«Տէրը Սրտովդ պահէ»  «Տէրը Սրտովդ պահէ»  

«Տէրը Սրտովդ պահէ» Ֆրանչիսկոս Պապին նուէրը՝ քառասնորդացի հոգեւոր կրթութիւններուն առթիւ

Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի մէջ բնակութիւն ունեցող կարդինալները, Վատիկանեան Ժողովներու Ղեկավարները, Հռոմի Քուրիայի Մեծաւորները, կը հրաւիրէ հոգեւոր կրթութիւնը կատարել առանձնաբար ու աղօթքի մէջ ամփոփուիլ կիրակի 21 փետրուարէն սկսեալ մինչեւ ուրբաթ 26 փետրուարը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այս տարի համաճարակի բերումով ստեղծուած առողջապահական արտակարգ իրավիճակին ի տես, Հռոմի Քուրիայի Քառասնորդացի հոգեւոր կրթութիւնը, որ ամէն տարի տեղի կ՛ունենար Արիչչայի Աստուածային Վարդապետի Տուն կեդրոնին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մասնակցութեամբ, Քահանայապետի հրահանգով առկախուած է, ինչպէս հաղորդած  էր անցեալ 20 Յունուարին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը տեղեկացնելով նաեւ որ «Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի մէջ բնակութիւն ունեցող կարդինալները, Վատիկանեան Ժողովներու Ղեկավարները, Հռոմի Քուրիայի Մեծաւորները, կը  հրաւիրէ հոգեւոր կրթութիւնը  կատարել առանձնաբար ու աղօթքի մէջ ամփոփուիլ կիրակի 21 փետրուարէն սկսեալ  մինչեւ ուրբաթ 26 փետրուարը։

Վստահ եմ որ մեզ պիտի օգնէ մեր հոգեւոր կեանքին մէջ

Այս առընչութեամբ Նորին Սրբութիւնը ուզեց՝ վերոնշեալ  հոգեւոր կրթութեան մասնակցող անդամներուն նուիրել «Տէրը Սրտովդ պահէ»  մտածականներու հատորը, անոր կցելով նաեւ գրութիւն մը, որուն մէջ Քահանայապետը դարձեալ ակնարկելով առողջապահական ճգնաժամի շարունակութեան  կը վերահաստատէ առանձնական հոգեւոր կրթութիւն կատարելու առաջարկը, նշելով թէ ինք Վատիկանէն պիտի միանայ այդ հոգեւոր կրթութեան ու թէ միութիւնը արտայայտելու համար մտածեց վերոնշեալ հատորը նուիրել, որ, կը գրէ Նորին Սրբութիւնը «վստահ եմ, մեզի բոլորիս պիտի օգնէ  մեր հոգեւոր կեանքին մէջ»։

Սրբազան Պապը հակիրճ նամակը կ՛աւարտէ «Միացած աղօթքի մէջ մէկը միւսին համար, եղբայրաբար։ Ֆրանչիսկոս» գրութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/02/2021, 12:47