաղաղը ազնիւ սնունդներ են, որոնք անհրաժեշտ են առողջ սննդակարգի համար ։

Պատգամին սկիզբը գերապայծառ Կալլակէր գնահատելով հատիկաընդեղէններու համաշխարհային օրուան ձեռնարկը յայտնեց թէ այս տարի այդ մէկը կ՛ուզէ շեշտը դնել գիուղական տնտեսութեան մէջ կիներու կարեւոր դերակատարութեան վրայ։

Հատիկաընդեղէնները ազնիւ սնունդ

«Հատիկաընդեղէնները ազնիւ սնունդ մըն են եւ ունին հսկայական ներուժ `ամբողջ աշխարհի մէջ պարենային անվտանգութեան ամրապնդման համար» գրած է գերապայծառ Կալլակէր իր պատգամին մէջ, մատնանշելով նաեւ՝ թէ« անոնք պարզ ու սննդարար ուտեստեղէններ են, որոնք կը յաղթահարեն աշխարհագրական խոչընդոտները, ընկերային  պատկանելութիւնները և մշակոյթները»:

Մտածել նաեւ յաջորդ սերունդներուն

Ասկէ մեկնելով գերապայծառ Կալլակէր դիտել կու տայ թէ աշխարհին մէջ շատեր են անոնք. որոնց կը պակսի առողջ ու բաւարար սննդեղէն ու անոնց շարքին են նաեւ բազմաթիւ մանուկներ։ Անօթութիւնը կը շարունակէ հարուածել աշխարհի զանազան վայրերը եւ ժամանակակից առողջապահական ճգնաժամը աւելիով սրացուց սոյն հարցը, ուստի հրատապ կը դառնայ հողի մշակումը, առանց սակայն զայն  վնասելու, «որպէսզի բաժնեկցինք անոր պտուղները, մտածելով ոչ միայն մենք մեզի՝ այլ նաեւ մեզմէ վերջ եկող սերունդներուն» ընդգծեց Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղարը։

Գիւղական աշխարհի կիները՝ տիպարներ

Ան ապա մատնանշեց գիւղական եւ բնիկ աշխարհին պատկանող կիներուն, որոնք մեզի շատ բան ունին սորվեցնելիք, թէ ինչպէս ջանքերը եւ անձնազոհութիւնը մեզի թոյլ կու տան միւսին հետ միասին կառուցելու ցանցեր, որոնք կ՛երաշխաւորեն սնունդի հասանելիութիւնը, բարիքներու արդար բաշխումը եւ ամէն մէկ մարդ արարածի կարելիութիւն կու տան իրականացնելու իր ձգտումները։

Պետութիւններու յանձնառումը

Այս ծիրէն ներս Գերապայծառ Կալլակէր մատնանշեց Պետութիւններու դերակատարութեան, խթանելու սննդարար սնունդի ներմուծումը ուր հատիկաընդեղէնները պէտք է մաս կազմեն այդ համակարգին այլ ու լրացուցիչ սննդեղէններուն հետ մասին։

Գերապայծառ Կալլակէր հրաւիրեց ապա հետեւիլ եւ օրինակ առնել գիւղացի կիներէն, արժեւորել անոնց յանձնառումը ու յանձնառումը նաեւ մենք մեզ զգալու մաս մեր հասարակաց տան, ուր պէտք է ամէնքն ալ տեղ գտնեն, առանց բացառումի։

Արմատախիլ ընել անօթութիւնը

«Կերակրենք բոլորը առողջ կերպով, որպէսզի բոլորն ալ ունենան միեւնոյն հնարաւորութիւնները ու կարողանանք կառուցել ներառող եւ արդար աշխարհ մը» նշեց հուսկ Վատիկանի դիւանագէտը,  որ պատգամը աւարտեց հրաւէր ուղղելով «ըլլալու հատիկաընդեղէններու  նման եռանդուն ու դիմացկուն և բոլորս միասին միանալու ՝ մէկընդմիշտ վերջ տալու համար անօթութեան«։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2021, 09:00